Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը»

February 12, 2018
in Newsletter, Գաղութահայ Կեանք, Զանազանք
0

Երկուշաբթի 22 Յունուարին Նիկոսիոյ Նարեկ վարժարանի առաջին հինգ կարգերու իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» գիրքէն օրինակ մը։ Այս նոր գիրքը հրատարակուած է Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան կողմէ եւ կը բաժնուի որպէս նուէր հայկական տարբեր գաղութներուն մէջ։ Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ.Վերա Թահմազեան կատարեց բացման խօսքը, որմէ ետք Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝ Ընդհանուր Քարտուղարը Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան, ներկայացուց գիրքը։ Ապա Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, որ պատրաստած է այս գիրքը, հաճելի ու մանկավարժական մօտեցումով կարդաց Կոյր Բարտիմէոսին պատմութիւնը։ «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» բաժնուած է քսան գլուխներու, եւ իւրաքանչիւր գլուխ կը պարունակէ Աստուածաշունչէն եօթը պատմութիւններ։ Պատմութիւններու շարքը կը հետեւի Յիսուսին առընչուած դէպքերուն՝ ինչպէս արձանագրուած է Աւետարանին մէջ։ Պատմութիւնները կարդալով, այս փոքրիկներուն մէջ քրիստոնէական արժէքներ պիտի դրսեւորուին եւ ամուր հիմեր ունեցող նկարագիր եւ անհատականութիւն պիտի կերտուի։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Տիկ. Վերա Թահմազեան գիրքերու բաժանումէն ետք Ե-նամակի միջոցով. «Շնորհակալութիւն Հրայր եւ Արտա այս շատ գեղեցիկ եւ արժէքաւոր նուէրին համար։ Աշակերտները արդէն մեծ հետաքրքրութեամբ սկսած են կարդալ գիրքը եւ ինծի սկսան իմացնել, թէ քանի պատմութիւն արդէն իսկ կարդացած են»։ Լիմասոլի եւ Լառնաքայի Նարեկ վարժարանի աշակերտները նոյնպէս պիտի ստանան այս գիրքէն յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին։

 

Previous Post

Can Venezuela Save Its Oil Industry?

Next Post

Prospects of Return to El Salvador Pose Difficult Choice

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.