Չորեքշաբթի 9 Հոկտեմբեր 2013, կէսօրէ ետք ժամը 14:00, Հայաստանի գրողներու միութեան դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ ամերիկահայ գրող Յովսէփ Նալպանտեանի «Մեսրոպ Մաշտոց Մեծասքանչը» գիրքին շնորհանդէսը:
Միջոցառմանը ներկայ պիտի ըլլան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահի պաշտօնակատար Էտուարտ Միլիտոնեանը: Ելոյթ պիտի ունենան ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ, բ.գ.թ. Սերժ Սրապիոնեանը, ՀՀ ԳԱԱ Մ.Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտի տնօրէն Աւիկ Իսահակեանը, ՀՊՄՀ Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ, «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն բ. գ. դ. պրոֆեսոր Սուրէն Դանիէլեանը, ԵՊՀ ժուռնալիստիկայի ֆակուլտետի դեկան. բ.գ.թ.Նաղաշ Մարտիրոսեանը:
Ասմունքով հատուածներ պիտի ներկայացնէ Ջիւան Սարգսեանը, Մաշտոցի շարականները պիտի կատարեն Անոյշ Մելքումեանը եւ Լուիզա Երեմեանը: