Ոզնի մը կար: Ան շատ կը սիրէր երազել: Գիշերները, ան իր սուր-սուր փուշերու տակէն դուրս կը հանէր պսպղուն քիթիկը ու կը հոտոտէր շուրջը: Լուսնի շողերը այնպէս հրապուրած էին զինք, որ որոշած էր ունենալ մէջքին՝ փուշերու վրայ: Ինչքա՜ն կը չարչարուէր՝ ասեղներու կծիկ դարձած գլորուելով լուսնի շողերու վրայով, բայց լուսնի շողերը փուշերուն չէին փակչեր:
Իսկ ինչպէս ոզնին կ՛երազէր ունենալ այդ լուսեղէն ասեղները: Ան ամէն գիշեր դուրս կուգար իր բոյնէն՝ հաւատալով, որ օր մը իրականութիւն կը դառնայ իր երազանքը: Գիշերները այնքան շատ շրջագայեցաւ ու երազեց, որ իրեն համար սովորական դարձաւ ցերեկային քունը: Ան որոշեր էր, որ միայն լուսնի շողերու վրայով պիտի գլորուի:
Բայց, եկուր տես, որ լուսնի շողերը կ՛իյնային հատապտուղներու վրայ, տերեւներու վրայ, գետին ինկած պտուղներու վրայ: Այս ինչ հրաշք էր: Ոզնին գլորուելով տերեւներու վրայով, հատապտուղներու վրայով, սունկերու վրայով՝ կը հաւաքէր մէջքի սուր-սուր փուշերու վրայ .. Ու յետոյ այս ամէնը իր բոյնը տանելով՝ բարւոք կը ճաշէր: Գիշերները՝ երբեմն-երբեմն ալ ան մուկեր կը բռնէր, ըստ սովորութեան:
Երազներով չեն կշտանար, բայց ոզնին իր երազանքի՝ արծաթէ ասեղներ ունենալու միտքէն չէր հրաժարած: Իր փուշերը՝ նոյնիսկ, տեղ-տեղ արծաթէ երանգ ստացեր էին: Ան ամէն գիշեր իր երազանքը իրականութիւն դարձնելու փափաքէն մղուած կը գլորուէր լուսնի շողերուն ետեւէն՝ պաշար կը հաւաքէր, եւ ինքը կը կշտանար, եւ իր ձագերը կուշտ կը մնային: Ոչ ոք չէր արգիլած անոր երազել:
Իսկ ան կ՛ապրէր իր երազներով …
Հեղինակ՝ գրող, մանկագիր Յասմիկ Աջամեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Կը հրատարակենք թարգմանողին ազնիւ արտօնութեամբ