Աւետիք Իսահակեան – հայ մեծ գրող եւ բանաստեղծ :
Արձանին բաղադրութիւնը՝ պրոնզ եւ կրանիթ, հեղինակ` Սարգիս Պաղտասարեան, ճարտարապետ՝ Լիպարիտ Մատոյեան։
Տեղադրուած է 1965 թուականին Օղակաձեւ այգիին մէջ, Խանջեան և Աբովեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ, այժմ Երիտասարդական մետրոկայանի մօտ։
Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին: