ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Գառնիկ Սարգիսեանին մեկնաբանած երգին բառերը:
Պատգամ
(Զգո՜ւշ Խօսիր Հայաստանում)
Զգո՜ւշ խօսիր Հայաստանում,-
Այստեղ ամէն գագաթ ու ձոր,
Արձագա՜նգ է տալիս հզօր,
Եւ քո Խօսքը հեռու տանում…
Թէ բարի են խօսքերը քո,
Հայոց լեռներն ակնածանքով
Կը խոնարհուեն քո դէմ լռին
Բաշը քսած քո ձեռքերին:
Իսկ թէ չար են` լեռները մեր,
Հրաբխի բներն անմեռ,
Որ լռե՜լ են, բայց չե՜ն յանգել,
Քեզ լաւայո՜վ կ’արձագանգեն,
Որ լեռնե՜ր է քշում տանում…
Զգո՜ւշ խօսիր Հայաստանում:
Զգո՜ւշ խօսիր Հայաստանում,-
Նե՜ղ են ճամբէքը լեռնական,
Երկու հոգու տեղ չեն անում,
Թէ դէմ-դիմաց ելնեն յանկարծ,
Թէ բարեկամ ես ու ընկեր,
Ա՜նց կը կենաք իրար գրկուած,
Թէ դաւով ես այստեղ ընկել,
Կը գլորուես ժայռերից ցած,
Ո՞վ եղաւ քո գալու վկան,
Գնալըդ ո՞վ է իմանում…
Նե՜ղ են ճամբէքը լեռնական,
Զգո՜ւշ քայլիր Հայաստանում,
Զգո՜ւշ գործիր Հայաստանում,-
Մենք գահ ու թագ չե՜նք ունեցել,
Եւ… արքա՜յ է ամէն մի հայ.
Զօրք ու բանակ չենք ունեցել,
Եւ… սպա՜յ է ամէն մի հայ.
Ամէն մի հայ լերան մի ծերպ,
Ամէն մի հայ ուրոյն մի կերպ,
Ամէն մի հայ մի Հայաստան-
Բաժան-բաժան,
Անմիաբան,
Զատուա՜ծ, հատուա՜ծ,
Եւ սակայն մի՜,
Երբ սպառնում է թշնամին
Մեր դարաւոր անմահ երթին,
Եւ այս ժայռին թառած բերդին,
Որ Հայրենիք ենք անուանում…
Զգո՜ւշ գործիր Հայաստանում:
Երգը սկիզբ կ՛առնէ դաշնամուրի երաժշտական դանդաղ կշռոյթով եւ հանդարտահոս ընթացքով, որ իւրայատուկ կատարումով աւելի զգացմունքային մեղեդեդիով յառաջ կը տանի երգին բառերը: Ապա հերթականօրէն երաժշտական կշռոյթը կը զօրանայ եւ մերթ ընդ մերթ կ՛արտացոլացնէ պոռթկումի եւ ընդվզումի ալիքը:
Երաժշտութիւնը բառերուն հետ շաղախուելով, անոնց միանալով Գառնիկի աստուածատուր ձայնը, մեզի կը ներկայանայ որակաւոր, խորիմաստ երգ մը, որ իր քաղաքական եւ ազգային բնոյթով շատ մը պատգամներ ու խորհուրդներ կը փոխանցէ:
Զարեհ Քէշիշեանի երաժշտական բարձր տաղանդով յօրինուած այս ստեղծագործութիւնը կարողացած է, որ «Զգո՜ւշ խօսիր Հայաստանում» բանաստեղծութիւնը երգի ձեւաչափով նաեւ գերազանցէ եւ հարստացնէ ազգային-հայրենասիրական երգարուեստի գանձարանը:
Զարեհ ազգագրական եւ յեղափոխական երգերու բառերու հոգի տուող երաժշտահանն է: Անոր նախնիները Լափաճ գիւղէն եղած են, որ աշխարհագրականօրէն կը գտնուի պատմական Կիլիկիոյ Ամանոսեան լեռներու Պախչէ աւանի արուարձանն է, եղած է զուտ հայկական գիւղ:
Զարեհ Քէշիշեան լաւ դաշնակահար ըլլալու կողքին, կը նուագէր նաեւ կիթառ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով հեռացած է իր շատ սիրած երկրէն, երկար տարիներ աշխատած է սկանտինաւեան երկիրներու մէջ:
1982-ին կը հաստատուի Լոս Անճելըս: Աշխատակցած է շատ մը երգիչներու հետ եւ մեծ ներդրում կ՛ունենայ անոնց բացառիկ յաջողութեան մէջ:
Լոս Անճելըսի մէջ կ՛ունենայ իր ձայնագրութեան սթիւտիոն, ուր դաշնաւորումներ եւ ձայնագրութիւններ կը կատարէ հայ եւ պարսիկ երգիչներու, սակայն հետագային կ՛որոշէ վերադառնալ իր ծննդավայրը` Լիբանան, ուր եւս կը շարունակէ իր երաժշտական ասպարէզը:
Զարեհ Քէշիշեան շատ մը երգեր յօրինած, մշակած, դաշնաւորած եւ նուագած է բազմաթիւ հայ երգիչներու համար, ինչպէս` Գառնիկ Սարգիսեանին:
Վերջին քանի մը տարիներուն անոր առողջական վիճակը սկսած էր վատթարանալ:
Զարեհ կը մահանայ հինգշաբթի, 10 յունուար 2019-ին, Պէյրութի մէջ: Իսկ յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի շաբաթ, 12 յունուար 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը կը փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Անոր գործերը եղած են բարձրորակ եւ ճաշակով ստեղծագործութիւններ, վայելած են մեծ ժողովրդականութիւն, առաջին իսկ լսելով` արդէն կը տպաւորէ ունկնդիրը եւ կը մագնիսացնէ զայն: Երգի բառերը, ըլլայ տաղանդաւոր բանաստեղծներու նախապէս գրուած ոտանաւորները, եւ կամ յատուկ երգի համար գրուածները, որ Զարեհ ինք յօրինած է, յայտնի ու փայլուն դարձած են եւ ազդու: Առաջին իսկ օրէն մեծ ու փոքր, մանաւանդ երիտասարդ սերունդներ անոր ճաշակին շնորհիւ սիրած են տուեալ երգը, որուն միջոցով նախ ծանօթացած են ազգային, յեղափոխական եւ դաշնակցական դէմքերուն, դէպքերուն եւ կամ իրադարձութիւններուն:
Գառնիկ Սարգիսեան Զարեհին կը վստահէր իր բոլոր ձայնագրութիւնները, քանի որ Զարեհ իր աշխատանքին մէջ բծախնդիր, նրբաճաշակ, հմուտ երաժշտահան մըն էր եւ այդ իսկ պատճառով ալ շատ յաջող դաշնաւորումներ եւ արձանագրութիւններ յանձնած էր Գառնիկին: Անոր նշանաւոր գործերէն է եղած Գառնիկ Սարգիսեանի արձանագրած 3 մասերէ բաղկացած յեղափոխական երգերու ձայնասկաւառակները, հսկայական աշխատանք մը, որ գնահատանքի արժանի է:
Գ. Էմինի «Զգո՜ւշ խօսիր Հայաստանում» բանաստեղծութեան մէջ գերիշխողը նկարագրականն է, սակայն «միջազգայնական» թեմայի վրայ ձեռնարկած գրոհի տարիներուն «նեղազգային» թեմաներու շրջանակներու մէջ սահմանափակուելու» փաստը արդէն արժանի է ուշադրութեան եւ դրուատանքի», որուն հայրենապատումի առաջին էջերու մէջ բանաստեղծը կը ներկայացնէ Հայաստանն ու հայը.
Զգո՜ւշ խօսիր Հայաստանում,
Այստեղ ամէն գագաթ ու ձոր
Արձագա՛նգ է տալիս հզօր,
Եւ քո խօսքը հեռո՜ւ տանում…
Հիւրընկալ է հայ մարդը, բարութեանը` բարութեամբ արձագանգող, ինքզինք ոչ մէկու չի գերադասեր, բայց նաեւ բռունցքուելու` շատերու համար զարմանալի կարողութեամբ օժտուած: Իր լեռներուն մէջ ամէն մէկ հայ արքայ է ու շարքային զինուոր.
Մենք գահ ու թագ չե՛նք ունեցել,
Եւ… արքա՛յ է ամէն մի հայ,
Զօրք ու բանակ չենք ունեցել,
Եւ… սպա է ամէն մի հայ,
Ամէն մի հայ` լերան մի ծերպ,
Ամէն մի հայ` ուրոյն մի կերպ,
Ամէն մի հայ` մի Հայաստան
Բաժան-բաժան,
Անմիաբան,
Զատուա՜ծ- հատուա՜ծ,
Եւ սակայն` մի,
Երբ սպառնում է թշնամին
Մեր դարաւոր անմահ երթին
Եւ այս ժայռին թառած բերդին,
Որ Հայրենիք ենք անուանում…
«Զօրք ու բանակ չենք ունեցել», բայց ունեցած ենք աւելի հզօր զէնք` մեր այբուբենը, «Մաշտոցի գլխաւորած» փոքրաքանակ Մատեան գունդը, որ առաջնորդած է Աւարայրէն սկսած մինչեւ Մարաղա, Սարդարապատ եւ Շուշի, որ երգ դարձած է…
Մեր այբուբենը «Բերդ է անմատոյց, դուռ է փրկութեան, ժողովող կանչ մը, խորանի խունկ, երգի ղօղանջ, արդար ջրաղաց, Այբ-էն մինչեւ Օ եւ Ֆէ» զինուոր ու սպայ:
Հասկնալի է, որ բանաստեղծութեան հիմքը, գերիշխողը նկարագիրն է, այնուամենայնիւ, տեսանելի են նաեւ խոհափիլիսոփայական ներթափանցումները: Բանաստեղծը կը փորձէ պատմական անցեալին կատարուած դէպքերն ու իրադարձութիւնները գնահատել ներկային մէջ ունեցած անոնց յետագիծի կտրուածքով: Բանաստեղծը կը համադրէ անցեալն ու ներկան, սակայն չի դառնար ողբերգական անցեալի ողբասացը:
Երգի կազմաւորման մէջ հիմնական երեք բաղադրիչներէն երրորդը` մեկնաբանն է, այս պարագային` Գառնիկ Սարգիսեանը, որուն միջոցով երգը իր ամբողջական վիճակով լսելի կը դառնայ ու կ՛իմաստաւորուի:
Գառնիկ Սարգիսեան հայ ազգային-յեղափոխական երգերու ամենասիրուած մեկնաբաններէն մէկն է: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, 1953-ին: Ան Վահրամ (էրզրումցի) եւ Արշալոյս (խարբերդցի) Սարգիսեաններու 6 զաւակներէն մէկ հատիկ մանչ զաւակն է, իրմէ մեծ են հինգ քոյրերը:
Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Ազգ. Սահակեան վարժարանի նախակրթարանին եւ ապա տարի մը Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի մէջ:
Իր երկրորդական ուսումը ստացած է Անթիլիասի դպրեվանքը, ուր ի յայտ եկած է երգելու ընդունակութիւնը:
Գառնիկ աշակերտական տարիներէն, շնորհիւ իր բնատուր ձայնին, ան ամէն առիթով երգած է եւ շրջապատին ուշադրութիւնը` իր վրայ կեդրոնացուցած:
1971-ին կը մեկնի Սիտնէյ (Աւստրալիա): Կը կազմէ հայկական էսդրատային նուագախումբ` «Սեւան» անունով: 1973-ին կ՛երգէ Հենրիկ Գոչարեանի «Թոփազ» նուագախումբին հետ` մասնակցելով ճաշկերոյթ-պարահանդէսներու:
Տուած է մենահամերգներ: 1976-ին երկու ամսուան շրջապտոյտով կը մեկնի Պարսկաստան, ուր կու տայ 9 համերգ: 1977-ին լոյս կ՛ընծայէ առաջին երգապնակը Լոս Անճելըսի մէջ:
1977-1978 կ՛այցելէ Պէյրութ (Լիբանան): 1979-ին կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ: 1980-ին համերգներու շարքով մը ներկայացած է Հարաւային Ամերիկայի հայութեան:
1982-էն սկսեալ, էսդրատային երգերու կողքին, Գառնիկի երգացանկերուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն ազգային-յեղափոխական երգերը:
22 հոկտեմբեր 1982-ին Լոս Անճելըս բնակող չորս այլ հայ երիտասարդներու հետ Գառնիկ կը ձերբակալուի «Ֆիլատելֆիոյ թրքական հիւպատոսարանին գրասենեակները պայթեցնելու, ապօրինի կերպով զէնք եւ պայթուցիկ նիւթեր ունենալու եւ զանոնք նահանգէ նահանգ փոխադրելու» մեղադրանքով: 3 տարուան ձգձգումներէ ետք, 25 յունուար 1985-ին կը դատապարտուի 5 տարուան բանտարկութեան:
Գառնիկ Սարգիսեանի համար յեղափոխական երգերը` հայութեան դէմ գործուած անարդարութեանց հանդէպ իր ներքին պոռթկումը արտայայտելու միջոց ծառայած են:
Գառնիկ Սարգիսեան, աւելի քան 50 տարի երգարուեստի ճամբով իր ձայնը լսելի դարձուցած է համայն հայութեան, ան աշխարհի տարածքին ելոյթներ տուած է հայկական տարբեր համայնքներուն: Իբրեւ մեկնաբան, հաւանաբար, շատ քիչերէն է եղած, որ իր կամաւոր երգեցողութեամբ յաճախ նիւթաբարոյական օժանդակութիւն ցուցաբերած է` գաղափարական, մարզական, մարդասիրական եւ այլ բնագաւառներու մէջ` ընդառաջելով տարբեր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութիւններուն:
Այսպիսով, Գառնիկի մտայղացումը եւ կատարելագործումը, «Զգո՜ւշ խօսիր Հայաստանում» բանաստեղծութիւնը երգի վերածելու գաղափարը բաւական դիպուկ եղած է եւ կարողացած է ունկնդիրներու, յատկապէս երիտասարդներու սրտերը գրաւել եւ ուշադրութեան ու քաղաքական սլաքներ ուղղել հայրենիքի նկատմամբ:
Այստեղ կ՛արժէ ընդգծել, որ մարդ էակին նկատմամբ անկեղծ ու անհուն սէրը, հայու անիրաւած իրաւունքներու տիրանալու գաղափարը, հայօրէն արտայայտուելու եւ երգելու ներքին հուրը եւ կեանքն ու աշխարհը իրենց բջիջներուն մէջ շնչաւորելու եւ իմաստնանալու անսանձ մղումը եղան վարար աղբիւրը եռեակին` Գէորգ Էմինի, Զարեհ Քէշիշեանի եւ Գառնիկ Սարգիսեանի ստեղծագործութեան:
«Զգո՜ւշ խօսիր Հայաստանում» երգը եթէ իբրեւ ոտանաւոր իր ներդրումը ունեցաւ հայ իրականութիւնը խորհրդային ժանգերէն մաքրելու ընդհանուր վերանորոգման մէջ, ապա նոյն այժմէականութիւնը պահեց մինչեւ օրս: Քանի որ Հայաստանի անկախութենէ ետք նաեւ եղան ժամանակաշրջաններ, երբ գործող վարչակարգեր շարունակեցին խորհրդային եւ համայնավարական կարգերու սկզբունքները դրսեւորել, ու մնացին անցեալի որոշ կեղտոտ մտայնութիւններ, որոնք ամբողջութեամբ կը խորտակեն ժողովրդավարութեան սկզբունքները, իսկ միւս կողմէ ալ` հայ ազգն ու հայրենիքը վտանգի կ՛առաջնորդեն եւ հետեւողականօրէն կը հարուածեն հայրենի պետական ու քաղաքական հիմքերը:
Եթէ արդարադատ ենք, ապա անպայման պէտք է խոստովանինք ու ընդունինք, որ Էմինի բանաստեղծութեամբ, ինչպէս եւ անոր վախճանումէն ետք հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը որքան ալ փակեն հազարամեակներու մեր պատմութեան խաւարանիստ փուլերէն մէկը` բիրտ ուժով հայ իրականութեան պարտադրուած «սովետական մարդ»-ու եւ «սովետական հոգեկերտուածք»-ի ծանր բեռը խորհրդանշող «սովետական դարաշրջանը». Հայաստանի անկախութենէն ետք ազատ սկզբունքներն ու ժողովրդավարութեան տարրական ըմբռնումները կը շարունակեն ծանր հարուածներ ստանալ հայրենի երկրի ղեկին վրայ գտնուող այրերէն:
Բայց նաեւ պէտք է խոստովանիլ, որ Էմինի բացակայութեան եւ այս ստեղծագործութեան ծնունդէն ի վեր տակաւին կը շեշտադրուի նշեալ բանաստեղծութիւնը, այս անգամ` երգով ա՛լ աւելի, եւ մեր ուղին շարունակ կը լուսաւորէ Էմինով այս անգամ նոր շունչ առած անսպառ հաւատքը հայո՛ւ լիարժէքութեան հանդէպ, անխախտ հաւատքով երկնուած:
Ներկայ օրերուն մենք` Հայաստանով, Արցախով եւ սփիւռքով, միշտ յաւելեալ կարիք ունինք, եւ մեր արդա՛ր սպասումն է, ունենալ այնպիսի հայրենիքի մը, ուր ընկերային արդարութիւնը, տնտեսական զարգացումը, ժողովուրդին կենսամակարդակի բարելաւումը, օրէնքով բազմակարծութեան երաշխաւորումը, օրէնքի իշխանութեան ամրապնդումը կը վերածուին թափանցիկ եւ համարատու գործընթացքներու ու ծրագիրներու:
Այլ խօսքով, ունենալ հզօր, ժողովրդավար, ընկերվար եւ ազգային արժէքներ կրող հայրենի պետականութիւն մը` իր առողջ տնտեսութեամբ, արի բանակով ու պետական կազմակերպ կառոյցներով:
Եւ վերջապէս, Էմինի գրած այս ընտիր գործը, որ հետագային երգի վերածուեցաւ, կրնանք ըսել, որ գլուխ գործոց մըն է իր տեսակին մէջ: Բառերու ոգին կը մնայ նոյնքան այժմէական, ինչպէս` այդ օրերուն: Այդ անկոտրում հաւատքն ու զօրեղ պատգամը կը մնան շատ աւելի հրամայական:
Քանի որ Էմինի տեսլականը իրաւացի եւ արդար էր, այդ իսկ պատճառով ան յորդորեց զգուշ խօսիլ ու քալել ընտրեալներու երկրին մէջ, ուր դե՛ռ կը գործեն լեռներուն օրէնքները, ա՛յն լեռներուն, ուր աստուածներն անկաշառ են…
Ուստի «Զգո՜ւշ խօսիր Հայաստանում» երգը իր առանձնակի հնչեղութեամբ, ազգային-քաղաքական մտածելակերպով եւ ընդգծուած շեշտադրումով իր ուրոյն դրոշմը դրաւ հայրենասիրական եւ քաղաքական բնոյթի երգարուեստին վրայ:
(Շար. 2 եւ վերջ)