ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Փոմփէու՝ Լարուածութիւնը Մեղմացներու Համար, Անհրաժեշտ Է, Որ Այլ Երկիրներ Հեռու Մնան Հակամարտութենէն
Սթոլթեպըրկ Կ’երաշխաւորէ՝ ՆԱԹՕ Կողմ չէ…
Շառլ Միշէլ՝ Դադրեցուցէք Բռնութիւնը..
Ռազմաճակատներու վրայ ծանր բախումներ, դիւանագիտական սեղաններու վրայ՝ բարոյագիտութեան դասընթացքներ. այսպէս կարելի է ամփոփել 21 հոկտեմերի 24 ժամերուն հաշուեկշիռը:
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին հետ, Պրիւքսէլի մէջ:
Նախ սկսինք Միացեալ Նահանգերու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէուի յայտարարութենէն: Անոր կարծիքով Լեռնային Ղարաբաղի մագլցումը մեղմացնելու համար, անհրաժեշտէ, որ այլ երկիրներ հեռու մնան հակամարտութենէն, չմատակարարեն զէնք եւ դադրեցնեն կողմերէն որեւէ մէկուն աջակցութիւնը..:
Սպիտակ տան արտաքին քաղաքականութեան դիւանապետը նաեւ աւելցուցած է, թէ դիւանագիտական լուծում անհրաժեշտ է գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
Այս բոլորը լաւ, շա’տ լաւ, սակայն Փոմփէու մոռցած է յիշատակելու հակամարտութիւնը հրահրող, զէնք մատակարարող, դիւանագիտական լուծումին առջեւ ար դնող երկրին անունը…
Մայք Փոմփէու, ուրբաթ օր Ուաշինկթընի մէջ պիտի ընդունի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները:
Աւելի յուսադրիչ չէր ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլենպըրկի պատասխանը Հայաստանի հանարապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին: Սթոլթենպըրկ նոյնպէս շեշտեց զինադադարը յարգելու, զսպուածութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը: Բայց այս բոլորէն աւելի կարեւորը՝ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը հաւաստիացուց, որ Հիւսիսատլանտեան ուխտը կողմ չէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ… : Մեծ բարեբախտութիւն:
Շարունակելով Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներուն շարքը, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը տեսակցեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ, անոր հանգամանօրէն ներկայացնելով իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ապակայունացնող քաղաքականութիւնը: Վերջինս Հայաստանի նախագահը լսելէ ետք, հրահանգեց դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնութիւնը…: Լեռ մը եւս մուկ ածեց:
Այստեղ ակամայ կը յիշեմ հայ անմահանուն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար»էն դրուագ մը: Դատաստանական խորհուրդի երեք անդամներ կ’այցելեն Պաղտասար Աղբարին բնակարանը, անոր հարցը լսելու: Խեղճ հերոսը յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն մը պատրատած է հիւրերուն: Ճոխ սեղանը տեսնելով, Դատաստանական խորհուրդի անդամներուն միջեւ վէճ մը կը ծագի յանկարծ ՝ ճերմակ գինի ըմպել թէ՞ կարմիր: Ո՞ր մէկը աւելի կրնայ պատշաճիլ իրենց քիմքին ….:
Վէճը կ’աւարտի եւ Դատաստանական խորհուրդի անդամները յղփացած սեղանին բարիքներէն,«շատ յոգնած ըլլալով» կը պատրատուին դուրս գալու բնակարանէն: Պաղտասար Աղբար ապշատ զիրենք կը դիտէ եւ կը հարցնէ.« Մեր հարցը Ի՞նչ եղաւ», դատաւորներէն մէկը կը պատասխանէ .« Ձեր հա՞րցը … Ձեր հարցը յաջորդ նիստին…»:
«կարմիր կովը կաշին չի փոխեր»
Սիրելի ժողովուրդ մեր ուժը մեր հաւաքական կամքին եւ միասնականութեան մէջ է: