ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ, 28 Յուլիսին աւարտեցաւ երկու հայ գերիներու՝ Գէորգ Սուջեանի եւ Դաւիթ Դաւթեանի «դատավարութիւնը»:
Դատարանը զանոնք դատապարտեց 15 տարուան բանտարկութեան, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ալի Մամետովի նախագահութեամբ ընթացող նիստին դատախազը շարք մը շինծու յանցանքներով ամբաստանուած մեղադրեալներէն իւրաքանչիւրին համար պահանջած էր 16 տարուան բանտարկութիւն:
Սուջեան յայտնեց, որ ինք Արցախ կը գտնուէր մարդասիրական նպատակներով: