ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- «Երեւանեան հեռանկարներ» երաժշտական միջազգային փառատօնին եւ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին նախաձեռնութեամբ, 4 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Ազգային ժողովի այգիին մէջ տեղի պիտի ունենայ Վերտիի «Թրաւիաթա» օփերայի կատարումը: Նախաձեռնութիւնը պիտի իրականանայ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Կազմակերպիչները այսպիսով կ՛ուզեն մշակութային զօրակցութիւն յայտնել վերջերս պայթումէն տուժած Պէյրութին, որ յայտնի է նաեւ «Արեւելքի Փարիզ» անունով:
Տոմսերէն եկած ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Պէյրութի մէջ աղէտէն տուժած մշակութային կեդրոններու վերկանգնման: Հաւաքուած գումարը պիտի կրկնապատկուի ՀԲԸՄին կողմէ։
Տոմսերը կը վաճառուին առցանց։