Արտեոմ Երկանեան 100Lives-ին կը գրէ.
Յայտնի գրող Քրիս Պոհճալեան հրաժարած է իր համաշխարհային Best Seller դարձած «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպին շարունակութիւնը գրելու գաղափարէն: Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած այս ստեղծագործութիւնը ըրած է իր գործը: Այժմ հեղինակը կը փափաքի գրել ոչ թէ հայերու ողբերգութեան, այլ անոնց վերածնունդի մասին:
Վերմոնտ բնակող Քրիս Պոհճալեանն Ամերիկայի ամենաընթերցուող գրողներէն է, եւ, թերեւս, հայկական ծագում ունեցող ժամանակակից արձակագիրներէն ամենահանրաճանաչն է աշխարհի մէջ: Ան հեղինակ է 18 գիրքի, որոնց տասը վաճառքի քանակներով յայտնուած են լաւագոյններուն մէջ: The York Times թերթը անոր վէպերը երեք անգամ հռչակած է ազգային Best seller: Մեր հայրենակիցին ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են 28 լեզուով եւ տպագրուած հինգ ցամաքամասի տասնեակ երկիրներու մէջ: Անոր երեք վէպերու մոթիվներով Հոլիուտի մէջ նկարահանուած են գեղարուեստական շարժանկարներ: Պոհճալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» ինքնակենսագրական վէպը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ամենայաջող գեղարուեստական ստեղծագործութիւններէն է: Այս թեմային նուիրուած գիրքերուն շարքին վէպը իր տպագրաքանակով եւ վերահրատարակման քանակներով կը զիջի հաւանաբար միայն «Մուսայ լերան քառասուն օրերը» գիրքին: Library Journal եւ Kirkus Reviews թեմատիկ շաբաթաթերթերը Քրիս Պոհճալեանի վէպը ճանչցած են տարուան լաւագոյն գիրք: Այնպիսի հեղինակաւոր թերթեր, ինչպէս՝ Washington Post-ն ու USA Today-ը, կը յորդորէին կարդալ այս ստեղծագործութիւնը: Այժմ ամերիկացի բեմադրիչ Էրիկ Նազարեան «Աւազէ ամրոցի աղջիկներ» գիրքին մոթիվներով կը նկարահանէ մեծ շարժանկար։
Հաշուի առնելով «Աւազէ ամրոցի աղջիկներ»-ուն ցնցող յաջողութիւնը` բազմաթիւ գործընկերներ ու հայրենակիցներ կոչ կ՝ուղղէին Քրիս Պոհճալեանին ձեռնամուխ ըլլալու վէպի երկրորդ մասի ստեղծման: Սկիզբը Քրիսը լրջութեամբ կը մտածէր անոր շուրջ: Ան արդէն կը տեսնէր շարունակութեան սիւժէն: Գիրքը պէտք է պատմէր, թէ ինչպէս ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքը երջանկութիւն կ՝որոնէ Ամերիկայի մէջ:
«Եթէ ես ձեռնամուխ ըլլայի «Աւազէ ամրոցի աղջիկներ» վէպի շարունակութեան ստեղծման, անոր առեւտրական յաջողութիւնը երաշխաւորուած պիտի ըլլար: Բայց որոշեցի, որ ազգիս շատ աւելի մեծ օգուտ կը բերեմ, եթէ հայկական թեմայով իմ յաջորդ գիրքը ընթերցողի մօտ ոչ թէ կարեկցանք յառաջացնէ հայերուն հանդէպ, այլ ուրախութեան զգացում»,- նշած է Քրիս Պոհճալեան:
Վերջերս ան աւարտած է աշխատանքը նոր վէպին վրայ, որուն հերոսուհին` հայուհի Նուարդը, կոչուած է դառնալ վերածնուող Հայաստանի խորհրդանիշը: Փոքրիկ գիւմրեցի աղջիկը, որ 1988թ-ի երկրաշարժի ժամանակ կորսնցուցած է հարազատները, տարիներու ընթացքին կեանքի կը վերադառնայ։ Անոր ճակատագիրը առիթ է ցոյց տալ ոչ այնքան այն դժբախտութիւնները, որոնց մէջ Հայաստանը յայտնուած է աղէտի ու Ատրպէյճանի հակակրանքի հետեւանքով, որքան անյաջողութիւնները յաղթահարելու հայերու ունակութիւնը:
«Ես առաւելութիւն ունիմ` ես յայտնի եմ: Մարդիկ խանութներու մէջ կը փնտռեն իմ գիրքերը: Որոշեցի, որ պարտաւոր եմ օգտուիլ այս առաւելութենէն, որպէսզի ընթերցողի մօտ ճիշդ պատկերացում ստեղծեմ իմ նախնիներու հայրենիքին մասին»,- ըսած է Քրիսը:
Անոր համոզմունքով` իւրաքանչիւր յայտնի հայ մարդ պարտաւոր է նոյնը ընելու: Քրիս Պոհճալեանը միշտ ինքզինք հայ կ՝անուանէ եւ ոչ թէ ամերիկահայ, ինչպէս սովորաբար ընդունուած է ըսել: Կեսարիա ծնած հայերու յետնորդ ըլլալով հանդերձ` ան միաժամանակ բարձր կը գնահատէ նաեւ մօրմէն ժառանգած իր շուէտի արիւնը: «Մայրս հայ չէ: Բայց ամէն ինչ ըրած է, որ ես իսկական հայ մեծնամ,- կը յիշէ Քրիսը,- Իմ մանուկ հասակիս ան ինծի համար Հայաստանի պատմութեան գիրքեր կը կարդար, կը հայթայթէր Ուիլեամ Սարոյեանի ու Մայքլ Արլենի պատմուածքները: Իր հետ իսկ կը կիսէի տպաւորութիւններս, երբ առաջին անգամ կարդացի մեծ Ֆրանց Վերֆելի վէպը: Մայրս կը կարծէր, որ հայ ըլլալը պատիւ է»:
Ստեղծագործելու տենչը Քրիս Պոհճալեանը ժառանգած է նախնիներէն: Բոլորովին վերջերս ան իմացած է, որ իր մեծ հայրը` Նազարէթ Պետրոս Պոհճալեանը, նոյնպէս ստեղծագործած է: Նազարէթը բանաստեղծ ու երաժիշտ էր: «Ընկերներս օգնեցին ինծի պրպտելու թրքական արխիւները,- կը պատմէ գրողը,- զարմանքով իմացայ, որ XIX դարու վերջը մեծ հայրս Օսմանեան կայսրութեան մէջ այնպիսի ժողովրդականութիւն կը վայելէր, որ այժմ Ամերիկայի մէջ ունին հաւանաբար միայն յայտնի ռոք երաժիշտները: Ան ելոյթներ կ՝ունենար Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ: Զինք կը հրաւիրէին անգամ Կոստանդնուպոլիս եւ Երուսաղէմ` սեփական երգերը կատարելու: Կրնամ միայն պատկերացնել, թէ ինչպիսի ասպարէզ պիտի ունենար, եթէ չըլլար ցեղասպանութիւնը…»:
Պոհճալեանը շրջած է Արեւմտեան Հայաստան` բոլոր ուղղութիւններով: Այնտեղ անոր նախնիներուն տունն է: Ընկերները կոչ կ՝ուղղեն իրեն դատի տալու թրքական կառավարութիւնը` անոր մեծ հօր կառուցած քարէ տան եւ անոր ընտանիքին պատկանող հողատարածքներու նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքներու վերականգմնամ համար: Սակայն հայրենիքը անոր համար բնաւ առանձնատունն ու ունեցուածքը չէ, որ պատկանած են իր նախնիներուն: Պոհճալեանի համար հայրենիքը Հայաստան երկիրն է: Դուդանի ձորն է, ուր 1915թ-ին կը նետէին հարիւրաւոր սպաննուած հայերու դիերը, քիւրտերով բնակեցուած Չունկուշ գիւղն է, ուր կը բնակի վերջին հայուհին` 102-ամեայ Ասեա մամիկը, Պիթլիսն ու Վանն են, Սարդարապատն ու Ծիծեռնակաբերդն են, Էջմիածինն ու Երեւանն են:
«Ես առանց Հայաստանի երկար չեմ դիմանար,- կ՝ըսէ Քրիսը,- ժամանակ առ ժամանակ անհրաժեշտ կ՝ըլլայ նախնիներուս հայրենիք երթալ, որ լիցքաւորուին իմ հոգեւոր մարտկոցները»:
Այդ մարտկոցներուն արձակած ուժը ջերմութիւն կը պարգեւէ Քրիս Պոհճալեանի վառ տաղանդի միլիոնաւոր երկրպագուներուն: