Հինգշաբթի, 25 Յուլիս, 2019-ին, կէսօրէն ետք ժամը 3-ին, Երեւանի «Ա. Իսահակեան»ի անուան գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկաբնակ ծանօթ գրող, մտաւորական եւ կրթական մշակ Գէորգ Պետիկեանի նոր լոյս ընծայած «Ես Տեսայ Անին» հատորին շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին, հեղինակին եւ անոր տիկնոջ կողքին ներկայ էին Պետիկեանի Երեւանաբնակ նախկին աշակերտ-աշակերտուհիներէն շատեր, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէի ճեմարանականներ, հայրենի մտաւորականներ եւ հալէպցի ու հայրենի մշակութասէրներու հոծ բազմութիւն մը:
Պէտք է յիշել, որ երեկոն նախաձեռնած էին «Ա. Իսահակեան»ի անուան գրադարանի տնօրէնուհի Յասմիկ Կարապետեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտա Խաչատրեան եւ ծանօթ մտաւորական Գէորգ Եազըճեան:
Իբրեւ օրուան յայտագիր նախ Այիդա Ասատուրեան ընթերցեց հատորէն «Խոստովանանք» պատմուածքը, ապա յաջորդաբար խօսք առին Գէորգ Եազըճեան, Ջուլիետա Գալստեան, Լրագրողներու միութեան անդամ Մարիամ Ստեփանեան եւ դոկտոր Խաչատրեան:
Բոլոր խօսք առնողները հատորէն յատուկ պատմուածքներ ընթերցեցին եւ նոյն ժամանակ վեր առին Պետիկեան արեւմտահայ գրողի տաղանդն ու ոճը, անոր սահուն եւ հիւմուրով լեզուն, անոր կեանքն ու ցարդ հրատարակած 7 հատորներէն բխող սփիւռքահայ գրողի արժէքը:
Ելոյթ ունեցաւ հեղինակ Պետիկեան՝ մեծապէս տպաւորելով ներկաները, ապա ան մակագրեց իր նուիրած բոլոր հատորները:
Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ ներկաները երկար ու կարօտով զրուցեցին գրող- հեղինակ-ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեանի հետ: Տեղի ունեցաւ նաեւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը: