ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Անցաւ մէկ տարի:
Պատերազմը աւարտեցաւ. նահատակներ, հողային կորուստ, քաղաքական ձախողութիւն, դիւանագիտական բոպիկութիւն, գերիներ, անզօր, տկար, գաղթական, վիրաւոր, հիասթափած ու յուսալքած:
Անցաւ մէկ տարի:
Նոր ընտրութիւններ, նոր Ազգային ժողով, նոր կառավարութիւն, նոր հրամանատարութիւն, նոր մարտահրաւէրներ, նոր զիջումներու մասին խօսք:
Անցաւ մէկ տարի:
Հայաստան-սփիւռք կապի թուլացում, միասնականութեան ոչ մէկ ճիգ, տարբեր որակումներ, արտագաղթ, վիրաւորներու հանդէպ անտարբերութիւն, գերիներու հանդէպ անորոշութիւն, արտաքին քաղաքականութեան ամայութիւն:
Անցաւ մէկ տարի:
Ղարաբաղի ճակատագիրը` անորոշ, Ղարաբաղի անկախութեան տարեդարձը` մինակ, ջուրի, հացի եւ կենցաղային լուրջ տագնապներ, մնալու եւ յարատեւելու անհորիզոն վիճակ:
Ի՞նչ ընենք:
Օր մը եթէ խաղաղութիւնը բարեհաճի գալ, ժամանակ անցնի եւ դիտենք ու դատենք, որ ո՛վ ինչ ըրաւ, կամ բոլորս միասին ի՞նչ ըրինք:
Ուզեցինք իրավիճակ փոխել եւ վերջ տալ պարտուողականութեան:
Միւս կողմէ շարունակուեցան բաժանարարութիւններն ու անհանդուրժողականութիւնը:
Պատմութիւնը անպայման ըսելիք պիտի ունենայ այս բոլորին պատճառ եղողներուն մասին:
Ո՞ւշ ենք:
Ո՛չ, ուշ չենք: Ուշ չենք, մանաւանդ երբ կասեցնենք հինը երազելէ եւ միեւնոյն ատեն կասեցնենք նորով գինովնալու սկզբունքը:
Հինին վերադարձ չկայ, բայց այսօրուան նորն ալ պէտք է գիտնայ, որ հաւաքական աշխատանքով միայն կրնանք ձեռքբերումներ ունենալ:
Իւրաքանչիւր խրամատի մէջ ինքզինք արտադրելու, վստահելիներով աշխատելու այս սկզբունքը պէտք է վերցուի:
Ուշ չենք:
Նոր անակնկալներ եւ նոր մարտահրաւէրներ ազգովին չենք կրնար դիմագրաւել այսպէս անմիաբան:
Ուշ չենք:
Մանաւանդ` մեր ազգային արժէքներու վերարժեւորումով, եկեղեցիով, դպրոցով, լեզուով, մշակոյթով մեր ինքնուրոյնութիւնը պահելով:
Այսպէս կարելի է յարգել ինկած հերոսներուն յիշատակը: Միասնականութեան եւ ազգային արժէքներու արմատաւորումով: Ոչ թէ օրը պիտի գայ, եւ պիտի հարցնեն ձեզի, թէ ի՞նչ ըրիք: