Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ նախարարութեան աշխատանքներուն, ծրագիրներուն, դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ` կառավարութեան աշխատանքին եւ երկրին մէջ տիրող պայմաններուն:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ անկախ կառավարութեան տարած աշխատանքի հեւքոտ թափէն, նախարարութիւնը կը գտնուի ծրագրաւորումի փուլի մէջ, որպէսզի կարենայ իր աշխատանքը հունաւորել եւ հասնիլ լիբանանեան երիտասարդութեան:
«Ճիշդ է, որ երկիրը շատ դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ, սակայն պէտք է այդ բոլորին նկատմամբ դրական մօտեցում ցուցաբերել եւ մարզական ոգիով շարունակել: Այս դժուարութիւնները յաղթահարելու գաղտնիքը կը կայանայ ընկերային միասնականութեան մէջ, որովեհետեւ միայն հաւաքաբար է, որ կարելի կ՛ըլլայ երկրին դէմ ծառացող հարցերը թօթափել», ըսաւ ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց այս զգայուն փուլին Լիբանան հայրենիքին ծառայելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ երիտասարդութի՛ւնն է Լիբանանի ուժն ու ապագան:
«Կարեւորը այն է, որ Լիբանանի երիտասարդութիւնը ունենայ այնպիսի նախարարութիւն մը, որ նկատի ունենայ իրենց հարցերը եւ համապատասխան ծրագիրներ մշակէ` անոնց լուծման համար: Այս շրջագիծին մէջ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կը գործակցի ընկերային հարցերու, աշխատանքի եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւններուն հետ, որովհետեւ նախարարութեան աշխատանքը հաւաքական է եւ միայն մնացեալ նախարարութիւններուն հետ գործակցելով է, որ կարելի կ՛ըլլայ նեցուկ կանգնիլ եւ օժանդակել Լիբանանի երիտասարդութեան», շեշտեց ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց, որ նախարարութեան ստանձնումէն անմիջապէս ետք ինք հանդիպումներ ունեցաւ երիտասարդական եւ մարզական միութիւններու եւ ֆետերասիոններու հետ իմանալու համար անոնց հարցերը եւ պայմանաւորուելու փոխադարձ գործակցութեամբ:
«Սակայն «Քորոնա»-ի համաճարակին պատադրած ընկերային հեռաւորութեան պայմանն ու ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը ձեւով մը արգելակեցին այդ աշխատանքը: Հակառակ ասոր, նախարարութիւնը կազմակերպեց Լիբանանի սկաուտական միութիւններու ներկայացուցիչներու ուեպինար մը, նիւթ ունենալով «Ղեկավարներուն հզօրացումը` մարտահրաւէրներու դիմակայումին մէջ»:
Ուեպինարը շատ յաջող էր, արժանացաւ բոլորին գնահատանքին եւ պահանջ դրուեցաւ շաբաթական դրութեամբ ուեպինարներ կազմակերպել` տարբեր նիւթեր քննարկելու նպատակով: Նախարարութիւնը ընդառաջեց այս փափաքին եւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին արդէն իսկ երկրորդ ուեպինարը տեղի պիտի ունենայ», հաստատեց նախարարը:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց, որ նախարարութեան նպատակն է աշխատանքային ծրագիրները մշակել` գործակցելով երիտասարդական միութիւններուն հետ, որպէսզի համապատասխան լուծումներ ապահովեն երիտասարդներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
«Լիբանանի երիտասարդութեան կ՛ըսեմ, որ անոնք ունին երիտասարդ նախարար մը, որ կու գայ ընկերային հարցերու ենթահողէն ու ներկայութիւն եղած է քաղաքացիական ընկերութեան մէջ, հետեւաբար քաջածանօթ է երիտասարդներուն ցաւերուն եւ հոգերուն: Ես չեմ ուզեր օդին մէջ խոստումներ տալ, սակայն կը հաստատեմ, որ նպատակս է նախարարութիւնը բարելաւել եւ երիտասարդութեան հասնիլ ու անոնց բեռը թեթեւցնել: Այնքան ատեն որ աշխատելու կամքը կայ, կարողութիւնները կը ստեղծուին», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ նախարարութեան ստանձնումէն ի վեր բաւական ճիգ ի գործ դրած է, որ նախարարութեան հետ վերաբերին իբրեւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւն, «որովհետեւ բոլորը այդ նախարարութեան հետ կը վերաբերէին իբրեւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն», ըսաւ ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան նկատել տուաւ, որ տակաւին կանուխ է նախարարութեան աշխատանքին ու անոր ծրագիրներուն մասին յայտարարել: «Հակառակ նախարարութեան յատկացուած շատ փոքր պիւտճէին, համոզուած եմ, որ շինիչ աշխատանքը անխոնջ աշխատանքն է: Իբրեւ ընկերային ծառայող, իմ մօտեցումս եղած է անկեղծ ու թափանցիկ: Հետեւաբար, նախարարութեան իրագործումներն ու նուաճումները իրենք պիտի ըլլան նախարարութեան ձայնը: Ինծի համար ամէնէն կարեւորը այն է, որ նախարարութեան ծրագիրները արտայայտութիւնը ըլլան լիբանանեան ազգային միաձուլման եւ միացնեն լիբանանցիները` հեռու քաղաքական ու կրօնական բաժանումէն», աւելցուց ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ նոր նախարարութիւնը ստանայ նոր կազմաւորում, ըլլայ աւելի արդիական, եւ օրէնքներու մշակման լուրջ աշխատանք կատարուի:
«Նախարարութիւնը պիտի սերտէ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող մարզական ակումբներն ու միութիւնները, ֆետերասիոնները, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները, սկաուտական միաւորները, ստուգէ անոնց աշխուժութիւնն ու աշխատանքները եւ նեցուկ կանգնի անոնց», հաստատեց ան:
Կառավարութեան աշխատանքին արժեւորումին մասին արդէն իսկ հնչող քննադատութիւններուն վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ տակաւին բաւական կանուխ է կառավարութեան աշխատանքի արժեւորում կատարել` նկատել տալով, որ տակաւին 100 օր իսկ չէ եղած անոր կողմէ իշխանութեան ստանձնումին, իսկ 60 օրը արդէն իսկ տրամադրուած է «Քորոնա»-ի համաճարակը հակակշռելու: «Այս իմաստով պէտք է դրական ըլլալ եւ ըսել, որ, հակառակ Լիբանանի հսկայական հարցերուն եւ դիմագրաւած տագնապներուն, կառավարութիւնը կրցաւ լաւագոյն կերպով հակակշիռի տակ պահել «Քորոնա» համաշխարհային համաճարակը, եւ այս մասին կան նաեւ միջազգային վկայութիւններ: Պէտք է ըսել նաեւ, որ կառավարութեան կողմէ տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրի մշակումն ու վաւերացումը իր կարգին նուաճում էր: Ամէն պարագայի, կառավարութիւնը եւ նախարարները գնահատանքի խօսքեր չեն ակնկալեր, պարզապէս կարելի է մաղթել, որ Աստուած մեր ուժը աւելցնէ. այդքան բան», հաստատեց ան:
Երիտասարդութեան նախարարը ընդգծեց, որ քննադատութիւնները զինք չեն յոգնեցներ, «ընդհակառակն` շինիչ քննադատութիւնը կարեւոր է, որպէսզի աշխատանքը բարելաւուի: Շինիչ քննադատութիւնն ու հաշուետուութեան ենթարկումը կառավարութեան պահանջներն են, իսկ քննադատութեան սիրոյն քննադատողները այսպիսով իրենց հոգեկանն է, որ կը դրսեւորեն», աւելցուց ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ կարելի չէ դժուարութիւններուն դիմաց յուսահատիլ, որովհետեւ չկայ հարց մը, զոր կարելի չըլլայ լուծել: «Ըլլանք դրական եւ համագործակցինք, որպէսզի կարենանք մեր հայրենիքը փրկել իր այսօրուան դժուար կացութենէն: Պէտք է իւրաքանչիւր քաղաքացի համոզուի, որ այս փուլին քաղաքական տարակարծութիւններն ու բանավէճերը աւելի եւս կը քանդեն երկիրը: Պէտք է քաղաքացին հաւատայ, որ կառավարութեան զօրակցելով, զօրակցած կ՛ըլլայ հայրենիքին` Լիբանանին», շեշտեց ան:
Ժողովրդային շարժումին փողոց վերադարձին մասին հարցումի մը արձագանգելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ ժողովուրդին պահանջը արդարացի է` հաստատելով սակայն, որ ան խաղաղ կերպով պէտք է շարունակէ արտայայտել իր բողոքն ու պահանջները, եւ ոչ թէ պետական եւ սեփական կալուածները քանդելով եւ խուլիկանութիւններով, որոնք ցոյցերը իրենց քաղաքակիրթ ըլլալու հունէն դուրս կը բերեն:
Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին մասին խօսելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ անիկա օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայուն գոյութիւնը ջնջելու փորձ մըն էր, որ չարաչար ձախողեցաւ, «որովհետեւ մենք տակաւին կը պահենք հայկական մեր ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթն ու աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ կը պահանջենք մեր հողերն ու իրաւունքները»:
«105 տարի ետք Թուրքիա տակաւին կ՛ուրանայ Ցեղասպանութիւնը եւ կը մերժէ ներում հայցել իր նախահայրերուն կողմէ գործուած ոճիրին համար: Կ՛ուզեմ հաստատել, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները չբնականոնացնելու մեր կեցուածքը պէտք չէ ատելութիւն եւ ծայրայեղութիւն որակել, որովհետեւ Թուրքիա իբրեւ յանցագործ տակաւին չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներում չէ հայցած եւ հատուցումներու մասին չի խօսիր», եզրափակեց ան` միաժամանակ յայտնելով, որ ինք չ՛ուզեր Թուրքիա այցելել եւ թրքական արտադրութիւնները չի քաջալերեր:
ՆՇԵՆՔ, որ Աշխատաւորաց տօնին առիթով Վ. Օհանեան-Գէորգեան կատարեց հետեւեալ թուիթըրեան գրառումը. «Պէտք է շարունակենք լուրջ եւ անկեղծ աշխատանքը` Լիբանանը վերակառուցելու արդիական եւ փտածութենէ զուրկ հիմերու վրայ:
«Լիբանան մը, ուր աշխատաւորը պաշտպանուած է, հզօր է եւ ընկերութեան մէջ աշխուժ ու ազդեցիկ դերակատարութիւն ունի»: