ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Հայ յեղափոխական երգերը, որոնք հայրենասիրական երգի ճիւղ մըն են, ծնունդ առած են 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբին, երբ հայկական քաղաքական կուսակցութիւններ հիմնադրուեցան, որոնք Օսմանեան կայսրութեան տարածքին բնակող հայերու քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու համար կը պայքարէին:
Յեղափոխական են այս երգերը, որոնք ունին հեղինակ, ուրիշներ դասուած են ժողովրդական-ժողովրդայինի խմբաւորումին մէջ: Բոլորն ալ խորքին մէջ ժողովուրդի հոգիէն, կեանքէն ու պայքարէն բխած են, լիովին որդեգրուած են զանգուածներէն եւ իրերայաջորդ սերունդներէ. մաս մը կ’արտայայտեն ողբ ու վիշտ, ուրիշներ մարտակոչ են, յաղթանակներու պանծացում, յաղթանակ տանելու հայուն կամքին ու կարողութեան հայելին:
Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, երբ Արեւմտեան Հայաստանը ամբողջապէս հայութենէ դատարկուեցաւ, եւ կամ ընդհանրապէս յեղափոխական մարտնչումները վերջ գտան բռնագրաւուած հայրենի հողին վրայ, ծնունդ առաւ հայկական սփիւռքը, որ զրկուած իր հայրենական հողերէն` կրցաւ գոյատեւել:
Այս ընթացքին սփիւռքի մէջ, երբ մէկ կողմէ կ՛երգուէր Հայաստանի հողին վրայ ծնունդ առած յեղափոխական երգերը, միւս կողմէ` սփիւռքահայ երգիչներու, մեկնաբաններու եւ այլ պարզունակ անհատներու կողմէ ծնունդ պիտի առնէին յեղափոխական-հայրենասիրական, ազգային եւ ռազմական բնագաւառին մաս կազմող նոր երգեր:
Աշուղական երգերու սփիւռքի լաւագոյն մեկնաբաններէն, երաժշտահան, երգահան, մեկնաբան, աշուղ Լեւոն Գաթրճեան հայ-ազատագրական պայքարի արիւնալի ճամբու վրայ կեանքը զոհաբերող մարտիկ, սփիւռքի կազմաւորման մէջ իր իւրայատուկ ներդրումը ունեցող, Հայ դատի նուիրեալ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ Լեւոն փաշա Շաղոյեանի յիշատակին յօրինած (խօսք ու երաժշտութիւն) ու մեկնաբանած է հիանալի երգ մը` «Շաղոյեան փաշա» խորագրով:
Այս աշխատութիւնը որքան ալ երգարուեստի բնագաւառին մաս կը կազմէ, նոյնքան եւ աւելի` պատմութեան:
Հետեւաբար երգին մասին լուսաբանելէ առաջ անհրաժեշտ է նախ բնականաբար ծանօթանալ երգի հերոսին` Լեւոն Շաղոյեանին, որպէսզի կարենանք ըմբռնել երգին տարողութիւնը եւ կարեւորութիւնը:
ԼԵՒՈՆ ՓԱՇԱ ՇԱՂՈՅԵԱՆ
Լեւոն Շաղոյեան ծնած է 1887-ին, Վասպուրական, Հայոց Ձոր գաւառի Խարականց գիւղը:
Ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ: ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Աղթամար կղզիի մէջ:
Ան իր մանուկ տարիքէն արդէն ունէր ըմբոստ հոգի: Իրենց արտը ջրելու համար իրենց բաժին ինկող ջուրը դրացի քիւրտի մը կողմէ կը դարձուի դէպի անոր արտը. իրողութիւնը կը սրբագրուի, սակայն կրկին ու կրկին կը կրկնուի, որուն վրայ երիտասարդ Լեւոնը, քիւրտը բռնելով յանցանքը գործած պահուն, կը սպաննէ ու կը դառնայ յեղափոխական փախստական:
Առաջին իսկ օրէն ամբողջովին նուիրուած է հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարին: Այս պատճառով ալ Վասպուրականի Կեդրոնական կոմիտէի (ԿԿ) մէկ հրահանգով 1912-ի աշնան կ՛ահաբեկէ հաճի Եագուպը, որ ազգային վարժարաններու կրթական քննիչ Ռաֆայէլեանը սպաննած էր:
Լ. Շաղոյեան մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը` իր կազմած ֆետայական խումբով պայքարած է հայ ժողովուրդի հարստահարիչներուն դէմ: 1915-ին մասնակցած է Շատախի եւ անոր գիւղերու ինքնապաշտպանութեան մարտերուն: Վասպուրականի հերոսամարտի ընթացքին կը դառնայ Փեսանդաշտի ինքնապաշտպանութեան ղեկավարը եւ կը յաջողի միանալ Շատախ-Թաղի ճակատի ինքնապաշտպանութիւնը վարողներուն ու մէկ ամսուան մարտնչումներէ ետք կը փրկէ իր շրջանի ամբողջ ժողովուրդը` 6000 հոգի:
1916-ին ռուսական բանակները յունիսէն նոյեմբեր երկու անգամ նահանջի կը դիմեն, եւ իրենց հետ` Վասպուրականի ժողովուրդը, որ կ՛անցնէր Արարատեան դաշտ, ապա կրկին կը վերադառնար վերստին հաստատուելու համար իր հայրենի հողին վրայ, ռուսական երկրորդ նահանջին հետ վերստին նահանջելու համար: Իսկական վտանգը, սակայն, կը ստեղծուի 1917 հոկտեմբերէն ետք, երբ ռուսական համայնավար յեղափոխութեան պատճառով Թուրքիոյ ճակատին վրայ կռուող ռուսական բանակները ամբողջովին կը լքեն ճակատը, եւ գաղթական հայութիւնը, որ նոր տեղաւորուած էր Կարին, Երզնկա, Մուշ ու Վասպուրական տարածուող շրջաններուն մէջ, ամբողջովին մինակ կը մնար, կը ստիպուէր ապաւինիլ միայն ու միայն հայկական կամաւորական գունդերու պաշտպանութեան: Հետեւաբար կը սկսէր նահանջը համայն հայութեան ու անոր հետապնդումը` թրքական կանոնաւոր բանակներուն եւ քրտական անկանոն ուժերուն կողմէ:
Կոստի Համբարձումեանի գլխաւորութեամբ, Վասպուրականի մէջ կը կազմուի ժամանակաւոր կառավարութիւն մը: Այդ շրջանին Լ. Շաղոյեանին կը յանձնուի Գեաւաշի գաւառապետութիւնը: Սակայն անմիջապէս Վասպուրականի հայութիւնը կը հարկադրուի նահանջել դէպի երեւանեան նահանգ:
Լեւոն Շաղոյեան եւ այլ յեղափոխական մարտիկներ հերոսական կռիւներ կը մղեն Ոստան շրջանին մէջ, նահանջի պահուն: Լեւոն իր ռազմական հմտութեամբ խումբը բաժնած էր չորսի, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ պաշտպանել ժողովուրդը: Ան իր հմուտ եւ պաղարիւն ղեկավարութեամբ յաճախ ծուղակի մէջ ձգած է թրքական ժանտարմաները: Հայ կամաւորներու հերոսական դիմադրութիւնները, Լեւոնի գլխաւորութեամբ, փառաւոր յաղթութեամբ պսակեցին հայրենի երկիրը: Բայց, աւաղ, այդ ազատութիւնը վաղանցուկ եւ կարճատեւ եղաւ:
Արեւմտահայութեան մնացորդները ստիպուած էին ապաստանիլ Արարատեան աշխարհ: Յաճախակի զոհողութիւններն ու կռիւները յանգեցան 1918 մարտ 28-ին, երբ ՀՅԴ-ի Վասպուրականի պատասխանատու մարմինը կ՛որոշէ ժողովուրդը գաղթեցնել դէպի Պարսկաստան: Կը սկսի ոդիսական մը Վասպուրականէն մինչեւ Սալմաստ: Ժողովուրդը կը նահանջէ պաշտպանութեանը տակ իր մարտական ուժերուն, որոնք կը կռուէին գրեթէ չորս կողմէն շրջապատուած վիճակով: Կռիւները ամէնօրեայ էին, գրեթէ տեւական. թշնամին հետեւողականօրէն կը հետապնդէր գաղթող ժողովուրդն ու կռուողները:
Հակառակ պարսկական հող հասած ըլլալնուն` Սալմաստը բաւարար ապահով ապաստան մը չի դառնար ժողովուրդին համար: 1918 յունիս 6-ին ժողովուրդը, Կոստի Համբարձումեանի եւ Լեւոն Շաղոյեանի առաջնորդութեամբ, կը գաղթէ դէպի Ուրմիա` միշտ կռուելով իր կռնակէն ու կողքերէն զինք հարուածող թշնամիներուն դէմ: Այդ կռիւներու ընթացքին է, որ Լեւոն Շաղոյեանի արտակարգ քաջութեան համար քիւրտերը զինք կը մկրտեն «փաշա» տիտղոսով իրենց յօրինած երգերուն մէջ, ու ժողովուրդը կ՛որդեգրէ տիտղոսը: Անհրաժեշտ է հոս փակագիծ մը բանալ Լեւոն Շաղոյեանի «փաշա» կոչման մասին: Ան իր կեանքին մէջ չէր փնտռած ո՛չ փառք, ո՛չ ալ պատիւ, սակայն այդ «փաշա» կոչումը ընդունեց որպէս մակդիր, ծածկանուն: Հեզութեամբ ընդունեց այդ տիտղոսը, զոր քիւրտն ու հայը արժանի նկատած էին զինք այդպէս կոչել իր տարած բազմաթիւ սխրագործական մարտնչումներուն համար:
1918-ի յունիս 30-ին Կոստի Համբարձումեանին հետ կը կազմակերպէ Վանէն հայերու հարկադրական գաղթը դէպի Համատան երթալու եւ անգլիական զօրքերուն միանալու մտադրութեամբ: Սակայն Սային Գալայի մէջ խումբ մը թուրքեր, անգլիական զինուորներու տարազ հագած, դաւ նիւթելով, կը սպաննեն Կոստի Համբարձումեանը: Լեւոն փաշան իր ընկերներով, ակն ընդ ականը որդեգրելով, արժանի պատիժը կու տայ դաւադիրներուն եւ անկէ ետք նահանջող ժողովուրդի առաջնորդի ծանր պարտականութիւնը ամբողջութեամբ իր ուսերուն վրայ առած` կ՛ապահովէ գաղթականներու անվտանգութիւնը: Անգլիական ուժերուն միանալէ ետք հայ գաղթականները եւ Շաղոյեանի ուժերը կը շարժին դէպի Պաղտատ, ապա Պասրայի մօտ կը հիմնեն վրանային քաղաք մը, ժամանակաշրջանի մը համար:
Օրին Լեւոն Շաղոյեան ստանձնեց Միջագետքի հայութեան ապահովութիւնը: Այս պատճառով էր, որ ՀՅԴ Բիւրոն 1919-էն կանոնաւոր նամակագրութիւն կը պահէր Շաղոյեանի հետ: Այդ դժուարին պայմաններուն մէջ Բիւրոն գործուղած էր Արսէն Կիտուրը փոքրիկ գումարով: Միջագետքի տարածքին գործադրելիք խիստ կարեւոր նպատակներ կային, այդ պատճառով ալ Բիւրոն կարեւորութիւն կու տար նոր ազատագրուած շրջանին հետեւեալ նպատակներով.
Ա) Վասպուրականէն նահանջած հայկական զօրամասերու եւ գաղթականութեան հաւաքականութիւնը կարողանայ պահել եւ կարողանայ կապուիլ Բիւրոյի հետ:
Բ) Տարագրուած հայութեան բեկորները հնարաւոր ըլլայ հաւաքել արաբական անապատներէն:
Գ) Միջագետքի դաշնակցականներու միջոցով կարողանայ իրազեկ ըլլալ Հայաստանի հարաւը կատարուած անցուդարձերուն եւ անոնց միջոցով բարեկամական կապ հաստատել հայ ժողովուրդով շահագրգռուող ժողովուրդներու, գլխաւորապէս եզիտիներու, ասորիներու եւ քիւրտերու հետ:
Հակառակ Բիւրոյէն վերոնշեալ վայրը քիչ գումարներ հասնելուն` Բիւրոյի արխիւներէն կ՛երեւի, նոյնիսկ դաշնակցական գործիչներու յուշերէն ալ կ՛եզրակացնենք, որ Միջագետքի ընկերներու անձնուիրութիւնը եւ բացառիկ յամառ տոկունութիւնը մեծ արդիւնքներ տուած են այս առնչութեամբ, յատկապէս մեծ եղած է, ինչո՞ւ չէ, առաջին պատիւը, վերոյիշեալ դժուարին գործի յաջողութեան կը պատկանի Լեւոն փաշային, որ կրցած է իրեն հետ նահանջած Վասպուրականի եւ Պարսկաստանի զինուորներու եւ գաղթականներու կեդրոնական անձնաւորութիւնը դառնալ եւ մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը չբաժնուիլ անոնցմէ:
Լեւոն Շաղոյեանի ջանքերով 8-9000 գաղթականները ծովով ու ցամաքով հասան Հայաստան եւ Պարսկաստան:
1921-ի յունիս 23-ին կ՛որոշուի հայկական վրանաքաղաքը լուծարքի ենթարկել: Ժողովուրդին ստուար մասը կը մեկնի Խորհրդային Հայաստան, մէկ մասը Պարսկաստան, իսկ մէկ մասն ալ կը ցրուի Իրաքի մէջ` Պաղտատ, Մուսուլ, Հապպանիյէ, Քերքուք, Պասրա, Խանախին, իսկ գիւղացի հատուածը` 3000 հոգի, գաղթականութեան կոմիտէի նախագահ Լ. Շաղոյեանի առաջնորդութեամբ կը բարձրանայ Իրաքի հիւսիսը գտնուող Նահր ալ Օմարի մօտ Հաւրէզ գիւղը: Հաւրէզ գիւղը ամայի շրջան մը եղած է, ոչ մէկ շինութիւն գոյութիւն ունեցած է, եղած է քիւրտ քոչուորներու ոչխարներու արօտատեղիներ: Հաւրէզի մէջ կայք հաստատեց Լ. Շաղոյեան, զբաղեցաւ ջաղացպանութեամբ եւ Հաւրէզի ու շրջանի ցորենը կ՛աղար:
1930-ական թուականներուն գիւղը բաւական զարգացում կ՛ապրի, կ’ունենան իրենց դպրոցը եւ եկեղեցին եւ այլն: Բաւական զարգանալով` շրջանի հայկական կեդրոնը կը դառնայ:
Լեւոն փաշա գիւղէն պարբերաբար դուրս եկած է միայն կուսակցական կամ առողջական պատճառներով: Ուստի 1958-ին դարմանուելու նպատակով անցած է Լիբանան:
Լեւոն Շաղոյեան իր կեանքի վերջին երկու տարիները քայքայուած առողջութեամբ ապրած է կրկին Իրաք, սակայն` Պաղտատի մէջ: Ան իր մահկանացուն կնքեց թոքատապի պատճառով, երեքշաբթի, 6 օգոստոս 1974-ին, Պաղտատի Սեն Ռաֆայէլ հիւանդանոցին մէջ: Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երեք օր ետք` ուրբաթ, 9 օգոստոսին:
Լեւոն Շաղոյեան մասնակցած է ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներուն` 1933-ին, 1937-ին, 1947-ին, 1951-ին, 1955-ին, 1959-ին, 1963-ին եւ 1967-ին:
Լեւոն փաշայի յատկանիշներէն եղած է ընթերցասիրութիւնը: Ան մեծ ընթերցող եղած է, կարդացած է միայն ու միայն քաղաքական գրականութիւն եւ մամուլ:
Շաղոյեան, պատանի տարիքէն, կարծես յեղափոխական ըլլալու հարկադրանքը պատճառ եղած է, որ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը մնար ՄԻՆԱԿ, թէեւ իր գաղափարակիցներն ու հարազատները համախմբուած էին անոր շուրջ:
Այս բոլորէն կ՛եզրակացնենք, որ Լեւոն Շաղոյեան` որպէս յեղափոխական գործիչ, եղաւ անվախ, անբասիր գործիչ մը: Եղաւ համեստ ու հեզ, առաջին իսկ անընդունելի անարդարութեան առիթով իր ըմբոստ հոգին պոռթկացող: Կեանք մը, որուն էջերուն մէջ կրնանք մեր ազգային նկարագրին համար հպարտութեան պատգամներ գտնել:
Կը բաւէ միայն, որ տեսնենք անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին ներքին տառապանքն ու մտածումը` իր հոգին եւ ուղեղը տանջող, որովհետեւ ան ապրեցաւ մտահոգութիւնը սփիւռքահայութեան ապագային ու Հայ դատի լուծման խոչընդոտներուն, դժուարութեանց: Անոր մտասեւեռումը սփիւռքի հայ ժողովուրդին ճակատագիրն էր ու հայապատկան հողերու ամայացած վիճակը:
Ի զուր չէ, որ Հաւրէզքի բնակիչները, վառ պահելու համար Լ. Շաղոյեանի անմեռ յիշատակը, վերջերս կառուցած են «Լեւոն փաշա Շաղոյեան» սրահ:
Այսօր աւելի կրնանք ըմբռնել անոր ռազմավարական կարողութիւնը, զոր իր սրատես քաղաքականութեամբ կը գուշակէր: Անցնող իւրաքանչիւր տարին մեզ կը դնէ աւելի դժուար կացութիւններու առջեւ, քիչ մը աւելի կը հեռացնէ Երկրէն մեր ժողովուրդը, որ կը սկսէր վարժուիլ ու համակերպիլ արտասահմանեան տեղայնական պայմաններուն:
Լեւոն փաշա Շաղոյեանի վերոնշեալ բեղուն գործունէութիւնը ինքնին մղած էր, որ Լեւոն Գաթրճեան 1983-ին իր նոր հրապարակած ձայնապնակին մէջ «Շաղոյեան փաշա» վերնագրով յօրինած երգին տեղ տար:
Հայ երգի տարածման իւրայատուկ ներկայացուցիչներէն Լեւոն Գաթրճեան ծնած է Հալէպ, 10 յուլիս 1940-ին, քսան տարեկանին անցած է Պէյրութ, ուր հետամուտ կ՛ըլլայ իր բնատուր ձայնը զարգացնելու Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ: Ան իր առաջին անհատական համերգը տուած է 1964-ին, Պէյրութի մէջ: Լեւոն իր առաջին երգը գրած է 1967-ին: Ան ճանչցուած է ժողովրդական եւ աշուղական, յատկապէս Սայաթ Նովայի երգերու կատարումներով: Եղած է առաջին հայ երգիչը, որ 1981-ին լրիւ հայկական երգացանկով երգած է Փարիզի հռչակաւոր «Օլիմփիա» սրահին մէջ: Համերգներ տուած է հո՛ն, ուր հայ կայ` Պէյրութ, Հալէպ, Կիպրոս, Քուէյթ, Միացեալ Նահանգներ, Եգիպտոս, Իրան եւ այլ երկիրներ: 1971-ին առաջին անգամ ըլլալով կը հրաւիրուի Հայաստան, ուր Ֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ կու տայ համերգ մը. այդ ելոյթէն անմիջապէս ետք ան կը շրջի Հայաստանի ամբողջ տարածքին` տալով 14 համերգներ: Կատարած է ձայնագրութիւններ եւ մասնակցած է Սայաթ Նովայի նուիրուած փառատօնին:
1975-ին հաստատուած է Քալիֆորնիա:
Գաթրճեան 2009 սեպտեմբերի վերջը, Երեւանի մէջ, իր տուած համերգին աւարտին, ձեռնադրուեցաւ աշուղ: Այս երեւոյթը բնականաբար համազօր է թագադրութեան:
2010-ին համերգային ծրագիրով հանդէս եկած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, իսկ 2005-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին արժանացած է:
Ան հեղինակ է բազմաթիւ երգերու. համերգներ տուած է նաեւ ի նպաստ Արցախի:
Սփիւռքի հայ երգարուեստի հռչակաւոր անձնաւորութիւններէն Լեւոն Գաթրճեան 1 յուլիս 2022-ին իր մահկանացուն կնքեց:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Լեւոն Գաթրճեանի հեղինակած «Շաղոյեան փաշա» երգը:
ՇԱՂՈՅԵԱՆ ՓԱՇԱ
(Լեւոն Շաղոյեանի յիշատակին)
Անունդ մեր մտքում,
Պատկերդ մեր սրտում,
Կ՛ապրես դու միշտ մեզ հետ,
Դարեր առյաւէտ:
Կրկներգ.-
Ծնունդդ Հայոց Ձոր,
Քաջութեամբդ ամէն օր,
Կը յիշուիս ամէնուր,
Կ՛ապրիս դու միշտ մեզ հետ,
Հաւատա, ազգդ վկայ,
Շաղոյեան փաշա (կամ` ո՛վ Լեւոն փաշա):
Գեղջուկը քեզ տուաւ
Փաշայի կոչում,
Ջան ֆետան քեզ տուաւ
Հերոսի անուն:
Կրկներգ.-
Ծնունդդ Հայոց Ձոր…
Մեր որդիք սովորեն,
Թէ ինչպէս պայքարեն,
Յանուն ազատութեան,
Զոհուիլ քաջօրէն:
Կրկներգ.-
Ծնունդդ Հայոց Ձոր…
Լ. Գաթրճեանի հայրենասիրութիւնը այնքան անմիջական եւ հարազատ է, որ զայն արտայայտող երգն ալ նոյնքան մարտաշունչ եւ ազգային ուժականութիւն ունի: Այսպէս, այս երգին մէջ կը տեսնենք, որ երգի բառերուն տողերը խիստ կարճ են, երգընթացը` վանկային: Միւս կողմէ` գեղագիտական նրբութիւնները կամովին գրաւած են երկրորդական տեղ. բուն նպատակը քարոզչական է, աւելի՛ն, դաստիարակչական է` նոր սերունդը ոգեւորող, թէ՛ բառերով, թէ՛ երաժշտութեամբ: Գաթրճեանի տողերը երիտասարդութեան կը ծանօթացնեն Լեւոն փաշա Շաղոյեանի կենսագրութիւնը, ծննդավայրը, սխրանքները, սակայն իրական եւ իրապաշտ կեցուածքը կը կայանայ մեր զաւակներուն ուսուցանել, թէ անոնք ինչպէ՛ս պէտք է պայքարին յանուն ազատութեան եւ զոհուին քաջօրէն:
Հոն չենք տեսներ ընկճուածութեան տողեր, ողբագին` լացի ու ողբի արտայայտութիւններ: Հոն ցայտուն կերպով որոշ բառերու ձայնաւորներ կ՛ենթարկուին շեշտադրումի իւրայատուկ ընդգծումի, երբ երգէն անդին` հարկ է խորհրդածել ըսուած խօսքին մասին, օրինակ` «Կ՛ապրիս դու միշտ մեզ հետ, հաւատա, ազգդ վկայ, Շաղոյեան փաշա (կամ` ո՛վ Լեւոն փաշա)»:
Երգին երաժշտութիւնը կառուցուածքով աշխուժ եւ խանդավառ ելեւէջներ ունի: Ձայնաշարերու սահուն շարահիւսուած ագուցուածքով կ’արտայայտէ պայքարի ու հերոսութեան բորբոքն ու թելադրողական պատգամները:
Լեւոն Գաթրճեանի ստեղծագործած այս երգը առաջին հերթին ցոյց կու տայ անոր հայրենասիրութիւնը, ազգասիրութիւնն ու մանաւանդ երգի ընդմէջէն նոր սերունդին ներկայացնել մեր դաշնակցական մարտիկներէն ու գործիչներէն Լեւոն փաշա Շաղոյեանը, հայ յեղափոխական մարտիկ մը, ժողովուրդի առաջնորդ մը, ժողովուրդի ծառայ մը, որ կեանք մը ամբողջ հայրենիքով ու ազգով տառապեցաւ, կեանք մը ամբողջ հայրենիքին ու ազգին նուիրեց:
Վերջապէս, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան արիւնոտ դաշտին մէջ սնանած ու թրծուած, բարձր ու ազնիւ յատկութիւններով օժտուած Լեւոն փաշա Շաղոյեանի կերպարը այս անգամ մեզի կը ներկայանայ ոչ թէ յեղափոխական դէմքի կամ պատմական յօդուածով մը, այլ` երգի ընդմէջէն: Հետեւաբար այս երգը կը ներառուի ազգային-յեղափոխական երգարուեստի բնագաւառին մէջ:
Այս երգով միշտ վառ պիտի մնայ Լեւոն փաշա Շաղոյեանի յիշատակն ու աւանդը, տեւապէս մեծարելի հայ ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան խոնարհ հերոսին գործունէութիւնն ու յատկութիւնները:
Մեզի կը մնայ «Շաղոյեան փաշա» երգը ապրեցնել, երգել ու տարածել, պատկանելիութեան գիտակցութիւնը, յեղափոխական ոգին փոխանցել նոր սերունդին, քանի որ անհրաժեշտ է յեղափոխականութեան աւանդոյթի շարունակականութիւնը պահել: