ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառումով մը վերյիշեց 13 ապրիլ 1975-ին բռնկած քաղաքացիական պատերազմը ու այս գծով կոչ ուղղեց երկխօսութեան, որպէսզի 13 ապրիլի ողբերգութիւնը չկրկնուի:
Ստորեւ` երեսփոխան Բագրատունիի գրառումը.
«Որպէսզի չկրկնուին ողբերգութիւնն ու իրարու դէմ կռիւները,
Որպէսզի սպանդէն ետք լուծումը չգայ ի հեճուկս հայրենիքին,
Որպէսզի չկրկնուի 13 ապրիլը,
Եկէ՛ք` իբրեւ եղբայրներ այս հայրենիքին մէջ,
Խորհրդակցի՛նք` փոխան կռուելու,
Ողջագուրուի՛նք` փոխան վիճելու,
Որպէսզի չկրկնուի քաղաքացիական պատերազմը»: