Շաքէ Մանկասարեան
Եգիպտոսի ու հայ համայնքի բարի ու զուարթախոհ տիտանը՝ պետական ու ազգային գործունէութիւն ծաւալած ու վայելած Բժիշկ Գէորգ Մազլումեան ծնած է 6 Յունուար 1930-ին, Գահիրէ: Անոր ծնողքը գաղթած է Հալէպէն: 1911-ին, Մազլումեաններու կողմէ կառուցուած Հալէպի նշանաւոր «Պարոն» Հիւրանոցի (Hotel Baron)-ի սեփականատիրոջ Արմէն Մազլումեանի մեծ հայրը՝ Գրիգորը եւ Գէորգ Մազլումեանի հօր՝ Գեղամի մեծ հայրը զարմիկներ են: Մազլումեանները արմատներով Խարբերդի եւ Արաբկիրի միջեւ գտնուող Անջրդի գիւղէն են:
Բժիշկ Գէորգ Մազլումեան ունեցած է երկու քոյր եւ երկու եղբայր: Քոյրերը՝ Մէրի Տողրամաճեան Մազլումեան եւ Մարկօ Մանիկեան Մազլումեան ու եղբայրը՝ Փիեռ Մազլումեան հաստատուած են Գանատա, իսկ Յակոբ Մազլումեան եղբայրը մահացած է Գահիրէ:
Բժիշկ Գէորգ Մազլումեան աւարտած է Եգիպտոսի պետական բժշկական համալսարանը, եւ որպէս մասնագէտ Neuropsychiatrist Նեարդահոգեբոյժ, 1960-ականներուն, ան տարբեր առիթներով Եգիպտոսի պետական մարմիններու խորհրդատւութեամբ մեկնած է Մ. Նահանգներ եւ մասնագիտանալէ ետք՝ ինքնուրոյն դեր ունեցած է Եգիպտոսի «Թմրամիջոցներու դէմ պայքարի եւ բուժման» պետական գրասենեակին մէջ՝ զինք նշանակելով եգիպտական բանտերու խորհրդատու:
Եգիպտոսի հայ համայնքի մեծամասնութեան սէրն ու յարգանքը վայելող Բժիշկ Գէորգ Մազլումեան աւելի քան 60 տարի աշխատած է իր բժշկական ասպարէզին մէջ, որուն 45 տարիները եղած են եգիպտոսի պետական առողջապահական հաստատութիւններէն ներս:
Բժշկութեան կոչումին հաստատ մնալով, ան երբեք չէ զլացած հասնելու ու խնամելու հիւանդները` նոյնիսկ անտեսելով իր հանգիստի ժամերը: Բժշկութիւնը իրեն համար առաքելութիւն ու նուիրում էր, ինչպէս կը վկայեն եգիպտահայերը՝ «Ան միշտ պատրաստ եղած է գտնելու միջոցներ եւ նոյնիսկ իր կարելիութեան սահմաններուն օգնութեան ձեռք մեկնած բոլորին»: «Ան Եգիպտոսի հայ համայնքի ամենաերէցին ու ամենակրտսերին գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը վայելած է» : «Ան պատրաստակամ էր ու նախանձախնդրօրէն իր առաւելագոյնը կու տար»: «Ան հիւրասէր էր եւ ընտանի էր խոհանոցի գաղտնիքներուն եւ երբեմն ալ որպէս վարչական եւ վարչութեան ատենապետ անձնապէս կը պատրաստէր համադամ ուտեստները տանը թէ ակումբին մէջ»:
Բժշկական ու մասնագիտական ասպարէզի կողքին, Բժիշկ Գէորգ Մազլումեան երկար տարիներ աշխատած է եւ ծառայած «Յուսաբեր Մշակութային Ընկերակցութեան», Հ.Մ.Ը.Մ. Արարատի վարչութիւններէն ներս, ինչպէս նաեւ` եղած է թեմական եւ քաղաքական երկարատեւ ժողովներու անդամ:
Բժիշկ Գէորգ Մազլումեանի կնոջ Զարուհի Յովհաննէսեան-Մազլումեանի հայրը եղած է ՀՅԴ Կ.Կ. ղեկավար եւ «Յուսաբեր մշակութային ընկերակցութեան» հիմնադիրներէն:
Նշենք, որ Բժիշկ Գէորգ Մազլումեան հայրն է բոլորիդ ծանօթ Եգիպտոսի Հայ Դատի մարմնի ատենապետ՝ բժիշկ Արմէն Մազլումեանին, որուն հետ հեռաձայնային մեր կապին շնորհիւ իմացանք, որ իր հայրը՝ բժիշկ Գէորգ Մազլումեան երկար ժամանակ հանրային կեանքէն քաշուած էր իր առողջութեան պատճառով եւ 26 Յունուար 2021-ին, Գահիրէի իր տան մէջ հոգին աւանդած կարճատեւ հիւանդութենէ ետք:
Եգիպտոսի հայ համայնքի հանրայայտ նուիրեալ հայուն՝ ողբացեալ Բժիշկ Գէորգ Մազլումեանի յիշատակը յարգելով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Բժիշկ Արմէն Մազլումեանին եւ իր մօր տիկին Զարուհի Յովհաննէսեան- Մազլումեանին, համայն Մազլումեաններուն ( Գահիրէ,Գանատա), հարազատներուն (Անգլիա եւ այլուր) ու բոլոր բարեկամներուն, վարչական մարմիններուն եւ ազգային մարմիններուն ու հոգեւոր այրերուն:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի եւ վաստակն ապրողաց օրհնեալ եղիցի:
Շաքէ Մանկասարեան
Ռատիօ ԱՅԳ առցանց կայանի հիմնադիր-տնօրէն
E-mail: [email protected]
31 Յունուար 2021