http://www.arevelk.am-Քուէյթահայ ազգային բարերար եւ գործարար Կիրակոս Գույումճեան «Արեւելք»ի խնդրանքով իր վկայութիւնը տուաւ օրերս մահացած յայտնի գրող ՝ Թորոս Թորանեանին մասին։
-Ի՞նչ միտքեր ունեցաք երբ լսեցիք Թորոս Թորանեանի մահուան մասին:
Անշուշտ ցնցող լուր էր, շատ նեղացայ եւ տխրեցայ Տօքթ. Թորոս Թորանեանի մահուան առթիւ: Ան մեր 90 եւ աւելի տարիք ունեցող հանրագիտարան-գրողն էր, որ սերունդներ հասցուցած էր իր հովանիին ներքեւ, հարիւրաւոր գիրքեր տպած է եւ շատ օգտակար անձնաւորութիւն եղած է հայ գիր-գրականութեան ասպարէզին մէջ։ Ի վերջոյ հայ գրականութիւնը մեծ կորուստ մը ունեցաւ Տօքթ. Թորոսի մահուամբ, որ իր հոգիին եւ ուղեղին մէջ կը պահէր հայոց պատմութեան, եւ գրականութեան հերոսներուն մասին արժէքաւոր դրուագներ: Իսկապէս մեծ կորուստ է Տօքթ. Թորոսին մահը:
-Ձեզի համար ո՞վ էր Թորոս Թորանեան, ի՞նչ կը ներկայացնէր ան:
Տօքթ. Թորոս Թորանեանը ինծի համար նախ եւ առաջ «ամմօ» էր, որովհետեւ մենք համաքաղաքացիներ ենք։ Երկուքս ալ Ճիպինցի ենք, երկուքս ալ Հալէպի Աշրաֆիէ թաղէն ենք եւ նաեւ ազգական ենք, խնամիութիւն ալ կայ մեր մէջ, այնպէս որ, ինծի համար կարեւոր անձնաւորութիւն էր հանգուցեալ Տօքթ. Թորանեանը ե՛ւ որպէս մարդ, ե՛ւ որպէս ազգական, բարեկամ: Անշուշտ խօսքերն աւելորդ են, թէ որքան արժէքաւոր մարդ էր ան հայ գիր-գրականութեան համար, ան իր հեղինակաւոր ներկայութիւնը ունէր նաեւ ազգային հարցերուն մէջ, մանաւանդ գիր-գրականութեան ասպարէզին մէջ: Շատ կը յարգէի եւ կը սիրէի զինք եւ անշուշտ միշտ կը քաջալերէի իր գործերը. Ան որեւէ մէկ հատոր որ կը հրատարակէր, անպայման օրինակ մը ինծի կը պահէր, եւ երբ որ հանդիպէինք՝ Հալէպի, Պէյրութ կամ Երեւանի մէջ, կ’ըսէր քու օրինակդ պատրաստած եմ, նաեւ եղբօրս Յակոբին համար ալ օրինակ մը կու տար եւ կը մակագրէր, եւ այդպիսով նաեւ յարգած կ՚ըլլար մեզ։
-Քանի՞ տարուայ ծանօթութիւն ունեցած էք իր հետ եւ ամենաշատը ձեզի իր ո՞ր յատկանիշը տպաւորած է:
Ես Տօքթ. Թորոսին ճանչցած եմ շատ տարիներ առաջ, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, մենք ազգակիցներ ենք, Ճիպինէն մինչեւ Հալէպ հասած ազգականութիւն ունինք, սակայն Տոքթորին հետ աւելի մօտէն ծանօթացայ եւ ճանչցայ զինք իմ գրել սկսելէս վերջ։ Երբ յօդուած կը գրէի, միշտ իր կարծիքը կ’առնէի, ինքն ալ կը ժպտար եւ կ’ըսէր,- ինչպէս կրնայ ըլլալ որ դուն բան մը գրես եւ լաւ չըլլայ, -այդպիսով զիս «կը շփացնէր» եւ ես ալ կ’ուրախանայի իր այդ խօսքերով, որովհետեւ իր նման անձնաւորութեան մը խօսքը եւ կարծիքը իմ մասիս կարեւոր արժէք ունի եւ որեւէ պարզ ընթերցողի գնահատանքի եւ կարծիքի չի նմանիր: Վերջին 20 տարիներուն ոչ մէկ անգամ պատահած է, որ այցելեմ իր գտնուած երկիրը եւ իրեն չհանդիպիմ։ Հազիւ Քուէյթէն կու գայի անմիջապէս զինք կը գտնէյի եւ անպայման միասին կ’երթայինք «կատահ մը» խմելու, շատ մեծ հաճոյք կ’առնէի իր ներկայութենէն, քանի որ ինքը «քալող հանրագիտարան» էր, իր գիտելիքը հայ գրականութեան, հայութեան մասին, իր պերճախօսութիւնը, անսպառ նիւթերու շարունակականութիւնը Աւստրալիայէն մինչեւ Չինաստան, Ֆինլանտա, Պանքոք, զանազան քաղաքներ ուր ինք եղած էր, իր յիշատակները կը պատմէր, իր տեսած տեղերու եւ հանդիպած անձերու ճշգրիտ անուններով եւ թուականներով։ Շատ հզօր յիշողութիւն ունէր, կը յիշէր ամէնինչ, մարդիկ, ու գործիչներ որոնց հանդիպած էր, դէպքեր ու առիթներ ու այդ դէպքերուն մէջէն կը պատմէր անցեալն ու կը հասնէր մինչեւ մեր օրերը։ Տոքթորը գաղափարներու շտեմարան էր։
Ի վերջոյ ան ինծի համար մեծ նշանակութիւն ունեցող անձնաւորութին մըն էր, որուն թողած բացը ոչ ոք պիտի կրնայ լեցնել:
-Թորոս Թորանեանին համար ամենամեծ օրակարգը, ամենամեծ հաւատամքը եւ յոյսը Հայաստանն էր: Ինչո՞ւ այս մարդը այդքան կապուած էր Հայաստանին, ինչո՞ւ այդքան կը սիրէր Հայաստանը: Ի՞նչ կ’ըսէք այդ մասին:
Այո՛, ինք արտակարգ հայասէր եւ ազգասէր ըլլալէն բացի նաեւ չափազանց Հայաստանասէր էր, շատ կը սիրէր Հայաստանը, միշտ կը պատմէր իր ուսանողական տարիներուն մասին, 1920-ականներուն, երբ դեռ 22-23 տարեկանին Հայաստանէն վկայական ստացած էր որպէս բժիշկ, կը յիշէր իր հանդիպումները մեր բոլոր մեծ գրողներուն՝ Կապուտիկեանի, Շիրազի եւ այլոց հետ եւ հաճելի մանրավէպէր կը ներկայացնէր այդ հանդիպումներուն մասին։ Տոքթորին Հայաստան ապրած եւ աշխատած տարիներուն մասին գրած պատմութիւնները եթէ զտնէք, պիտի տեսնէք, որ անոնցմէ միայն հայրենասիրութիւն եւ Հայաստանասիրութիւն կը բխի։ Ան շատ թունդ ազգասէր էր, տակաւին իր գաղափարախօսութիւնն ալ այդ օրուայ տիրող իշխանութիւններուն գաղափարախօսութիւնն էր, ան կը հաւատար համայնավարութեան, այդ գաղափարին ծառայող անձնաւորութիւն էր, որուն համար ալ բաւական դժուարութիւններ ունեցաւ, սակայն իր հաւատքէն եւ գաղափարախօսութենէն չհրաժարեցաւ։
Ան մնաց իր հաւատամքին վրայ, պահպանելով իր անկեղծ եւ իսկական յարաբերութիւնը Հայաստանին հետ, եւ այդ մէկը իրագործեց իր տիկնոջ հետ միասին, որ որ իր նման հայրենասէր եւ ազգասէր էր, Հայաստանը միշտ գնահատող եւ միշտ սիրող անձնաւորութիւն մը:
-Եթէ խօսինք սփիւռքի մեր կորուստներուն մասին, ապա պիտի կռահենք որ մեկնողներուն տեղ քիչ են նոր եկողները՝ Թորոս Թորոնեան անոնցմէ է. Իր բացակայութիւնը պիտի զգա՞նք մեր հաւաքական կեանքին մէջ:
Շատ ճիշդ ըսիք, մեկնողներուն տեղ քիչ են նոր եկողները եւ այս նկարագրութիւնը մասնաւորաբար Տօքթ. Թորանեանին կը յարմարի, որովհետեւ այդ մարդը հանրագիտարան էր, բառարան էր, յիշողութիւններու, պատմութիւններու շտեմարան էր, հայ գրականութեան հետ սերտ կապ ունեցող տիտաններէն էր եւ իրեն պէս շատ քիչ կայ, երանի թէ սխալած ըլլամ եւ իրեն նմաններ շատ ըլլան, որ մեր շղթան չկտրուի եւ շարունակուի: Տոքթորը այդ հազուագիւտներէն էր եւ իրեն փոխարինող շատ դժուար որ գտնուի…։
-Վերջին խօսք ի՞նչ ունիք ըսելիք գրող Թորոս Թորանեանի ազգականներուն, շրջանակին, բարեկամներու մեծ եւ տարածուած ցանցին, ի՞նչ կ’ուզէք ըսել:
Թորոս Թորանեանի մահը նախ կորուստ է մեր բոլորին համար, առաջին հերթին՝ ընտանիքին, իր զաւակներուն, թոռնիկներուն, ծոռերուն, որոնցմով միշտ կ’ուրախանար, մասնաւորաբար Տիկ. Անիին, որ նոյնպէս իմ բարեկամուհիս է: Իմ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ ընտանիքին, ընտանեկան պարագաներուն եւ իր մօտ բարեկամներուն, եւ ամենակարեւորը, իմ ցաւակցութիւնս՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ յատկապէս այն գրողներուն, որ իրեն տարեկից են, որոնք եւս վստահ եմ որ տօքթ. Թորոսին բացակայութիւնը եւ անփոխարինելիութիւնը պիտի զգան: Ցաւս մեծ է, որ այլեւս հնարաւորութիւն պիտի չունենամ ըմբոշխնելու իր ներկայութիւնը, լսելու իր խօսքերը։
Իմ 25 տարուան լաւ ազգականս էր, բարեկամս էր, շատոնց իրեն չէի տեսած երբ լսեցի որ հւանդացած է, որոշած էի, որ հազիւ Քուէյթի ճամբան բացուի, առաջինը Հայաստան պիտի երթամ զինք տեսնեմ, սակայն չհասցուցի, եւ ըստ երեւոյթին պիտի երթամ իրեն շիրիմը տեսնեմ… ափսոս, այս է կեանքը, այս է աշխարհի կարգը: Ցաւակցութիւնս նաեւ ճիպինցիներուն, որոնց կաղնիի ծառը ինկաւ, որմով բոլոր ճիպինցիներս հպարտ էինք:
-Եթէ վերջին անգամ զինք տեսնելու բախտը վիճակուէր ձեզի, ի՞նչ պիտի ըսէիք տօքթ. Թորոս Թորանեանին, մեր բոլորին սիրելի Տոքթորին:
Իրեն պիտի ըսեմ, Տոքթոր, Աստուած հետդ, հոսկէ գնայ ուղղակի դրախտ, որովհետեւ դուն շատ ճցնեցար եւ յոգնեցար հայրենիքիդ համար եւ քու ներդրումդ հայրենիքին շատ մեծ է եւ անգնահատելի։
Այնաղօթքները որ դուն պիտի ստանաս հիմա քու մահէդ ետք, անպայման որ քեզի պիտի օգնեն եւ պիտի միջնորդեն, որ Աստուած քեզի յարմար տեղ մը տայ, որովհետեւ իսկապէս անկեղծ էիր թէ՛ ազգիդ համար, թէ՛ ընտանիքիդ համար, թէ՛ բարեկամներուդ համար. հաճելի, արժէքաւոր կեանքով ապրեցար, օգուտ տուիր փոխանակ վնաս տալու, դուն մեծ մարդ էիր, երկար ապրեցար, ուրախ ապրեցար եւ հիմա քեզի պիտի ըսենք՝ Աստուած հետդ, քեզի, անձամբ ե՛ս, շատ պիտի յիշեմ, միեւնոյն ժամանակ քեզի միշտ պիտի յիշեն բոլոր բարեկամներդ:
Տոքթոր, գնայ, ննջէ հանգիստ եւ խաղաղ, որովհետեւ քու գրած հարիւրաւոր օգտակար գիրքերդ եւ ելոյթներդ մարդոց միտքին մէջ պիտի մնան, երբեք պիտի չմոռցուին եւ պիտի անմահանաս: Անհոգ եղի՛ր, երթաս բարի, Աստուած հետդ: