Երէկ` հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուեցաւ «Տագնապը եւ մենք» յայտագիրի (զրուցավար` Հուրի Փափազեան-Էմմիեան) հարցազրոյցը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ:
Հարցազրոյցի ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին քաղաքական տագնապին, վերջին օրերու իրադարձութիւններուն եւ գալիք օրերու հաւանական զարգացումներուն:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը պիտի հրապարակուի «Ազդակ»-ի վաղուան թիւով: