Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը.
«Արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած այլեւս, որ անցեալի փորձառութիւններէն դասեր քաղենք: Կռուըտուքէն ետք անոնք կը միանան երկխօսութեան սեղանին շուրջ: Ինչո՞ւ երկխօսութեամբ չենք սկսիր` խուսափելու համար կռուըտուքէն: Երկխօսութեան եւ կռուըտուքին միջեւ վստահաբար կ՛ընտրենք երկխօսութիւնը»: