18 Օգոստոսին, Ռեազանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հնագոյն քաղաքներու միջազգային Հաւաքը, որ պիտի միաւորէ առաւել՝ քան 500 տարուան պատմութիւն ունեցող քաղաքները:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ հաւաքին հիմնական նպատակը ազգամիջեան եւ միջմշակութային փոխգործակցութեան զարգացումն է, միջտարածաշրջանային եւ միջազգային կապերու ամրապնդումը, ներգնայ եւ արտագնայ զբօսաշրջութեան զարգացումը:
Հաւաքին ընթացքին իրենց մշակոյթը, աւանդոյթները, ձեռքբերումները պիտի ներկայացնեն ԱՊՀ անդամ 7 երկիրներու, Ռուսիոյ 8 շրջանի 18, ինչպէս նաեւ 9 այլ երկրներու 15 քաղաքի պատուիրակութիւնները: Հաւաքին պիտի մասնակցի նաեւ Երեւանի պատուիրակութիւնը: