Լիբանանի մէջ ընտրական մթնոլորտը հետզհետէ կը շիկանայ:
Նկատի ունենալով, որ ընտրական ցանկերը արձանագրելու ժամկէտը երէկ կէս գիշերին աւարտեցաւ, կէսօրուան ժամերուն ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան կեդրոնատեղին յատկապէս կէսօրուան ժամերուն վկայեց արտակարգ խճողում մը:
Քաղաքական ուժեր, որոնք աւարտեցին իրենց ընտրական դաշինքներուն կազմութիւնը, ուղղուեցան ներքին գործոց նախարարութիւն` արձանագրելու համար իրենց ընտրացանկերը:
Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 8:00-ի դրութեամբ արձանագրուած ընտրացանկերուն թիւը հասաւ 100-ի, որ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արձանագրուած ընտրացանկերուն թիւէն շատ աւելի է:
Ներքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու ընդհանուր տնօրէն Ֆաթեն Եունես յայտնեց, որ 2018-ին արձանագրուած ընտրացանկերուն թիւը 77 էր:
Եունես յայտնեց, որ ընտրացանկերուն թիւին յաւելումը կը վերագրուի փոփոխութիւն պահանջող ուժերուն եւ անոնց կողմէ թեկնածուներ առաջադրելու ու ընտրացանկեր կազմելու երեւոյթին:
Կէս գիշերին ընտրացանկերուն ընդհանուր թիւը հասաւ 103-ի: Այս տուեալը յայտարարեց ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի` նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: