Երկրի տնտեսական ընկերային ծանր տագնապը իր ճնշիչ անդրադարձը կ՛ունենայ մեր ժողովուրդին վրայ:
Առ այդ, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը, շարունակելով հայրենակիցներու կարիքներուն հասնելու եւ տարբեր ծառայութիւններ մատուցելու աշխատանքը, յունուար 2021-էն հոկտեմբեր 2021, յատկապէս առողջապահական ոլորտին մէջ, (հիւանդանոցային, դեղորայք եւ բժշկական տարրալուծարանի քննութիւններ) օգտակար դարձած է 642 պարագայի` անոնց յատկացնելով 844.000.000 լիբ. ոսկի (ութ հարիւր քառասուն չորս միլիոն լիբ. ոսկի) օժանդակութիւն:
Խորապէս կը գիտակցինք, որ երկրին առողջապահական մարզը կը դիմագրաւէ աննախընթաց տագնապ, որ սկսած է սպառնալ քաղաքացիներու առողջութեան, սակայն մեր ճիգերուն ամբողջական լարումով կը փորձենք հասնիլ մեր հայրենակիցներու կարիքներուն:
Կը վստահեցնենք, որ պիտի շարունակենք թիկունք կանգնիլ մեր ժողովուրդին:
Հաւատացած ենք, որ միասնաբար կը դիմագրաւենք այս տագնապն ալ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ