ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի աւագանիի «Երկիր Ծիրանի» խմբակցութիւնը 16 Յուլիսին կայանալիք Երեւանի քաղաքապետի արտահերթ ընտրութիւններուն առաջադրած է քաղաքապետի իր թեկնածուն՝ Երեւանի աւագանիի «Երկիր Ծիրանի» խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանջեանը:
Երեւանի աւագանին օրէնքի ուժով հրաւիրուած արտահերթ նիստին քաղաքապետի ընտրութեան օր սահմանած է 16 Յուլիսը:
Նշենք, որ Երեւանի աւագանիի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խմբակցութիւնը չուզեր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրել: ՀՀԿն նաեւ տրամադիր չէ մասնակցելու աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն:
«Իմ տեղեկութիւններով՝ Հանրապետական խմբակցութիւնը չի ուզում քաղաքապետի թեկնածու առաջադրել»: Այս մասին «Թեր-թ»ի լրագրողին յայտնեց Երեւանի աւագանիի «Հանրապետական կուսակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Ենոք Ազարեան: