Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Երաժշտութիւնը բուժիչ է ու մխիթարող, եւ եթէ աւելի մեծ ներկայութիւն ունենար աշխարհի վրայ, չարութիւնները նուազ կ՛ըլլային հոս»

Հարցազրոյց Սէրուժ Գրաճեանի հետ

March 15, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Հարցազրոյցներ
0
«Երաժշտութիւնը բուժիչ է ու մխիթարող, եւ եթէ աւելի մեծ ներկայութիւն ունենար աշխարհի վրայ, չարութիւնները նուազ կ՛ըլլային հոս»

Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով այս օրերուն Լիբանան կը գտնուի լիբանանահայ անուանի դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեանը: Ան հայրենի եւ միջազգային բեմեր նուաճած արուեստագէտ է, բազմիցս նուագակցած է նշանաւոր նուագախումբերու հետ աշխարհի չորս կողմը:

Շաբաթ, 18 մարտ 2023-ին Սէրուժ Գրաճեան ելոյթ պիտի ունենայ Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանի սրահին մէջ: Անոր պիտի ընկերակցին հայրենի արուեստագէտներ` նուագով ու երգեցողութեամբ: Աւելի քան քսան տարի ետք արուեստագէտը վերադառնալով Լիբանան` հաւանաբար շատ բաներ ունէր ըսելիք իր անցած ուղիին եւ տալիք ելոյթին մասին, ուստի «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ` անոր կեանքի փուլերուն, տեսակէտին եւ ելոյթի մանրամասնութիւններուն մօտէն ծանօթանալու համար:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ այս ճանապարհորդութիւնը: Որո՞նք եղան այս ասպարէզին մաս կազմելու ձեր առաջին քաջալերողները: Շատ հաւանաբար ունէիք այլընտարնքներ` ուրիշ ասպարէզներ, սակայն արուեստն ու դաշնամուրը ինչո՞վ կը տարբերէին անոնցմէ:

ՍԷՐՈՒԺ ԳՐԱՃԵԱՆ.- Կարծեմ պատանի տարիքիս մեծագոյն փափաքս ֆութպոլիստ դառնալ էր: Սակայն 4 տարեկան էի, երբ ծնողներս առաջին անգամ ըլլալով տունը դաշնամուր բերին, եւ սկսայ փորձեր կատարել անոր վրայ: Այս ասպարէզին մէջ երկրորդ քայլս եղաւ Համազգայինի «Ծնծղայ» երգչախումբին մաս կազմելս` իբրեւ խումբի կրտսերագոյն անդամ: Ճանապարհորդութիւնը այդպէս ալ սկսաւ: Այդ տարիքին դժուար է պատանիի մը համար դաշնամուրին դիմաց նստիլ եւ ժամերով փորձ ընել, բայց ունէի տաղանդը, եւ ընտանիքս տեսաւ այդ մէկը` շնորհիւ այդ դաշնամուրին այլապէս պիտի չգիտնային: Օրերու ընթացքին նաեւ այդ բոլորը դարձան աւելի հետաքրքրական եւ դիւրաւ տանելի:

Ծնողքիս դերակատարութիւնը սակայն այնտեղ կանգ չառաւ: Անոնք մեծ երաժիշտներ չէին, սակայն մեծ ներդրում ունեցան ու համոզեցին զիս` երբեմն սիրաշահելով, երբեմն ալ բռնի ձեւով, մինչեւ որ հասայ այն եզրայանգման ու համոզումին, որ այս նուագարանը իմ կեանքիս մէկ մասը պիտի դառնայ: Հոն այլեւս ետդարձ չկար…

«Ա.».- Երաժշտական կեանքին մէջ որո՞նք եղան ձեր իտէալները: Պատանի Սէրուժը ինչպիսի՞ միջավայրի մը մէջ մեծցաւ (ընտանիք, դպրոց, ընկերային շրջանակ): Անոր ականջը ընդհանրապէս ի՞նչ տեսակի երաժշտութեամբ կը լեցուէր:

Ս. Գ.- Թէեւ ծնողներս երաժիշտներ չէին, բայց եւ այնպէս երգն ու երաժշտութիւնը անոնց կեանքին մէկ բաժինը կազմեցին: Ընտանեկան հաւաքներուն ամէն մարդ իրեն հետ կը բերէր նուագարան մը, զոր հազիւ կրնար նուագել, եւ բոլորս մէկ կը նստէինք, կը նուագէինք ու կ՛երգէինք: Հիմնականը երաժշտութեամբ ապրիլն էր, եւ ես միշտ կը նուագակցէի այդ հաւաքներու ընթացքին:

Իմ ունկնդրած առաջին երաժշտութիւնները հայկական էին: Այդ երաժշտութիւններուն մէջ «լաւ»-ը «վատ»-էն զատորոշելու մղումս տակաւին չէ դադրած, բծախնդիր ու յարգանքով մօտեցում մը ունիմ անոնց հանդէպ: Հայկական երաժշտութիւնը միշտ ալ բարձր պատուանդանի վրայ դրած եմ:

Անոր յաջորդեց դասական երաժշտութիւնը: Հայրս ունէր խտասկաւառակներու գործիք մը, որմէ կը հնչէին դասական երգեր, ու ես կը քնանայի այդ երգերը լսելով: Այդ գործիքէն կը հնչէր երաժշտութիւններ` Լիզթէն, Խաչատուրեանէն, Պեթհովենէն: Այդ բոլորը դարձած էին կեանքիս մէկ մասը:

Շատ լաւ կը յիշեմ, որ Պէյրութի մէջ, քաղաքացիական պատերազմի շրջանին, միակ ատենը, որ առիթը կ՛ունենայինք դասական երաժշտութիւն լսելու, քաղաքական գործիչի մը մահը կ՛ըլլար, երբ սուգի առթիւ դասական երաժշտութիւն կը հնչէր: Անշուշտ չէի սպասեր անպայման քաղաքական գործիչի մը մահուան, բայց մեծ հաճոյքով կը սպասէի այդ աւանդութեան, որուն ընթացքին ամբողջ օրուան մը կամ երկու օրուան տեղւողութեամբ ձայնասփիւռներէն ու հեռատեսիլներէն դասական երաժշտութիւն կը հնչէր` առ ի յարգանք:

Մեծ ներդրում ունեցաւ նաեւ առաջին ուսուցիչս` Պօղոս Ճելալեանը, որ իսկապէս բազմատաղանդ երաժիշտ էր եւ դարձաւ տիպար ու իտէալ մը ինծի համար: Ինք ոչ միայն լաւ դաշնակահար էր, այլ նաեւ` լաւ մշակող ու բազմաժանր երաժիշտ: Ոչ միայն դասական երաժշտութիւն, այլ նաեւ ան շատ լաւ ճազ կը նուագէր, արաբական ու հայկական երաժշտութեան մշակումներ կ՛ընէր: Եւ ինքնաբերաբար, այս ուղին, զոր ընտրած եմ հիմա, «երաժշտութիւն մը առանց սահմաններու», անոր առաջին սերմեր ցանողը ի՛նք եղաւ:

Իմ նուագած առաջին կտորն ալ լիբանանեան պատկերասփիւռի եթերով էր, «Թելէ սենք» ալիքէն, «Ալամ ալ սիղար» ծրագիրէն: Այնտեղ նուագեցի Պրահմսի «Hungarian dance No. 5»-ը: Այդ առաջին մեծ կտորն էր, զոր մեկնաբանեցի, եւ շատ մեծ յաջողութիւն ունեցաւ ու հպարտանալու առիթ դարձաւ լիբանանահայ համայնքին համար, բայց նաեւ` ամբողջ Լիբանանի ժողովուրդին մօտ:

«Ա.».- Ձեր անձնական փորձառութենէն մեկնած` ինչպէ՞ս կարելի է բառերով պարզաբանել երաժշտութեան դերն ու արժէքը մարդկային կեանքին եւ անոր բարգաւաճման մէջ:

Ս. Գ.- Երգը եւ երաժշտութիւնը, եւ անոնց լաւ տեսակը` մանաւանդ, կ՛ազնուացեն մարդու հոգին: Պատահական չէ, որ մարդիկ կ՛ըսեն. «Այն մարդը, որ երգ եւ երաժշտութիւն չի սիրեր, լաւ մարդ չի կրնար ըլլալ»: Սակայն պէտք է զատորոշել նաեւ լաւ երաժշտութիւնը, որակեալ երաժշտութիւնը, նորարար երաժշտութիւնը: Այն երաժշտութիւնը, որ գիտես, թէ այսօր կայ եւ հարիւրաւոր տարիներ ետք նաեւ պիտի ըլլայ. սա այն երաժշտութիւնն է, որ երբ լսես, կը գիտնաս այդ մասին:

Տարիներու ընթացքին այդպէս ալ եղած է: Երբ Պախը, Պեթհովենը կամ Մոցարթը գրած են այդ բոլոր երաժշտութիւնները, հաստատապէս իրենք ալ վստահ չեն եղած, որ 200-250 տարիներ ետք մարդիկ տակաւին պիտի նուագեն այդ երաժշտութիւնները եւ յուզուին անոնցմով: Այս մէկը հրաշքի պէս բան մըն է. անոնք չկան, բայց անոնց գործը կ’ապրի, եւ իրենք իսկ կ՛ապրին մեր մէջ` իրենց ստեղծագործութեամբ:

Նոյնն է նաեւ մեր` հայ երաժիշտներուն պարագան, սկսեալ Կոմիտասէն, մինչեւ Խաչատուրեան ու Բաբաջանեան: Առնելով Կոմիտասը` մեր երգի նահապետը, որպէս օրինակ, ուրկէ՞ պիտի գիտնար Ցեղասպանութեան ամէնէն անտանելի օրերուն, երբ տարագրութեան մէջ էր ու հետագային խելագարեցաւ, որ այսօր տակաւին կը շարունակուի իր երթը. չեմ կարծեր, որ իր միտքէն կ՛անցընէր այդ մէկը: Եւ վստահ եմ, որ ինք կը կարծէր, թէ ինք պիտի մեռնի այս դժուարութիւններէն անցնելէ ետք, եւ իրեն հետ շուտով պիտի մեռնին իր գործերը: Սակայն այդպէս չեղաւ…

Երաժշտութիւնը նաեւ ունի բուժիչ ուժ, ես կը հաւատամ անոր: Երաժշտութիւնը կը բուժէ մարդոց հոգիները: Երանի թէ աշխարհի այս բոլոր հարցերը, պատերազմներն ու ցաւերը ստեղծող մարդիկ աւելի շատ սիրէին երաժշտութիւնը եւ իսկապէս տեսնէին այդ երաժիշտներուն կեանքն ու գործերը, որոնք աստուածային ուժով մը ստեղծուեցան, այդ պարագային այս չարագործութիւնները թիւով շատ աւելի քիչ պիտի ըլլային:

Փաստօրէն ի զուր չէին հնչեցներ այդ դասական երաժշտութիւնները վերը յիշած սուգի օրերուն: Այդ մէկը ունէր իր ազդու դերակատարութիւնը` իր մխիթարող ու բուժիչ իւրայատկութիւնը:

«Ա.».- Օրըստօրէ նիւթեղէն դարձող աշխարհին մէջ երաժշտութեան ու արուեստի ապագան, ձեր կարծիքով, ի՞նչ կարգավիճակ կը պարզէ:

Ս. Գ.- Ես չեմ կրնար բոլոր մարդոց փոխարէն խօսիլ, ոչ ալ կրնամ ըստ այնմ լուծումներ տալ, սակայն կրնամ խօսիլ իմ կարծիքիս ու փիլիսոփայութեան մասին: Կը կարծեմ, թէ նորարարութիւնը շատ մեծ դեր կը խաղայ այս օրերուն: Այդ մէկը կը դրսեւորուի այնպէս, թէ ինչպէ՛ս կրնաս տարբեր ըլլալ ուրիշ երաժիշտներէ եւ հետաքրքրութիւն շարժել անոնց մէջ:

Աշխարհը փոխուած է: Մարդը կրնայ իր տունը մնալ, եւ եթէ ձայնայիններու լաւ համակարգ մը ունի ու youtube-ի հասանելիութիւն, կրնայ երաժշտութիւնը շատ լաւ ձեւով եւ ուզածը լսել: Ուրեմն պէտք է պատճառ տալ, որ այդ մարդը հագուի, ձգէ իր տունը եւ երթայ համերգասրահ, որպէսզի այդ փորձառութիւնը ապրի. շատ կարեւոր է այս մէկը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի նիւթեղէնի պարագային, կը կարծեմ, թէ աշխարհը միշտ ալ նիւթեղէնի ետեւէն գացած է, սակայն այս անգամ ձեւը տարբեր է: Զբաղումի եւ ժամանցի համար 20-25 տարիներ առաջ այս ընկերային հարթակները եւ youtube-ը գոյութիւն չունէին, եւ մարդիկ ինքնաբերաբար ուղղակի կը դիմէին համերգասրահ` երաժշտութիւն ունկնդրելու, որովհետեւ ուրիշ ձեւեր չկային: Այս օրերուն, սակայն, իրավիճակը տարբեր է: Հիմա մրցակցութիւնը շատ աւելի է, եւ այդ մէկը կ՛ըլլայ ոչ միայն համերգներու միջեւ, սրահներու մէջ, այլ նաեւ` հանդիսատեսներ ներգրաւելու գծով: Մարդիկ կը նախընտրեն մնալ տուն եւ youtube-էն դիտել ամէն բան: Արդ, շատ կարեւոր է հետաքրքրութիւն շարժելը, եւ այդ մէկը ընելու համար շատ կարեւոր է նորարութիւնը, այն, ինչ կը մատուցես հանդիսատեսին, որ գայ հոն ծիծաղի եւ լայ, տխրի եւ ուրախանայ, մոռնայ իր կեանքը այդ երկու ժամուան ընթացքին:

«Ա.».- Ի՞նչ չափանիշներով կ՛արժեւորես երաժշտական գործ մը: Նախքան երաժշտութիւն մը ընտրելդ` ինչպէ՞ս «սրտիդ կը խօսի»:

Ս. Գ.- Կարծեմ շատ ձեւեր ու չափանիշներ կան ինծի համար, որ կ՛որոշեն այդ բոլորը: Նախ մակարդակն է, որ կը զգաս, երկրորդը ճաշակը, բարձրաճաշակ ըլլալը, իսկ երրորդը, նորարարութիւնն է, քայլ պահելը նորութիւններու հետ: Ես մաքրախնդիր չեմ (purist), բայց նաեւ չեմ հաւատար, որ կարելի է լաւ երաժշտութիւն մը առնել, կտոր-կտոր ընել եւ աղաւաղել: Երբե՛ք: Սակայն նորարարութեան կը հաւատամ, եւ այդ մէկը եթէ լաւ ձեւով կատարուի, մենք կը լսենք այդ երգը աւելի քան մէկ, երկու եւ երեք անգամ, կ՛անդրադառնանք, որ բարձրաճաշակ գործ մըն է, որուն ականջ կը դնենք: Ա՛յս է ինծի համար չափանիշը` կապուածութիւնը: Միշտ կը վերադառնանք այդ կտորին նոյնիսկ ժամեր անց եւ կը լսենք մեկնաբանութիւնը, որ մեր մտքին մէջ բան մը կ՛արթնցնէ եւ հոգիին մէջ բան մը կը շարժէ, որովհետեւ կտոր մը զանազան երաժիշտներու կողմէ կը նուագուի, բայց նոյն արդիւնքը մէջտեղ չի գար:

Անշուշտ այս ամբողջը անձնական կարծիք է եւ անհատէն կախում ունի: Ամէն մարդ տարբեր ճաշակ ունի: Կան շատ մը մաքրախնդիրներ, որոնք կ՛ուզեն, որ այդ մեծ երաժիշտներու գործերը անձեռնմխելի մնան, բայց ես միշտ համաձայն չեմ անոր, սակայն կը յարգեմ:

«Ա.».- Այս եւ այն երկիրներու միջազգային բեմերը նուաճելու ձեւերը արդեօ՞ք գաղտնիք են, կ՛ուզե՞ս կիսուիլ անոնցմէ բաժինով մը մեր ընթերցողներուն հետ:

Ս. Գ.- Վերջին տարիներուն այդ մէկն ալ փոխուեցաւ: Ես կը կարծեմ, թէ արուեստագէտը ի՛նք պէտք է ստեղծէ իր ուղին եւ բանայ ճամբան դէպի միջազգային բեմեր: Այդ կրնայ ըլլալ գործով, աշխատասիրութեամբ, նորարարութեամբ, տարբերելով ուրիշներէ եւ յաջողելու յամառութիւնը ունենալով: Բնաւ դիւրին ճամբայ չէ այս մէկը, որովհետեւ մարդիկ սկիզբը կրնան քեզ սիրել, սիրել քանի մը տարի եւս ու յանկարծ, կամաց-կամաց պաղիլ: Այս պատճառով պէտք է միշտ նորը ստեղծել, յաղթանակներու քով կանգ պէտք չէ առնել ու հանգստանալ: Մարդիկ կը ձանձրանան կրկնութենէ, ուստի միշտ պէտք է նորը արտադրել եւ դժուար է այդ մէկը ու ճնշիչ, որովհետեւ ո՛չ միայն նորը, այլ բարձրորակ նորը պէտք է արտադրել: Փշոտ ճամբայ է, բայց եթէ ընտրած ես զայն,  զիջումներ պէտք է ունենաս եւ շարունակես:

«Ա.».- Երկար տարիներու բացակայութենէ ետք կրկին Լիբանան կը գտնուիս, հաւանաբար վերջին շրջանին շատ բան փոխուած է հոս` երկիրը ցնցած տարբեր տագնապներու պատճառով: Ի՞նչ կ՛ըսէ Լիբանանը եւ լիբանանահայ գաղութը քեզի: Ի՞նչ են ապրումներդ, երբ այս օրերուս կրկին անոր պիտի հրամցնես քու արուեստդ ու տաղանդդ:

Ս. Գ.- Ծննդավայր վերադառնալը տարբեր զգացում է: Կը կարծեմ, թէ մեծ ոգեւորութիւն մը կայ համերգին նկատմամբ, եւ հիւրընկալութիւնը, զոր կը տեսնեմ ժողովուրդին եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին կողմէ, ինծի շատ բան կ՛ըսէ եւ զիս կը յուզէ:

Գաղութը աւելի նօսրացած է, բայց երաժշտական ճաշակը տակաւին կայ: Այստեղ հայեցիութեան պահպանութիւնը կրկին բարձր մակարդակի վրայ է եւ, որքան կը յիշեմ, մանկութենէս այսպէս էր, ինչ որ զիս շատ կ՛ուրախացնէ: Հաւատք ունիմ, որ գաղութը միշտ լաւագոյնը պիտի ներկայացնէ` բարձր մակարդակով իր ամենադժուար շրջանին մէջ իսկ: Ինչպէս միշտ ըսուած է, որ սփիւռքի ողնայարը լիբանանահայ գաղութն է, նոյնիսկ այս դժուարութիւններուն մէջ ես կարծիքս չեմ փոխած:

Previous Post

New Russian law would strip acquired citizenship for discrediting Ukraine operation

Next Post

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.