ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 18 հոկտեմբեր 2021-ին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Քլոտին Աուն-Ռուքոզի եւ ներկայութեամբ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի:
Քլոտին Աուն-Ռուքոզ ներկայացուց խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ կնոջական քոթայի (չափաբաժին) առնչուող Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին ծրագիրը, որուն հիմնական նպատակն է ապահովել կիներու մասնակցութիւնը քաղաքական որոշում տուող մարմիններուն մէջ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին զանազան կարելիութիւնները քննարկելէ ետք երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար կնոջական քոթայի հարցը սկզբունքային է եւ նորութիւն չէ: Ան դիտել տուաւ, որ տասնամեակներէ ի վեր արդէն ՀՅ Դաշնակցութիւնը կին ներկայացուցիչներ ունեցած է թէ՛ քաղաքապետական խորհուրդներուն, թէ՛ պետական պաշտօնէութեան մէջ, իսկ կուսակցութեան կանոնագրութեան մէջ արդէն կնոջական մասնակցութեան վերաբերող, յատկապէս որոշումներ կայացնող մարմիններու մէջ, համապատասխան կանոնագրային յօդուած գոյութիւն ունի: Ուստի, Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ սկզբունքայնօրէն արդէն Դաշնակցութիւնը եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը կնոջական քոթային նկատմամբ միշտ ալ դրական մօտեցում ցուցաբերած են: