Հանրածանօթ երգչուհի Մըրայա Քերի, Ամանորի նախաշեմին, Պրունէյի Սուլթանին զաւակին խնդրանքով յատուկ համերգ մը ունեցաւ, Լոնտոնի «Տորչեսթըր Հոթէլ», հինգ աստղանի պանդոկին մէջ: Համերգին նաեւ մասնակցեցաւ վեթերան երգչուհի Տայանա Ռոսը: Հրաւիրեալներուն մէջ կը փայլէր Սոֆիա Լորէնը: Քերի՝ միայն երեք երգ կատարեց արքայազն Ազիմի խնդրանքով եւ ստացաւ մէկուկէս միլիոն տոլար արժողութեամբ վճարագիր մը: