Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իբրեւ դպիր ապա սարկաւագ ծառայելով, 1961-էն մինչեւ 1978, Մովսէս Թօփճեան իր մեծագոյն արժանիքը՝ հզօր ձայնն ու տաղանդը սպաս դրած է իր հայ եկեղեցական հոգեւոր մշակոյթին: Այն տարիներուն ծառայող քահանան՝ Տէր Կարապետ Նալպանտեանն էր։
Երկար տարիներ, բազմաթիւ առիթներով եղած է ու դարձած Հալէպի համն ու հոտը բերող, ճոխացնող աստղը։ Մովսէս Թօփճեանի հռչակը անցած է Սուրիոյ սահմանները՝ տարածուելով աշխարհի չորս ծայրերը, արաբական եւ եւրոպական տարբեր երկիրներ, մասնակցելով զանազան խրախճանքներու եւ փառատօներու։ Ան երգած է հայերէն եւ միջազգային տարբեր լեզուներով՝ արաբերէն, անգլերէն եւ յունարէն։
Ան առանձնապէս յաջողած է իր ջանքերով հայկական երաժշտութեան համար տեղ մը ապահովել Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի մէջ՝ զուտ մարդկային շարժառիթներով, համապատասխան զգացումներով։ Իր համբաւը դուրս եկած է համայնքին սահմաններէն հասնելով հեռաւոր սփիւռքահայ գաղութները։ Մովսէս Թօփճեան ամէնուրեք յաջողած է գրաւել ունկնդիրներուն համակրանքն ու ջերմութիւնը՝ ակնածանքով միախառնուած:
Երգած է Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու ճաշարաններուն եւ պանդոկներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան, Լիբանան, Յորդանան, Եգիպտոս, Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ, Յունաստան եւ Կիպրոս։
Ո՞վ է Մովսէս Թօփճեանը :
Ծնած եմ 10 Յուլիս 1951-ին։ Հայրս՝ Ներսէս Թօփճեան, Այնթապցի, իսկ մայրս Իսկուհի Ճիպիլեան, Թոմարզացի։ Ուսումնական տարիները անցուցած եմ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս։
Ի՞նչպէս սկսած է ձեր Երաժշտութեան ճանապարհը:
Փոքր տարիքէս ունեցած եմ յատուկ սէր երաժշտութեան եւ երգարուեստին հանդէպ։ Վարպետ արուեստագէտներու հսկողութեամբ մարզուած եւ տիրացած եմ զանազան նուագարաններ գործածելու հմտութեան։ Երգարուեստի ուղիս սկսած եմ մաս կազմելով քաղաքիս երգչախումբերուն։
1970-ին հիմնած էք ձեր նուագախումբը, խնդրեմ
1970 տարին էր, երբ իմ առաջին նուագախումբս հիմնեցի, դարձայ նուագախումբիս մեներգիչը՝ միաժամանակ օրկ նուագելով։ Տարիներու ընթացքին, նուագախումբս վերելք ապրեցաւ, անշուշտ, եւ շնորհիւ ժողովուրդին գնահատանքին ու անոնց քաջալերանքին, տիրացայ համբաւի իբրեւ փայլուն երգիչ։ Ըսեմ նաեւ, որ հիմնած եմ մէկէ աւելի նուագախումբեր:
Իսկ այդ տարիներուն, Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունէր «Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութիւնը», որուն անդամագրուած էք իբրեւ արուեստագէտ:
1974-ին ընդունուած եմ իբրեւ անդամ Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութեան (Սենտիքան), որուն կը ծառայեմ հաւատարմօրէն։
Խօսինք ձեր ընտանիքին՝ կնոջ եւ զաւակներու մասին:
1979-ին ամուսնացայ արաբերէնի վաստակաշատ ուսուցչուհի Սիւզան Գաբրիէլեանին հետ, եւ մենք Տիրոջը օրհնութեամբ բախտաւորուեցանք երկու զաւակներով, դուստրս՝ Ալին, մանչս՝ Ներսէս:
Ձեր զաւակները նոյնպէս ժառանգած են ձեր երաժշտական տաղանդը
Այո, շնորհակալ եմ Աստուծոյ, եւ գոհունակութիւնս մեծ է, ի տես իմ զաւակներուս՝ Ալինին եւ Ներսէսին, որոնք երգի եւ նուագի շնորհներով օժտուած են:
Երգեր յօրինելու տաղանդը իր առաւելագոյն դերն ու նպաստը բերած է յաջողութեամբ կերտելու ձեր երգարուեստի ճանապարհը:
Այո, ունիմ շարք մը երաժշտական յօրինումներ եւ ես զանոնք կատարած եմ, ինչպէս նաեւ՝ գրած եմ երգի բառեր: Հոս նշեմ, որ այդ նորաձեւ յօրինումներս իր ժամանակին մեծ ժողովրդականութիւն վայելած են, ինչպէս նաեւ՝ իմ հրապարակած ձայնաերիզներս:
Երաժշտութիւն յօրինելու եւ երգի բառեր գրելու տաղանդը ամբողջացած է տարբեր նուագարաններ նուագելու հմտութեամբ:
Այո, ես հմտօրէն կը նուագեմ դաշնամուր, օրկ, ձեռնադաշնակ, պուզուքի, սազ, եւ հարմոնիքա։ Անշուշտ, նուագարաններով նուագելն ու երգելը ինծի համար մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ եւ հոգեկան հաճոյք է:
Մովսէս Թօփճեանի հռչակը կ’անցնի Սուրիոյ սահմանները՝ տարածուելով աշխարհի չորս ծայրերը, արաբական եւ եւրոպական տարբեր երկիրներ, շնորհիւ վարպետօրէն եւ միջազգային լեզուներով մեկնաբանուած երգացանկին, խնդրեմ:
Հայերէն երգերու կողքին, երգած եմ միջազգային տարբեր լեզուներով՝ արաբերէն, անգլերէն եւ յունարէն։
Ես անձնապէս եղած եմ Յունարէն երգի սիրահարը։ Մեծ ճանաչում ձեռք բերած եմ իբրեւ Յունարէն երգի թիւ մէկ երգիչ՝ երկար ճոխ յայտագիրով։ Ձեռք բերած հմտութիւնս եւ վարպետօրէն զայն մատուցելու, մեկնաբանելու, եւ որուն զուգահեռ հնչեցնելով ՊՈԻԶՈՒՔՔԻ-ի լարերը հարստացուցած են իմ ելոյթներուս երգացանկին յայտագիրը։
Հոս նշեմ, որ ինծի առիթը ընծայուեցաւ՝ հրաւէր ստանալով Յունաստանէն, աշխատելու «Ալիպապա» պանդոկին մէջ իբրեւ ամէնօրեայ երգիչ։ Եւ արդէն հոն ապրելով 1981-էն մինչեւ 1983, առաւել մարդոց հետ շփում ունենալով սորվեցայ Յունարէնը։ Մի քանի տարիներ ետք նոյնանման հրաւէր ստացայ Կիպրոսէն՝ 1985-ին, երգելու «Աթլանթիքա» պանդոկին մէջ։ Հրաւէրը ընդունելով Կիպրոս հաստատուեցայ ընտանիքիս հետ՝ շատ հաճելի օրեր ապրելով։ Եւ այսպիսով յունարէն երգի հանդէպ ունեցած սէրս բազմապատկուեցաւ, որովհետեւ երգին հանդէպ ոչ միայն ունէի սէր, այլ նաեւ յունական միջավայրի մէջ ապրած կեանքի քաղցր յիշատակներ։
Դուք նաեւ վայելած էք (Աֆթոս = Մովսէս) հռչակը՝ իբրեւ մարդասէր, ծառայասէր, սիրուած ու յարգուած մարդ:
Շնորհակալ եմ իմ շրջապատիս, երգարուեստիս երկրպագուներուն այդ անուանումին համար, եւ կամ հռչակին տիրանալուս համար: Ուրեմն, մանրամասնութիւնը այդ անուանումին այն է, որ իմ արուեստն ու իմ յատուկ բնաւորութիւնս միշտ ալ կը կարծեմ շոյած է մարդոց հոգիները։ Այո՛, եղած եմ մարդասէր, ծառայասէր: Կը ներէք, որ համեստօրէն պիտի նշեմ, եւ շնորհակալ մնալով այն մարդկանց, որոնք կ’ըսեն «ժպիտը դէմքէն անպակաս անձնաւորութիւն մըն է Մովսէսը»։
Անկասկած ըսեմ, որ իմ նշանաբանս եղած է «ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱԼՈԻ ՄԷՋՆ Է»
Իսկ ձեր հիմնադրած նուագախումբերու կազմի մասին
Սկսելով1970 թուականէն, յիշեմ նուագախումբերուս կազմի անդամները այբբենական կարգով.-
- Mosses Topjian-Keyboard, Rami Kamar-Guitar, Samir Yaghmour-Drums.
- Mosses Topjian-Singer, Antoine Abdul Messih-Guitar, Barkev Darakjian-Keyboard, فاروق عطار Farouq Attar – Guitar, Samir Yaghmour – Drums.
- Mosses Topjian- Singer, Jano Kavlakian-Guitar, Kapo- Sax, Sarkis Chouljian-Keyboard, Dr. Sarkis Turbendian-Guitar, Raffi Gevoghlanian-Drums.
- Mosses Topjian-Singer, Ammar Aljabry-Guitar, Samir Kwefati-Keyboard, Shawkat Merjaneh-Guitar, Wahid-Drums.
- Mosses Topjian-Singer, Jamal Eddin-Keyboard, Shawkat Merjaneh-Guitar,
Tony Sabeh-Guitar, Wahid-Drums.
Եւ այսպէս տարիներու հետ նոր խումբեր կազմեցի եւ մնաց Rabiz խումբի անունը: Այսպէս՝
- Mosses Topjian-Singer, Mazen Martini-Guitar, Mgo Donigian-Drums, Raffi Bilemjian-Guitar, Vatche Jamgochian-Keyboard.
- Mosses Topjian Singer, George Hatsakordsian-Guitar, Mgo Donigian-Drums, Raffi Bilemjian-Guitar, Vicken Makoushian-Keyboard.
- 8. Mosses Topjian-Singer, Bashar Mardini-Guitar,Harout Mateosian-Guitar, Mgo Donigian-Drums, Yousef Tamari-
Նաեւ կան այլ նուագախումբեր, որոնց անուները պիտի նշեմ նուագարանի եւ այբբենական շարքով։
Keyboard: Խաչիկ Թէքէեան,Կարօ Քէքլիքեան, Ճորճիկ Հինտոյեան, Ճօզէֆ Սեմերճեան, Մինաս Քիրէճեան, Նէրսէս Թօփճեան, Բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեան, Սագօ Սարգիսեան, Վազգէն Հապիպ (Vasken Habib), Վիգէն Մաթէոսեան,Abdullah Kelzi, Fadi Bardakji, Joseph Nakouz, Lutfi Bhar, Mounir Aaql, Salem Bali,
Կիթառ (Guitar): Արա Խաչերեան, Արմէն Սարգիսեան, Նազար Հատիտեան, Բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեան, Ռաֆֆի Քանթարճեան, Վարանդ Բրուտեան, Ahmar Dakno, Farhad Khaldi, Jalal Ahmar Dakno, Mahmoud Khaldi.
Drums։ Աբիկ Մարտիրոսեան, Արծիւ Երէցեան, Յակոբ Յակոբճան(տհոլ), Տիգրան Մազլումեան, ,Ռաֆֆի Խորոզեան, Ռաֆֆի Չուլճեան, Maher Yazji, Tarek AlFaham.
Ներող թող ըլլան բոլոր անոնք, որոնց անունները թերեւս մոռցայ։
Հայոց Մեծ Եղեռնին նուիրուած յօրինած եմ՝ «100 Տարի Ետք» բանաստեղծութեան երաժշտութիւնը: 100 Dari Yedk by Alin Topjian Buchakjian https://youtu.be/ka4mfNGy21Y
խօսք՝ Շահանդուխտ, Կատարողութեամբ՝ Ալին Թօփճեան, Գործիքաւորում ՝ Ներսէս Թօփճեան Ձայնագրութիւն : Studio Սեդօ Պաղտասարեան
50 տարիներու երգարուեստի բեղուն կեանքը դադար կ’առնէ 2019-ին անակնկալ հիւանդութեան պատճառաւ եւ ան կը դադրի արուեստի գործունէութիւնէն։
Երաժշտական գործունէութեան 50-ամեակին առիթով, 21-Յունիս 2020-ին, համաշխարհային երաժշտութեան օրուան տօնակատարութեան ընթացքին, եւ առ ի գնահատանք իր երգարուեստի տարիներու բեղուն աշխատանքին, Մովսէս Թօփճեանը կը պարգեւատրուի Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութեան կողմէ իբրեւ վաստակաւոր երգահան երգիչ։في احتفالية عيد الموسيقا العالمي في 21-6-2020، بقيادة المايسترو “عبد الحليم الحريري”، تمّ تكريم الفنان الكبير “موسيس طوبجيان” من نقابة الفنانين تقديراً لعطائه المتجدد في تنشيط الحركة الموسيقية والفنية.
Պատկերները դիտել այս տեսահոլովակին մէջ՝ https://youtu.be/LVkPlIF3aGY
Վարձքը կատար Հալէպի մեր Հայ Արուեստագէտին։ Եւ տայ Աստուած կատարեալ բժշկութիւն։ Վստահաբար տակաւին տալիք շատ բան ունի մեր ընկերամշակութային կեանքէն ներս։ Բեմերն ու դահլիճներ վերադարձիդ կը սպասեն Մեծ Վարպետ։
Զրոյցը՝ վարեց Շաքէ Մանկասարեան:
Email: [email protected]
Զրոյցիս մանրամասնութիւնները տրամադրեց Մովսէս Թօփճեանի դուստրը՝ երգչուհի Ալին Թօփճեան: Շնորհակալութիւն:
Բացատրական բառեր: Ստեղնաշար նուագարանը (Orgue օրկ), ձեռնադաշնակ (Accordion աքօրտիոն), բերնի դաշնակարան (Harmonica, հարմոնիքա)։