ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Այսօր, 21 Մարտ 2014, չարաբաստիկ օր մը, եւ տառապանքի շարունակական օրեր ու տարիներ քեսապահայ ընտանիքներուն համար:
Ու գաղթականի խաչմերուկներուն վրայ ես ընտրեցի այն ճամբան, որ զիս Հայրենիք բերաւ՝ գիտնալով հանդերձ, որ հայրենիքս միշտ եղած է, է ու պիտի մնայ նոյն թշնամիին գլխաւոր թիրախը: Ու այնտեղ սպասելի աղէտը աւելի, բազմապատի՛կ աւելի մեծ պիտի ըլլայ, քան ինչ որ եղաւ 21 Մարտ 2014-ին իմ Քեսապիս համար: Բայց եկայ, որովհետեւ կը հաւատայի, կը հաւատամ ու ոչ ոք կրնայ խլել այդ հաւատքը ինձմէ, որ մենք պարտաւոր ենք այս հողին վրայ մնալ, մեր պետութեան կողքին ըլլալ, կողք կողքի ըլլալ ու ազգովին՝ փրկութեան ճանապարհ գտնել Հայրենիքը ու Ազգը պահելու համար:
Ու ահա՛, մեր ժողովուրդին հասած նոր աղէտին մէջ ենք, Արցախը բզքտուած, Հայաստանի սահմանները ծայրաստիճան վտանգուած, տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ ու տեղահանուածներ, պարպուած բնակավայրեր եւ …
Բայց ցաւերուն ամենէն մեծը ոչ թէ մեր հերթական պարտութիւնն է, այլ՝ ատոր հետեւանքով մեր ներքին կեանքին մէջ ստեղծուած փոթորիկին պատճառած աւերը, մեր հաւաքական կամքն ու աշխատանքը միասնական ու համերաշխ դարձնելու անկարողութիւնը: Երեւի ամեն պարտութենէ ետք ամեն տեղ այսպէս կ՛ըլլայ, կը բզքուի միասնականութիւնը, կը խաթարուի միութիւնը, իսպառ կը չքանայ համերաշխութիւնը: Մեր հոգեւոր ու քաղաքական գերատեսչութիւնները, մեր ոյժերը չկրցան այս աւերին ու փոշեթաթախ մթնոլորտին մէջ զիրար գտնել, իրարմով զօրանալ ու վերստին ոտքի կանգնելու յոյս ներշնչել: Միասնականութեան, համերաշխութեան եւ իրարու զօրավիգ կանգնելու բոլոր հին ու նոր կոչերը անլսելի դարձան, անիմաստ դարձան ու նոյիսկ թշնամական՝ այս կամ այն կողմին համար, որովհետեւ տեղ մը հասանք՝ ուր ի՛նչ ալ ընես ու խօսիս՝ թշնամի ես մէկ կողմին ու կողմնակից՝միւսին համար: Մեր իրարու դէմ ըրած ամբաստանութիւնները իմացականութեան սահմաններէն անդին անցան, մեր սպառնալիքները՝ ոխերիմ, իսկ մեր լեզուն մենք աղտոտեցինք անլուր բառերով: Բոլորս ալ մեր ստեղծած ճահիճին մէջ յայտնուեցանք:
Բայց ժողովուրդը լռեց: Լռեց այն ժողովուրդը, որ վերջին պատերազմին մենք տեսանք, թէ ինչ նուիրումով եղաւ Հայրենիքի կողքին, Պետութեան կողքին, Բանակի կողքին, Ինք ի՛ր կողքին եւ տուաւ իր ամենաթանկագինը…
Ժողովուրդը լռեց: Ու հաւատացէ՛ք, որքան պէտք էր այդ լռութիւնը, որ կիրքերը իջնեն, որ օդը մաքրուի, որ մենք իրար տեսնենք մեր ընդհանուր ցաւին ու կորուստներուն մէջ ու կրկին, լռութեամբ, թողունք որ ամեն մարդ իր գործը ընէ միասնականութեան եւ համերաշխութեան հրամայականով:
Կը սպասենք: Կը սպասենք լռութեամբ: