Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Երեւան անթոյլատրելի կը նկատէ Լաչինի վերաբերեալ Պաքուի յայտարարութիւնը

August 5, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Route passing through Lachin Corridor can be changed only according to a plan approved by all parties – Armenia MFA

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական Երեւան անթոյլատրելի նկատեց Լաչինի վերաբերեալ Պաքուի կատարած յայտարարութիւնը: Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ այդ յայտարարութիւններով Ատրպէյճան կը փորձէ միակողմանիօրէն փոփոխել եռակողմ յայտարարութեան 6րդ կէտով սահմանուած Լաչինի միջանցքին վերաբերող իրաւական դրութիւնը: Նախարարութիւնը վերահաստատեց, որ Լաչինի միջանցքով անցնող երթուղին կրնայ փոխուիլ միայն յայտարարութիւնը ստորագրած կողմերու՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ հաստատած ծրագիրին համաձայն:

«Ինչպէս յստակ սահմանում է Նոյեմբերի 9ի յայտարարութիւնը՝ կողմերի համաձայնեցմամբ յառաջիկայ երեք տարուայ ընթացքում կ՛որոշուի Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կապն ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր երթուղու կառուցման պլանը (ծրագիրը), ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետագայ վերատեղաբաշխմամբ՝ այդ երթուղու պահպանութեան համար:

«Ընդգծում ենք, որ մինչ օրս եռակողմ ձեւաչափով հաստատուած նման պլան չկայ, եւ եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կողմերին կոչ ենք անում հաւատարիմ մնալ իրենց կողմից ստանձնած պարտաւորութիւններին, անյապաղ ջանքեր գործադրել Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեամբ հաստատուած պայմանների իրագործման, ներառեալ՝ հրադադարի ռեժիմի պահպանման, տարածաշրջանային կոմունիկացիաների բացման, ռազմագերիների, պատանդների, այլ պահուող անձանց վերադարձման ուղղութեամբ: Հայաստանը, եւս մէկ անգամ վերահաստատելով իր հավատարմութիւնը տարածաշրջանում խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու օրակարգին, միջազգային հանրութեանը կոչ է անում միջոցներ ձեռնարկել Ադրբեջանի ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) կեցուածքը եւ գործողութիւնները կասեցնելու եւ դրա համար անհրաժեշտ միջազգային մեխանիզմներ (գործիքակազմեր) գործարկելու ուղղութեամբ», նշեց նախարարութիւն:

Պաքու արձագանգեց այս յայտարարութեան՝ դիտել տալով, որ «կեղծաւորութիւն» է 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները խախտելու մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն իրենց ուղղուած մեղադրանքը:

«Յղում կատարելով եռակողմ յայտարարութեան 6րդ կէտին՝ Ատրպէյճանը դատապարտող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կը տեղեկացնենք, որ Լաչինի միջանցքով նոր ճանապարհի կառուցումը ամիսներ շարունակ կ՛իրականացուի պայմանաւորուած երթուղիով, եւ հայկական կողմը բաւական տեղեկութիւն ունի այդ մասին», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Ատրպէյճանական նոյն նախարարութիւնը կը պնդէ, որ՝ «եթէ հայկական կողմը շարունակէ տարբեր պատրուակներով ձգձգել իր պարտաւորութիւններու կատարումը, այդ անգամ մը եւս պիտի փաստէ եռակողմ յայտարարութեան իրականացման վերաբերեալ Հայաստանի ապակառուցողական եւ քայքայիչ դիրքորոշման մասին»:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պնդէ, որ Ատրպէյճան ամբողջութեամբ կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները եւ նոյնը կը պահանջէ Հայաստանէն: «Հայաստան Ատրպէյճանը կը մեղադրէ յարձակումին համար, բայց Հայաստան առայսօր Ատրպէյճանէն դուրս չէ բերած իր ապօրինի զինուած զօրամիաւորումները: Ատրպէյճան միանգամայն օրինական ուղիով կը պաշտպանէ իր ապահովութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Previous Post

Turkey won’t ratify Nordic countries’ accession to NATO unless promises are fulfilled: minister

Next Post

Former cadets call on top court to reverse decision upholding their life sentences

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.