Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Ֆանար եւ մօտէն հետեւեցաւ ատամնաբուժարանի աշխատանքներուն

April 8, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Ֆանար եւ մօտէն հետեւեցաւ ատամնաբուժարանի աշխատանքներուն

Լէյլաւանի Մէջ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ատամնաբուժարանի Հաստատման Առիթով

Լէյլաւանի մէջ «Գարակէօզեան» հաստատութեան ատամնաբուժարանի հաստատման առիթով, հինգշաբթի, 7 ապրիլ 2022-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ֆանար այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան եւ Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեան:

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ Բագրատունի գնահատեց անցնող տարիներուն Լէյլաւանի մէջ «Գարակէօզեան» հաստատութեան բեղուն աշխատանքը` մաղթելով, որ յառաջիկային առաւել եւս կը ճիւղաւորուին աշխատանքները: Ան նշեց, որ ծառայողական-առողջապահական աշխատանքներուն մէջ ատամնաբուժարանը էական բաժանմունք է, որ յառաջիկային մեծապէս պիտի նպաստէ շրջանի կարիքներուն: Բագրատունի շեշտեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը լիբանանահայ իրականութեան մէջ ունի իր ուրոյն տեղն ու դերը, եւ անոր ներդրումը այսօրուան տագնապալի օրերուն առաւել եւս կարեւոր է: Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ գաղութը կը պահպանուի հաստատութիւններով, որոնք հիմնուած են հաւաքական-ազգային շահերու տրամաբանութեամբ եւ որոնք իրենց ծառայութիւնները կը կատարեն առանց փոխադարձ ակնկալութիւններու, այլ` միմիայն մարդասիրական-բարեսիրական նպատակադրումներով:

Իր կարգին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան ըսաւ, որ Լէյլաւանը «Գարակէօզեան» հաստատութեան համար իր իւրայատուկ տեղն ու կարեւորութիւնը ունի, որովհետեւ կը կրէ Լէյլա Գարակէօզեանի անունը: Ան նշեց, որ շրջանի կոմիտէին հետ անցեալին արդէն իսկ բազմաթիւ աշխատանքներ իրականացած են, եւ գալիք ամիսներուն կը ներկայացուին նոր ծրագիրները, որոնցմէ մէկն է Լէյլաւանի երկրորդ ամառնային դպրոցի կազմակերպումը: Օհանեան հաստատեց, որ ատամնաբուժարանը հաստատուած է Ճափոնի դեսպանատան նիւթական ներդրումով, եւ բաժանմունքը պիտի գործէ շաբաթական չորս օրերու ընթացքին, երկու ատամնաբուժներու հսկողութեամբ: Սերոբ Օհանեան հաստատեց, որ շրջանի կոմիտէին գործակցութիւնն ու արհեստավարժ վերաբերմունքը կը նպաստեն, որ շրջանին մէջ աշխատանքները ունենան հեզասահ եւ արդիւնաւոր ընթացք:

Ապա ներկաները այցելեցին «Գարակէօզեան» դարմանատուն` մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի գործունէութեան եւ ի մասնաւորի ատամնաբուժական բաժանմունքին: Յայտնենք, որ ատամնաբուժարանի կողքին, շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ դարմանատուն կ՛այցելեն ընդհանուր մասնագիտութեամբ երկու բժիշկներ` հետեւելու շրջանի հայորդիներու առողջապահական վիճակին, ըստ կարիքի կատարելու հայորդիներու բնակարաններու այցելութիւններ եւ մատուցելու համապատասխան ծառայութիւններ:

 

Previous Post

Turkey reports 9,354 new coronavirus cases, 36 more deaths

Next Post

American companies view Turkey as regional hub, US official says

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.