ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ ( ՀԱԼԷՊ)
Իւրաքանչիւր ամսուան սկիզբը, բացառիկ կարգապահութեամբ եւ հետեւողականօրէն, Իրանի Թաւրիզ քաղաքէն իմ հասցէին կ՛առաքուի սիրուն ամսագիր մը.«Արտազ»:
Խոստովանիմ, որ մեծ հաճոյքով կը թերթատեմ զայն ու կ՛ընթերցեմ գրեթէ ծայրէ-ծայր: Ման կու գամ անոր էջերուն մէջ ու զօրաւոր կերպով կը զգամ պատմութեան շունչը, որ կը փչէ Պարսկահայքէն ու Ատրպատականի երբեմնի հայաբնակ գաւառներէն…: Բայց ես հոն կը տեսնեմ միաժամանակ այսօրուա՛ն Թաւրիզը, իր հայկական փոքրաթիւ գաղութով եւ այդ գաղութին ազգային, եկեղեցական, կրթական ու ընկերային կեանքով: Այս թերթը հայելին է իր գաղութին, կատարելապէս:
«Արտազ» միշտ ու միշտ նորութիւններ ունի: Խմբագիրը՝ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան, այնքան աշխոյժ գործունէութիւն մը կը ծաւալէ այնտեղ՝ ի Թաւրիզ, իր այդ «աքսորավայր-»ին մէջ, որ մարդ արմանքէ զարմանք կ՛երթայ ու չի կրնար «Պռաւօ՜» չգոչել:
Ամսագրին վերջին՝ Յունիս 2022-ի թիւին մէջ եւս նորութիւններ չէին պակսեր: Տեղ մը՝ Ուրմիոյ մօտերը գիւղական եկեղեցւոյ մը 200-ամեակի նշում, այլ տեղ մը՝ Սրբազանին նորատիպ կոթողային մէկ հատորին փառաւոր շնորհանդէսը (լեփ-լեցուն սրահի մէջ, գեղարուեստական յայտագրով ու բանաւոր խօսքի սքանչելի շարքով մը) ու այլ տեղ մըն ալ՝ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՄԸ ԲԱՑՈՒՄԸ:
Հոս, կանգ կ՛առնեմ այս երեւոյթին վրայ:
Սփիւռքեան մեր գրեթէ բոլոր ակումբներն ու դպրոցները ունին իրենց գրադարանները: Բայց գաղտնիք չէ, որ այդ գրադարանները յաճախ լքուած են, գործածական չեն: Գիրքերը կը ննջեն ապակեդարաններու ետին…: Մատներ չեն հպիր անոնց, ափսո՜ս…:
Թաւրիզի մէջ, ահաւասիկ, Ազգ. Առաջնորդարանի պատմական շէնքին մէջ գտնուող գրադարանը, վերջերս, ի հիմանէ նորոգուեր է բացառիկ փայլքով: Անոր բացումը կատարուեր է համայնքային ոգեւոր մթնոլորտի մէջ: Գրադարանը կը կոչուի «Ռոստոմ-Գասպար» եւ ունի եղեր 150 տարուան անցեալ: Հիմա ան իր դարաններուն մէջ ունի արդէն 20.000-է աւելի գիրք, առաւել՝ հայ մամուլի շատ ճոխ հաւաքածոներ:
Ես հիացումով դիտեցի բացման առիթով առնուած լուսանկարները ու երանի՜ տուի Թաւրիզի հայերուն՝ այսպիսի նախանձելի մատենադարանի մը տէր դարձած ըլլալնուն համար: Երեք սենեակ՝ բերնէ-բերան լեցուն գիրք, առաւել՝ գիտաժողովներու յատուկ գերարդիական փոքր դահլիճ մը: Սքանչելի՜:
Գիտեմ, որ այս բոլորին մղիչ ուժը նոյն անձն է՝ մեր սիրելի Գրիգոր Սրբազանը, որ Կիլիկեան Աթոռի ամէնէն գրասէր ու գրագէտ եկեղեցականներէն մին է, բարոյախօսական բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ ու մտաւորական հոգեւորական:
Բացման առթիւ Սրբազանը ունեցեր է իմաստալից ելոյթ մը: Ահա՛ քանի մը շիթ իր մտքի կայծերէն.
– Գիրքը ի՛նք շնչառութիւն ունի եւ միաժամանակ կը շնչաւորէ մարդը:
– Գիրքերը շնչեցին (գրադարանին բացումով)՝ իրենց մէջ պահած կենդանութեան եւ իմաստութեան շունչը փչելու համար գրադարան այցելող իւրաքանչիւր հայ մարդու երեսին:
– Ինքնաշխատութիւնը (գիրքերու ընթերցման ճամբով) շա՛տ աւելի որակ կու տայ մարդուն՝ քան պատէն կախուած իր վկայականները:
– Աստուած մէ՛կ կեանք տուած է մեզի: Գիրք կարդացողը իր մահէն առաջ հազար կեանք կ՛ապրի, իսկ գիրքէ հեռացած մարդը՝ միայն մէկ կեանք:
Հեռաւոր ու մեկուսի Թաւրիզը թող օրինակ ծառայէ բոլորիս:
Լուսանկարը՝ Թաւրիզի նորայարդար «Ռոստոմ-Գասպար» գրադարանը: