Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Նշուած Է Բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի Ծննդեան 100ամեակը

October 23, 2014
in Մշակութային
0
Երեւանի Մէջ Նշուած Է Բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի Ծննդեան 100ամեակը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի քաղաքապետարանը, Մուշեղ Իշխանի անուան թիւ 5 հիմնական դպրոցի աշակերտներու եւ ուսուցչական կազմի մասնակցութեամբ, կազմակերպած է բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, հրապարակախօս եւ մանկավարժ Մուշեղ Իշխանի 100ամեակին նուիրուած յուշ–երեկոյ: Առնօ Բաբաջայեանի անուան համերգային դահլիճին մէջ ցուցադրուած էին բանաստեղծին կեանքին եւ ստեղծագործական ուղիին նուիրուած փաստավաւերագրական նիւթեր, լուսանկարներ:
Ներկայ էին Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան, ինչպէս նաեւ գրողներ, սփիւռքահայ հիւրեր եւ աշակերտներ: Քաղաքապետին անունով ողջունելով ներկաները եւ ընդգծելով, որ 2014 թուականը յայտարարուած է Մուշեղ Իշխանի ծննդեան յոբելենական տարի, Արամ Սուքիասեան կարեւոր նկատած է հայ գրականութեան մէջ իրենց ուրոյն դրոշմը ունեցած ստեղծագործողներու մեծարումն ու նոր սերունդի դաստիարակութեան հարցին մէջ անոնց գրական ժառանգութեան դերը:
Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուած են բանաստեղծին 100ամեակին նուիրուած ասմունքի համաքաղաքային մրցոյթին յաղթած եւ աշակերտական գիտական ընթերցումներու մրցանակին արժանացած աշակերտները: Բանաստեղծին անունը կրող դպրոցի սաներն ու Երեւանի թատրոնի ու շարժապատկերի պետական հաստատութեան ուսանողները ընթերցած են գրողին ստեղծագործութիւններէն, բեմադրուած են «Ժամադրութիւն», «Ցուցափեղկին աղջիկը» եւ «Մեռնիլը Որքան Դժուար Է» գործերը:

Previous Post

«Անահիտ» Շարժանկարի Պաշտօնական Ծանուցաժապաւէնը Համացանցի Վրայ Է

Next Post

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ՄԷՋ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.