Պայքար -229, 6 Յունիս 2021
Հրատապութեան Կարգով
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
Արցախեան գոյամարտը, անկախաբար իր ստեղծած ահաւոր տագնապներէն, սուր ցաւերէն, ողբերգական տեսարաններէն եւ կործանարար հետեւանքներէն, այնպիսի երեւոյթներու եւ ապշեցուցիչ իրողութիւններու դուռ բացաւ, որ ուղղակի փշաքաղիչ ու ցնցիչ էին (եւ ե՛ն)։
Ժողովուրդին ամբողջ կենցաղը, վերաբերմունքը, հայեցողութիւնը, դատողութիւնը, արտայայտութիւնը, կողմնորոշումը, դիտարկումը եւ ընդհանրապէս հոգեբանական ու բարոյական իրավիճակը, կարծես լրիւ ձեւափոխուած է եւ որոշ չափով ալ՝ այլափոխուած։
Բնական է, ինչ որ պատահեցաւ Արցախի մէջ, իր ներքին թէ արտաքին դրսեւորումներով… շանթահարիչ էին, ոչ ոք կ’ակնկալէր կամ կ’երազէր, ոչ ալ կը հաւատար կամ կ’ընդունէր, որ այդ հայատարածքը կրնար ենթարկուիլ նման սոսկալի ճակատագիրի։
Ամբողջ հայ ժողովուրդը, իր բոլոր հատուածներով, կ’ապրէր Արցախով, ա՛յն հայրենական անբաժան միաւորով, որ ամբողջ պատմութիւն մըն էր, հարազատ սեփականութիւն մը, անխառն նուիրականութիւն մը, սակայն, յանկա՜րծ, ան անճիտուեցաւ ու բեկորացաւ, խոր յուսախաբութիւն եւ անսահման յուզմունք պատճառելով հայութեան, ի տես այդ կորուստին եւ անկումին։
Այսօր, հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ նոր ու բազմապիսի դժուարութիւններ, որոնք տարբեր ձեւակերպումներով ու միջոցառումներով կը բնորոշուին, իսկ ատոնք կը տեսնուին ու կը զգացուին գրեթէ բոլոր մարզերէ ներս։
Միթէ նշմարելի չէ՞, որ Արցախեան «ուրուական»ը ամենուրէք է, կը հալածէ ու կը հետապնդէ հայութեան այն հատուածները, որոնք այս կամ այն ձեւով կը վերաբերուին յետարցախեան գոյամարտին հետ, զայն ծառայեցնելով իրենց ինքնանպատակային ծրագիրներուն կամ զայն մղելով դէպի իրենց ընչաքաղցութեանց ուղիները։
Իսկ այս ճգնաժամային ու գահավիժային սանձարձակութիւններէն ինչպէ՞ս կրնայ օգտուիլ ժողովուրդը, երբ ամէն տեղ կը տիրէ զգալի ամլութիւն ու մշուշապատութիւն, հակամարտութիւն ու հակառակորդութիւն, այս անգամ՝ ոչ թէ թշնամիին կողմէ կամ թշնամանական վերաբերմունքներէ, այլ՝ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ներհայկական շրջանակներէ, որոնք, դժբախտաբար, թունաւոր մթնոլորտներով պատած են միջավայրն ու փոխ յարաբերութեանց ոլորտները։
Միով բանիւ, այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ (հաւանաբար երկար ժամանակով), հայ ժողովուրդը ինքզինք կը գտնէ այնպիսի պարտաւորութիւններու առջեւ, որոնք երբեմն զինք հասցուցած են ու կը հասցնեն… անփառունակ վիճակներու։
Անորոշութիւնը ու տարտամութիւնը, որոնք կը տիրեն հայրենիքի մէջ, իրենց գրեթէ անլուծելիութեան եւ անդարմանելիութեան մօտալուտ հաւանականութիւններով, բազմաթիւ ծալքեր բացին, գաղտնիքներ երեւան հանեցին, փակ գզրոցներ բացայայտեցին, անծանօթ թղթածրարներ գրգռեցին եւ, առ հասարակ, այն ինչ որ ժողովուրդին համար անհասանելի էր, իր ամբողջ «մերկութեամբ» սեղանի վրայ դրուեցաւ։
Իսկ ի՞նչ կրնային ըլլալ անոնք, եթէ ոչ իշխող դասակարգերուն ու պետական այրերուն իւրացումներն ու մսխումները, շահագործումներն ու հարստահարումները։
Ժողովուրդը, առ այդ, կը գիտակցէր, թէ իր դէմ կայ բռնապետական կարգ, որ իշխանութեան եկած է ոչ թէ իր հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելու, այլ՝ առաւելագոյն չափերով, երկիրը թալանելու ու ժողովուրդը աղքատացնելու հեւքին։
Դժբախտաբար, ժողովուրդը փորձեց տեղ մը հակազդել այս ծայրայեղութիւններուն, հանրահաւաքներով, բողոքներով, ցուցարարութիւններով ու զանազան այլ հակազդեցութիւններով, սակայն, այդ բոլորը մատնուեցան ձախողութեան եւ անկարութեան, հետեւաբար, ան ինքզինք գտաւ կամ համակերպուելու ճնշող կացութեան, քանի տարբեր հնարքներ չկային, սպառեցան, եւ կամ՝ եթէ կարելիութիւնը ունէր, գտնէր, չուելու այլուր։
Ահաւասիկ, այս դժոխային պայմաններով երկիրը վերածուեցաւ կատարեալ «ինքնասեփականացման ամրոց»ի մը, ուր աւագանիական շնորհներով օժտուած վերնախաւը անդուլօրէն գործեց, իսկ ժողովուրդը դարձաւ ստրկացուած ու հեղձուած հաւաքականութեան մը։
Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան հասնիլը, այն փխրուն հաւատքը սնուցանեց, որ եկած է պահը զգաստանալու ու զգաստացնելու այն բոլոր շահարկողները ու բռնատէրերը, որոնք՝ հայրենիքի ու ժողովուրդի հաշւոյն, կը շարունակեն մնալ իրենց քանդողական դերերուն մէջ։
Սակայն, ժողովուրդին մօտ պահանջքներն ու տագնապները այնքան կուտակուած էին, իսկ նոր իշխանափոխները այնքան անփորձառու էին, որ կարելի չէր անմիջական կամ շուտափոյթ քայլերու դիմել։
Եւ իրաւամբ, կարճ ժամանակը ցոյց տուաւ, որ ոչ ժողովուրդը կրցաւ իր նպատակին հասնիլ, ոչ ալ նոր իշխանութիւնը ի վիճակի եղաւ բարեկարգումներով հանդէս գալ, ընդհակառակը, ուրիշ տեսակի քաոսի մը մէջ մխրճուեցաւ, տարբեր յուսախաբութիւններու ու հիասթափութիւններու դուռ բանալով, իսկ Արցախեան գոյամատը, որ այսպէս թէ այնպէս «մոխիրի տակ կայծ» մըն էր, բռնկեցաւ եւ բոլոր հաշիւները շուռ եկան, թէ՛ պատերազմական գետնի վրայ, թէ՛ նախկին եւ նոր իշխանութիւններու միջեւ գոյացնելով հակամարտութեանց ահաւոր վիհ մը։
***
Գիտակցուած էր այս մուտքը, որքան ալ ան վերյիշեցնէ, առաւել կամ նուազ, այն տխուր համայնապատկերը, որ կը տիրէ հայրենիքի մէջ, անլաւատեսական եւ, ինչ որ տեղ, անյուսադրական որոշ շղարշներով։
Հոս է, որ իրավիճակը աւելի յստակ ու թափանցիկ, շօշափելի եւ արձանագրելի կը դառնայ, երբ բոլոր կծիկները կը քակուին, հանգոյցները կը բացուին, այն փորենիներուն ու փերեզակներուն դէմ, որոնք ինչպիսի զաւթումներով ու կեղեքումներով դարձած են դրամատէրեր, կալուածատէրեր եւ ինչքատէրեր։
Իսկ այս բոլորը արդէն սեփականութիւնն են ժողովուրդին, որ թէեւ ծանօթ էր այդ յափշտակութիւններուն եւ աւազակութիւններուն, սակայն, նախ՝ չէր համարձակեր խօսիլ ատոնց մասին, ապա՝ չէր պատկերացներ այն վիթխարի հարստութիւնները, որոնք դարձած են սեփականութիւն, հայրենիքին ու ժողովուրդին հաշւոյն։
Սակայն, տխուր ու դառն իրողութենէն ի՞նչ կը փոխուի կամ կը պահուի, երբ իշխողներու մեծամասնութիւնը, բոլոր համակարգերուն ու համաշրջաններուն, կորզած ու կրծած, խլած ու խեղդած է ժողովուրդը, հայրենապատկան ու հայրենասեփական իրաւունքները եւ եկամուտները ուղղելով դէպի իր անձնական շահոյթները։
Այդ վերնախաւերու այրերը ինչպէ՞ս կը բացատրեն ու կ’արդարացնեն իրենց դրամագլուխներու զգլխիչ ու արբեցուցիչ հարստութիւնները, ուրկէ՞ անոնք դիզեցին ու տիրացան այդ առաւելութիւններուն, ընդ որուն՝ նաեւ Հայաստանէն դուրս։
Որո՞ւն ծանօթ չէ, թէ հայրենի պետական այրերը կամ բարձրագոյն պաշտօնատարները ի՞նչ եկամուտ կամ ամսաթոշակ կը ստանային, իսկ այդ գումարներով կարելի՞ էր ապրիլ այն շքեղութեամբ, փարթամութեամբ, ծոփութեամբ ու ճոխութեամբ, որոնց մէջ անոնք կը լողային ու կը դեգերէին, ի դէպ, ոչ միայն իրենք, այլեւ իրենց ընտանիքները, հարազատները, ազգականները եւ մերձաւորները։
Այս ընթացքին, այն բոլոր յայտնութիւններն ու հրապարակումները, որոնք ողողեցին ամբողջ համացանցային հաղորդումները, ամենօրեայ յաճախականութեամբ եւ աղմկարարութեամբ, խօսիլ չե՞ն տար, չե՞ն մտահոգեր հայութիւնը, որ հայրենիքի պետականութեան ղեկը որո՞ւն յանձնուած է, ո՞վքեր են ղեկավարները, մանաւանդ երբ կը հաստատուին, որ անոնց հարստահարած ու սեփականացուցած աւարները կը յայտարարուին, կը դասակարգուին ու կը հրատարակուին, մէկէ աւելի բազմաթիւ շրջանակներու մէջ։
Այս բոլորին մէջ, թերեւս ամենէն աւելի աչքառսուն ԱՌԱՆՁՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ սեփականութիւնն է եւ ի՜նչ առանձնատուներ, երազային ու դրախտային կառոյցներով, որոնք ժապաւէններու մէջ իսկ հազիւ թէ տեսնուին, իսկ հայրենի պետական թէ ոչ-պետական այրեր, շուրջ երեք տասնամեակի ընթացքին, կրցան իրենց դղեակներն ու պալատները սարքել (Հայաստանէն ներս թէ դուրս)։
Արդ, պիտի հարցնե՞լ այդպիսիներուն.
– Էդ, որտո՞ւց ձեր շռայլութիւնը։
– Էդ, ո՞նց հարստացաք։
– Էդ, ո՞ւմ հաշուոյն պարարտացաք։
– Էդ, որո՞ւ հաշուետու եղաք։
– Էդ, բոլորը «հալա՞լ» են։
Ճիշդ այս մեկնարկով, կ’ըսենք ու կը շեշտենք, ժողովուրդը այս անարդարութիւններն ու ճղճիմութիւնները տեսաւ, ապրեցա՛ւ, հետեւապէս, ինչպէ՞ս կրնայ համակերպիլ իշխանութիւններու, որոնք հայրենական-ազգային շահերը ու գրաւականները թողլքած, տարիներով, զբաղած են իրենց անձնակեդրոնականութեամբ եւ եսասիրութեամբ, մինչեւ իսկ Արցախեան հարցը, այս կամ այն ձեւով աճուրդի հանելով, որուն մասին տակաւին շա՜տ բաներ պիտի ունենանք լսելիք ու տեղեկանալիք։
Անկախ հանրապետութեան նորաշրջանի իշխանութիւններու ու ղեկավարութիւններու վարած ու ստանձնած պաշտօնները աչքի առաջ ունենալով, նաեւ՝ իրենց ապաբարոյ եւ ապաշնորհ, նոյնիսկ՝ ապահայ եւ ապամարդ վարքագիծերը, պահ մը մտածել կու տայ, թէ՝
ԽՈՐՀՐԴԱՀԱՅ ՇՐՋԱՆԻՆ, ԿՈՄՈՒՆԻՍՏ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՒԵԼԻ ՃԻՇԴ՝ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ, ԱՐԴԵՕ՞Ք ՏԷՐՆ ԷԻՆ ԱՌԱՆՁՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ («ՎԻԼԱ»ՆԵՐ ԿԱՄ ԴՂԵԱԿՆԵՐ), ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ՊԱՀԵՍՏՆԵՐՈՒ, ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ԴԺՈՒԱՐ ԹԷ, ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՆՈՐ ՈՐ ԱՆՈՆՔ ՈՒՆԷԻՆ ԱՄԷՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ԱՅԴ ԲԱՐՁՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ։
Չմոռնա՛լ. Խորհրդահայ ղեկավարութիւնը՝ 70 տարուան ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ Հայաստանը կտակեց Գ. Հանրապետութեան։
Չեղա՞ն ղեկավարներ, որոնք շեղեցան իրենց ուղիէն կամ պատասխանատուութիւններէն, անշուշտ, բայց, փաստ ըլլալէ չի դադրիր, որ յատենի ղեկավարները եղան գործունեայ, արդիւնաւէտ ու շինարար ազգային-կուսակցականներ։
Անձնապէս ծանօթ ու տեղեակ եմ, գէթ անոնցմէ մէկուն, որ խորհրդահայ շրջանին, ԱԶԴԵՑԻԿ ու ՆՇԱՆԱԿԵԼԻ ազգային մեծ գործիչ մըն էր, սակայն, ապրեցաւ համեստագոյն կեանքով, չունենալով ոչ… առանձնատուն, ոչ դրամագանձ, ոչ ալ ժառանգ, բայց, ապրեցաւ իր ազգային-գաղափարական արժանապատուութեամբ ու շիջեցաւ… անշուքօրէն։
Այսօր, կարելի՞ է ցոյց տալ անկախութիւնը վայելող (ու շահագործող) ղեկավար մը, որ կրնայ վարած ըլլալ նման համեստ, պարկեշտ եւ անշահախնդիր կեանք մը…։
ՔԱ՜Ւ ԼԻՑԻ…։
(Պէյրութ)