ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ երկրին մէջ տիրող իրավիճակին, արտաքին համաձայնութիւններէ կախեալ ըլլալու Լիբանանի իրականութեան, երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ այդ շրջագիծին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքներուն եւ ընտրացանկերուն, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններէն ետք երկրին վարչակարգը բարեկարգելու կարելիութիւններուն:
Թրիփոլիի Աղէտը
Թրիփոլիի մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Անկասկած Թրիփոլիի մէջ պատահածը առաջինը չէ, ասկէ առաջ ալ պատահած է նման դէպք, եւ ասիկա աղէտ է: Զարմանալի է, որ կը զարմանանք` այս աստիճանին հասնելու համար: Բնական էր, որ հասնէինք այս իրավիճակին, որովհետեւ բազմիցս զգուշացուցինք տիրող պայմաններէն: Երբ ոմանք կը յայտարարէին, թէ կը գտնուինք անդունդի սեմին, մենք կը հաստատէինք, որ կը գտնուէինք անդունդին յատակը: Մէկ կողմէ պարտքը, վարկերն ու ընկերային իրավիճակը, իսկ միւս կողմէ աղքատ եւ իր դրամը երկրէն դուրս փոխանցած հարուստ դասակարգերուն միջեւ վիհը կը մնան տիրական իրականութիւններ: Իսկ այսօր, երբ դրամ չէ մնացած, մենք կը խօսինք քեփիթըլ քոնթրոլի մասին: Քեփիթըլ քոնթրոլը, իրաւական հաշուեքննութիւնն ու իւրացուած գումարներու վերադարձը երկու տարի առաջ պէտք էր կատարուէին»:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ «անկախ նաւուն ծովամոյն դառնալուն պատասխանատուութենէն եւ անոր վերաբերող մանրամասնութիւններէն, երբ աղէտներ եւ ողբերգութիւններ կը պատահին, ես դէմ եմ այս հարցին եւ ընդհանրապէս ընկերային ու տնտեսական հարցերուն քաղաքական շահագործումին»: «Կարելի չէ մարդոց ցաւն ու դժբախտութեան կամ թափած արեան հաշուոյն քաղաքական եւ ընտրական քարոզչութիւն կատարել: Մարդիկ տակաւին իրենց հարազատներուն դիակները կ՛որոնեն: Տօնական օրեր էին, նախարարները` արձակուրդի, եւ ոչ ոք մտածեց նիստ գումարելու մասին: Կառավարութիւնը այսօր (երեքշաբթի) նիստ պիտի գումարէ, սակայն մեռնողը մեռաւ: Անոնք յանձնախումբ մը պիտի կազմեն եւ օժանդակութիւններ պիտի յատկացնեն, որպէսզի աւելի ուշ շտապի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր յայտնէ, թէ դրամ չկայ… Ոմանք պատահարը կը մեկնաբանեն իբրեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու պատճառաբանութիւն. մարդկային այս աղէտին դիմաց Թրիփոլիի մէջ ո՞վ հետաքրքրուած է երեսփոխանական ընտրութիւններով», հարց տուաւ ան:
Ինչպէ՞ս Կը Դիմէք Ձեզի Ընտրողներուն
Այս մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք խոստումներ չի տար, որովհետեւ պետութիւնը չ՛օժանդակեր: «Մենք կրնանք օժանդակել ժողովուրդին, աշակերտին, եւ անիկա այսօր չէ որ կը կատարենք, այլ` ՀՅ Դաշնակցութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին: ՀՅ Դաշնակցութեան, հայ համայնքին եւ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը վկայէ այդ մասին», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց սակայն, որ հայկական շրջաններուն մէջ հիւանդանոց կամ առողջապահութեան նախարարութեան պատկանող դարմանատուն չկայ: «Նոյնիսկ հատուցման քարտ չկայ… մենք պետութեան տեղ նեցուկ կը կանգնինք ժողովուրդին», ըսաւ ան:
Ո՞վ Կը Կանգնի Պետութեան Դէմ Եւ Արդեօք Ժողովուրդը Ճիշդը Սխալէն Կրնա՞յ Զանազանել
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ պետութեան դէմ կը կանգնին Լիբանանի հաշուոյն գոյացած արտաքին համաձայնութիւնները: «Եթէ օտար երկիրներ տարակարծիք են, մենք կը մահանանք, եթէ անոնք համաձայնին, ապա շունչ կ՛առնենք: Իսկ եթէ անոնք մերձեցումի մէջ ըլլան, ապա անոնց անձնական շահերուն շնորհիւ կ՛ըլլայ այդ մերձեցումը: Մենք փայտեայ բառամթերքով չենք խօսիր, ամբոխահաճոյ չենք եւ առաստաղը չենք բարձրացներ: Լիբանանի մէջ չկան մարդիկ, որոնք բոլորին հետ կապի մէջ են, մարդիկ, որոնք տրամաբանութեամբ կը խօսին` հեռու ժողովրդահաճոյ ըլլալէ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ժողովուրդը տակաւին ճիշդը սխալէն կրնայ զանազանել` աւելցնելով, որ տակաւին կան քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք իրենք զիրենք եւ ժողովուրդը կը յարգեն: «Քաղաքական այդ անձնաւորութիւնները գիտեն, թէ պետութեան բացակայութեան ի՛նչ պէտք է կատարեն, ի՛նչ խօսին եւ ինչպէ՛ս օժանդակեն ժողովուրդին, նոյնիսկ եթէ երեսփոխանը կամ նախարարը անձամբ պէտք չէ օժանդակէ ժողովուրդին», ըսաւ ան:
Տնտեսական Ապաքինումի Ծրագիր Եւ Քեփիթըլ Քոնթրոլ
Տնտեսական ապաքինումի ծրագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այդ ծրագիրը նախկին վարչապետ Հասսան Տիապի օրերէն է, եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ օրին մարդիկ այդ ծրագիրին դէմ էին, իսկ ինչո՞ւ այսօր այդ ծրագիրին համաձայն են:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ օրին բնական կազ ապահովելու խոստումներ կային, որովհետեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յայտարարած էր, թէ Լիբանանի համար Իրանէն մազութ պիտի ապահովէ: «Օրին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը հաստատեց, որ Ուաշինկթըն պիտի արտօնէ կազի եւ ելեկտրականութեան փոխադրութիւնը Լիբանան: Բոլորս հրճուեցանք եւ շնորհակալութիւն յայտնեցինք անոր, որուն խոստումները սակայն մնացին խօսքերու սահմանին մէջ»: ըսաւ ան:
Մտահո՞գ Էք, Որ Ձեր Հայրենիքը Դարձեալ Կը Կորսնցնէք
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հայ ժողովուրդը մէկ անգամ կորսնցուցած է իր հայրենիքը եւ արդեօք կա՞յ մտահոգութիւն դարձեալ հայրենիք կորսնցնելու իմաստով, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին ինծի հարց տուին, թէ մենք հայերս ինչո՞ւ տարեկան դրութեամբ Ցեղասպանութիւնը կը յիշենք: Պատասխանեցի, որ մենք` իբրեւ լիբանանցիներ եւ լիբանանահայեր, կը յիշենք, եւ երանի բոլորը մեզի նման յիշեն, թէ ի՛նչ պատահած է, եւ մենք այսօր ո՛ւր կը գտնուինք: Լիբանանցիներուն յիշողութիւնը կարճ է, եւ աթոռի մը համար իրենց կեցուածքներն ու ուղղութիւնը կը փոխեն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի տուաւ հետեւեալ հարցը. «Երեք տարի առաջ բռնկած ժողովրդային ցասումէն ի՞նչ մնացած է այսօր: Ի՞նչ կայ այսօր յայտարարութիւններէն եւ նախատինքներէն բացի»:
Տեղեկատուութիւն, Արտաքին Ֆինանսաւորում Եւ Ընտրակաշառք
Անդրադառնալով տեղեկատուութեան մարզին` Յ. Բագրատունի նշեց, որ ինք Մար Մխայէլի ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմաց ականատես եղած է 6-7 երիտասարդներու կողմէ կատարուած բողոքի ցոյցի մը, որուն ընթացքին 8 լրատուամիջոցներ ներկայ էին` անդրադառնալու այդ իրադարձութեան: «Այսօր երբեմն հազարաւոր մարդիկ ցոյց կը կատարեն: Տակաւին քանի մը օր առաջ հազարաւոր լիբանանահայեր երթ մը կատարեցին` Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս: Քանի՞ պատկերասփիւռի կայան անդրադարձաւ այդ իրադարձութեան: Օրին տեղեկատուական մարզին կը վճարէին, որպէսզի անդրադառնայ, այսօր անոր կը վճարեն, որ չանդրադառնայ: Սակայն ուրկէ՞ են այդ գումարները: Ո՞վ կը զօրակցի փոփոխութեան ցանկերուն: Որո՞նք են քաղաքական այն ուժերը, որոնց ծանուցումները կը տեսնենք փողոցը գտնուող պաստառներուն վրայ: Օրինակի համար, ես չեմ կրնար պատկերասփիւռի կայաններէն ընտրական նիւթերով յայտագիրներու հրաւիրուիլ, որովհետեւ նուազագոյնը 25 հազար տոլար պէտք է վճարեմ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով ընտրակաշառքին` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան մօտ ընտրակաշառք գոյութիւն չունի, այլ ընտրական խիղճ:
«Ամբողջ Մեթնի մէջ հաւանաբար 10 լուսանկարներ կամ որմազդներ զետեղուած են, եւ անոնք բարեկամներու կողմէ նուէրներ են: Այս է իրականութիւնը. եթէ լուսանկարներով է, որ երեսփոխան պիտի ընտրուինք, ապա աւելի լաւ է երեսփոխան չդառնանք: Այսօր իւրաքանչիւր քուէ 300-500 տոլար է, հետեւաբար չորս հոգինոց ընտանիք մը 2000 տոլարի գումար կրնայ ստանալ, ինչ որ այս օրերուն համար լաւ է, սակայն այդ գումարին աղբիւրը մոռացութեան ենթարկուած է: Այդ գումարները դրամատուներուն մէջ լիբանանցիներուն ունեցած հաշիւներէն կը վճարուին: Իսկ վճարողները դրամատէրեր, գործարարներ եւ դրամատուներու սեփականատէրերն են», ընդգծեց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց նաեւ, որ այն, ինչ որ օտար երկիրներ չյաջողեցան իրականացնել զինուորական գործողութիւններով եւ պատերազմով, կը յաջողին կատարել նուրբ պատերազմով: «Անոնք լիբանանցիները ծունկի բերին, իսկ այսօր քաղաքացիին համար իր օրուան հացը շատ աւելի կարեւոր է, քան` նաւթն ու ծովային սահմանագծումը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հետ տագնապը», ըսաւ ան` մտավախութիւն յայտնելով, որ պատերազմի օրերը կը վերադառնան եւ դաշնակցային դրութեամբ շրջաններ կը ստեղծուին:
Ան ընդգծեց, որ այսօր հաւաքական պատասխանատուութիւն ստանձնելու պահն է, որովհետեւ երկիրը քայքայուած ու փուլ եկած է:
ՀՅ Դաշնակցութեան Ընտրական Դաշինքներն Ու Արտերկրի Լիբանանցիները
Ընտրական օրէնքին մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք ընտրական օրէնքը մշակող խորհրդարանական յանձնախումբին մաս կազմած է` աւելցնելով, որ ի վերջոյ 2017-ին Հայկական երեսփոխանական պլոքը այդ օրէնքին դէմ քուէարկած է, որովհետեւ 2017-ի ընտրական օրէնքը գործարքի օրէնք է, թէեւ ոմանք զայն կը նկատեն աւելի ժողովրդավարական:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ օրէնքին նպատակն էր կարգ մը ընդդիմադիրներու յաջողութիւնը եւս ապահովել, յատկապէս սիւննի համայնքին պարագային: «Սակայն ի յայտ եկաւ, որ սիւննի համայնքը կը գտնուի նոյն ուղղութեան վրայ, իսկ մեծագոյն տուժողը եղաւ քրիստոնեայ համայնքը:
Մըր ընտանիքին հետ գոյացած դաշինքին մասին Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ անիկա ընտրական դաշինք է, ինչպէս քաղաքական բոլոր ուժերուն պարագային կը կատարուի, իսկ ընտրութիւններէն ետք անիկա կրնայ քաղաքական դաշինքի վերածուիլ կամ չվերածուիլ:
Քաղաքական դաշինքին մասին երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը մինչեւ 15 մայիս 2022 մաս պիտի կազմէ Հզօր Լիբանան համախմբումին, որովհետեւ ան հանգիստ է քաղաքական այդ դաշինքին հետ:
Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛աշխատի բարելաւել իր թիւը եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներուն թիւը վերածել 4-ի:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը դէմ եղած է արտերկրի լիբանանցիները ներկայացնող 6 նոր երեսփոխաններու դրութեան` պահանջելով արտերկրի լիբանանահայերը ներկայացնող 7-րդ երեսփոխան մը:
Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ փորձագէտներ կը հաստատեն, որ արտերկրի մէջ արձանագրուած քաղաքացիներուն միայն 38 առ հարիւրը պիտի քուէարկէ` աւելցնելով, որ անոնցմէ շատեր այլ կերպ պիտի քուէարկեն, որովհետեւ մօտիկ անցեալին գանելով արտագաղթած էին Լիբանանէն:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ երկրին մէջ կայ ցաւոտ իրականութիւն մը` աւելցնելով, որ կայ արժէքներու անկում, ժողովուրդին հետ անվայել վարուելակերպ, ժողովուրդին կողմէ պատասխանատուներուն նկատմամբ անվայել վարուելակերպ: «Պէտք է ըմբռնել, որ բոլոր պատասխանատուները փտածներ եւ աւազակներ չեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ փոփոխութիւն պահանջող ուժերը առաջարկած են ՀՅ Դաշնակցութեան հետ ընտրական դաշինքներ կազմել: «Սակայն նկատի ունենալով, որ ընտրական օրէնքը թիւերու օրէնք է եւ հաշուարկներու ու միջիններու վրայ հիմնուած է, ՀՅ Դաշնակցութեան համար նպաստաւոր չէր ընտրական դաշինք կազմել Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն, կամ փոփոխութեան ուժերուն հետ:
Համայնքային Վարչակարգ
Համանքային դրութեան եւ վարչակարգին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանցիները չեն փափաքիր պետութիւն կերտել` աւելցնելով, որ նախարարութեան մը պահակը ճշդելու համար համայնքային ամբողջ հաշուարկներ կը կատարուին, հետեւցնելով, որ քաղաքացիական պետութեան մասին խօսիլը տակաւին շատ կանուխ է:
«Լիբանանցին հասակ կ՛առնէ այս կամ այն ղեկավարին իր հոգին եւ արիւնը նուիրելու կանչերով, ինչպէ՞ս կարելի է համայնքային դրութենէն հեռանալ: Հայ համայնքին մօտ նման երեւոյթ եւ սովորութիւն չկայ, այդ մէկը կտրականապէս մերժելի է», ըսաւ ան:
Իսկ հաղորդավարին այն հաստատումին, որ իբրեւ քաղաքական ուժ ՀՅ Դաշնակցութիւնը նաեւ նման ղեկավարներու հետ դաշինք ունի, Յ. Բագրատունի նշեց. «Ի վերջոյ եթէ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցինք, պէտք է ընտրական դաշինք ունենանք, իսկ ընտրուելէ ետք թերեւս յաջողինք բան մը փոխել: 2005-էն ի վեր կը փորձենք բաներ փոխել, սակայն չենք կրնար, որովհետեւ թիւով քիչ ենք, սակայն այն ատեն, երբ չկրցանք փոփոխութիւն բերել, դէմ քուէարկեցինք` արձանագրելով մեր կեցուածքը», ըսաւ ան:
Մեթնի Մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան Յաղթանակը Ինչո՞ւ Խորհրդանշական Է
Մեթնի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան յաղթանակին խորհրդանշական ըլլալուն մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Մեթնի մէջ կան մեծաթիւ լիբանանահայեր, նոյնիսկ եթէ անոնք բոլորը Մեթնի մէջ չեն քուէարկեր:
«ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայութիւնը եւ դերակատարութիւնը Մեթնի մէջ ունի նաեւ իր արմատները` նկատի ունենալով, որ անոր ներկայութիւնը պատմական ներկայութիւն է: Հաւանաբար անոր համար նաեւ Մեթնի մէջ առաջադրուած է ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուն, որ կուսակցութեան միակ թեկնածուն է Հայկական երեսփոխանական պլոքին մէջ», յայտնեց Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը ներկայացնող միայն մէկ թեկնածու ունենալու ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումը 1943-էն ի վեր կը մնայ անփոփոխ:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Մեթնի եւ ամբողջ Լիբանանի պարագային ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական կարգախօսն է «Միասի՛ն, երէկ, այսօր եւ մի՛շտ»-ը:
15 Մայիսէն Ետք Մուրացկանութիւնը Պիտի Սկսի
Լիբանանին յատկացուած ֆրանսական-սէուտական օժանդակութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ օժանդակութիւնը նորութիւն չէ` աւելցնելով, որ նման օժանդակութիւններ միշտ կան:
«Երբ երեսփոխան Պահիա Հարիրի կրթութեան նախարար էր, Սէուտական Արաբիա Լիբանանի պետական դպրոցներուն 40 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրեց: Ամբողջութեամբ գնահատելով հանդերձ կատարուածը` իմ տեսակէտս այդ էր, որ այդ քայլով լիբանանցի հօր արգիլուեցաւ հպարտանալ, որ ինք իր զաւկին դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը հոգացած է: Միաժամանակ արգիլեցին, որ զաւակը իր հօր շնորհակալութիւն յայտնէ: Ես Սէուտական Արաբիան չէ, որ կը քննադատեմ, այլ ինքզինքս` իբրեւ լիբանանցի, որ այս աստիճանին հասցուցինք ժողովուրդը», յայտնեց ան:
Իսկ 15 մայիսէն ետք մուրացկանութեան սկսելուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ կայ երկու ընտրանք` կա՛մ յանցագործները կ՛արգելափակուին, կա՛մ օժանդակութիւն կը խնդրուի: «Այնքան ատեն որ առանձինն կարողութիւն չունինք յանցագործները բանտարկելու, ապա ստիպուած ենք օտար երկիրներէն օժանդակութիւն խնդրել», յայտնեց ան:
Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ Միջազգային դրամական ֆոնտին կարիք ունենալու իրականութեան` հեգնելով, որ անիկա մեծ նուաճում է: «Հասած ենք տեղ մը, ուր մեծ պետութիւններն ու Իսրայէլը մեզի ծունկի բերած են: Կը տեսնէք չէ՞, թէ Իսրայէլ այսօր ինչքա՛ն հանգիստ է», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Փոլա Եագուպեան Կ՛ամբաստանէ
Անդրադառնալով Փոլա Եագուպեանի ամբաստանութիւններուն ակնարկող հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հաւանաբար ան երկար ատենէ ի վեր Պուրճ Համուտ չէ այցելած` տեսնելու համար, թէ աղբանոցը ո՛ւր է: Եթէ անոնք կիրակի օր նկարեն փողոցները, բնական է, որ անոնք ողողուած ըլլան աղբերով, որովհետեւ երկուշաբթի օրն է, որ աղբերը կը հաւաքուին:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի թափօններու թաղման վայրին, հաւանաբար ան չորս տարի առաջուան լուսանկար ունի իր մօտ: Թող երթայ եւ Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրը նկարէ եւ բաղդատէ երկուքը», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ ժողովուրդը լաւ կը ճանչնայ զիրենք, եւ եթէ «ան փաստերու հիման վրայ զիս գողութեամբ կ՛ամբաստանէ, ապա զիս դատարան թող կանչէ»:
Դրամատուներն Ու Անոնց Պատասխանատուութիւնները
Դրամատան իր գումարները այլ երկիր մը փոխանցելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Հաստատ ոչ եւ չ՛արժեր, որ ունեցած գումարս դուրս փոխանցեմ: Իսկ ինչո՞ւ պէտք է փոխանցեմ, ես հոս պիտի շարունակեմ ապրիլ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ դրամատուներուն մէջ գումարներ ունեցող քաղաքացիները բնաւ պատասխանատու չեն այս տագնապին, այլ` դրամատուները, որոնք պետութիւնը կթան կով նկատելով, անոր պարտքեր տուին եւ ստացան բարձր տոկոսներ ու հսկայական շահեր ապահովեցին: «Դրամատուները Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս աղբիւրներ ունին, հետեւաբար անոնք պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ ինք` իբրեւ երեսփոխան, կը մերժէ Քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը եւ պոյքոթի ենթարկած է այդ նիստին իր մասնակցութիւնը` քաղաքացիին իրաւունքը պաշտպանելու նպատակով:
Ան աւելցուց նաեւ, որ ինք ստորագրած է իրաւական հաշուեքննութեան եւ իւրացուած գումարները վերադարձնելու օրինագիծերը, որոնք սակայն կը մնան դարակներուն մէջ:
Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն Ետք
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդող փուլին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ի՛նչ ալ ըլլան երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, միջազգային ընտանիքը պիտի ճանչնայ նորընտիր խորհրդարանը:
«Կրնայ պատահիլ, որ միջազգային դէտեր արձանագրեն, թէ մանր-մունր խախտումներ կատարուած են կարգ մը ընտրակեդրոններու մէջ, սակայն անոնք պիտի հաստատեն, որ այդ խախտումները չեն կրնար ազդել երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ: Միջազգային ընտանիքը պիտի ճանչնայ նոր խորհրդարանն ու նոր կառավարութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ շրջանառութեան մէջ է այն հաւանականութիւնը, որ ներկայ կառավարութեան աշխատանքը երկարաձգուի` նկատի ունենալով, որ նոր կառավարութիւն կազմելու ժամանակը կարճ է եւ մինչեւ նախագահական ընտրութիւն նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը կրնայ կարելի չըլլալ:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նոր խորհրդարանը բաղկացած պիտի ըլլայ երեսփոխանական փոքր պլոքներէ, այնպէս ինչպէս էր կացութիւնը 1972-էն առաջ:
«Ցաւ ի սիրտ սակայն, Լիբանանի մէջ իշխանութիւնը առանձինն կարելի պիտի չըլլայ իրականացնել, որովհետեւ ինչպէս Թաէֆի ընթացքին ամերիկեան-սուրիական-սէուտական համաձայնութիւն կար, Տոհայի ընթացքին կար քաթարեան եւ թրքական միջամտութիւն, մնայուն կերպով կայ սուրիական եւ սէուտական գործօն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հարց տուաւ դեսպան Մուսթաֆա Ատիպը վարչապետի թեկնածու առաջադրելու նախաձեռնութեան մասին` հաստատելով, որ անոր կը զօրակցէր Ֆրանսան, պարզ այն հեռանկարով, որ ան կրնայ «Թոթալ» ընկերութեան եւ Պէյրութի նաւահանգիստի նորոգութեան վերաբերող համաձայնագիրները ստորագրել:
Լիբանանի Վարչակարգի Բարեկարգում
Լիբանանի վարչակարգը բարեփոխելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա երրորդութեան շրջուած իմաստակութիւն է, որ դարձեալ պիտի ըլլայ քրիստոնեաներուն հաշուոյն:
Ան նշեց, որ վարչակարգի բարեկարգում կը նշանակէ Թաէֆի համաձայնագիրը վերատեսութեան ենթարկել: «Թաէֆի համաձայնագիրին հիմնական նպատակը պատերազմի կասեցումն էր. անիկա մշակուած է չգործադրուելու համար: Լաւ կը յիշեմ, երբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մելքոն Էպլիղաթեան եւ երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան վերադարձան Թաէֆէն, անոնց հարց տուի համաձայնագիրին մէջ նշուած քաղաքական համայնքային դրութիւնը ջնջելու մասին: Օրին Մ. Էպլիղաթեան ըսաւ. «Այդ մէկը կատարելու համար պէտք է կազմել խորհուրդ մը, որ 50 տարիէն հազիւ կը կազմուի: Խորհուրդը իր նիստը գումարելու համար կարիքը ունի տասնամեակի մը, իսկ աշխատանքի սկսելու համար` 20 տարուան»:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ դժբախտաբար Թաէֆը չէ նպաստած Լիբանանի վարչակարգի բարեկարգումին: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի վարչակարգի բարեկարգում մը, որուն լաւագոյն տարբերակը վարչական ապակեդրոնացումի ամբողջական դրութիւնն է, բացի ելեւմտական դրութեան ապակեդրոնացումէն: «Լուծումը կարելի է քայլ առ քայլ իրականացնել», հաստատեց ան:
Լիբանան Աղէտի Մէջ Է
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ երկիրը աղէտի մէջ է` հաստատելով, որ լիբանանցիները կա՛մ իրենց խղճին եւ քաղաքացիութեան կը վերադառնան, կա՛մ կը յանձնուին եւ անձնասպան կ՛ըլլան, եւ կա՛մ մինչեւ վերջ կը շարունակեն:
«Ես Լիբանան հայրենիքը չեմ լքեր եւ պիտի շարունակեմ: Մենք կը հաւատանք այս երկրին եւ պիտի մնանք հոս: Արտագաղթող լիբանանցին պէտք է յիշէ, թէ Լիբանան իր հայրենիքն է, եւ ան պիտի վերադառնայ Լիբանան անոր օժանդակելու, որովհետեւ իր բարեկամները, հարազատներն ու հաստատութիւնները կը գտնուին հոն», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: