ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2019-ին, կէսօրէն առաջ ժամը 11-ին, Երեւանի Ազգային գրադարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով գրականագէտներու, գրողներու, բանասէրներու, մտաւորականներու եւ մշակութասէրներու տեղի ունեցաւ «Ընթերցողների հանդիպում՝ ամերիկահայ գրող, կրթական մշակ եւ մտաւորական Գէորգ Պետիկեանի հետ» խորագիրով մշակութային գեղեցիկ ցերեկոյթը:
Պէտք է յիշենք, որ վերջերս նաեւ մեծ յաջողութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած էր Պետիկեան գրողին նոր լոյս ընծայած «Ես Տեսայ Անին» հատորին շնորհահանդէսը, (Ա. Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջ), որուն ընթացքին խօսք առած էին անուանի համալսարաններու հանրայայտ բանախօսներ:
Ընթերցողներու հետ վերեւը նշուած հանդիպման ներկաները նախ լսեցին ամերիկահայ գրող Պետիկեանի գրական արժանիքներուն մասին, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ իր 8-րդ հատորէն պատմուածքի մը ընթերցումը, այս ձեւով որոշ գաղափար մը հրամցուեցաւ գրողին գրական ոճին, մաքուր եւ սահուն արեւմտահայերէնին, հիւմուրով խառն ու հաճելի լեզուին եւ ներկայացուցած դէպքերուն ու պատկերներուն հարազատութեան:
Ձեռնարկին յաջորդաբար խօսք առին ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, վաստակաշատ կրթական մշակ Ճուլիէթա Գալստեան, ծանօթ մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Գէորգ Եազըճեան եւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտ Խաչատրեան:
Բոլոր խօսք առնողներն ալ նախ վեր առին հեղինակ Պետիկեանի գրական վաստակն ու արժէքը ապա շնորհաւորեցին ու յաջողութեան եւ արեւշատութեան բարեմաղթութիւններ կատարեցին:
Աւարտին, իր սրտի խօսքով եւ յուզումով ելոյթ ունեցաւ հեղինակ Գէորգ Պետիկեան, մեծապէս տպաւորելով մշակութասէր ներկաները:
Ապա տեղի ունեցան մտերմիկ հարցում-զրոյցներու եւ նկարուելու յիշատակելի բաժինները՝ գրողին ու ընթերցողներու հետ:
Բոլոր ներկաները Պետիկեանի նախկին կամ նոր հատորներէն մէկական նուէր ստացան: