ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց խորհրդարանական ընտրութիւններու Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան նախագահ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Կիորկի Հոլվենին, որ կը գլխաւորէր հնգանդամ պատուիրակութիւն մը:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին, անդրադար_ձ կատարուեցաւ կիրակի օր կայանալիք ընտրութեանց, ընտրական օրէնքի բացթողումներուն, հաւանական խախտումներուն եւ դիտորդներու դերակատարութեան:
Բագրատունի պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուց Լիբանանի հայութեան եւ յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան տեսակէտները ընտրութեանց կապակցութեամբ` շեշտելով նիւթական եւ քարոզչական անհաւասար մրցակցութեան բացթողումներուն ու օտար հեղինակութեանց միջամտութիւնը:
Արծարծուեցան նաեւ յաջորդ կառավարութեան եւ նախագահական ընտրութեան հարցերը: