Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, որմէ ստացաւ պաշտօնական հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու 24 ապրիլ 2021-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկներուն:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Աթաբէկեանին` անոր յայտնելով, որ յանձնարարած է երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին` Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք միջոցառումներուն մասնակցելու իբրեւ հանրապետութեան նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ: