ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 7 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանէն Հայաստան վերադարձուեցան Հայաստանի երկու քաղաքացիներ: Անոնց փոխարէն ատրպէյճանական կողմին փոխանցուեցաւ Արցախի մէջ բանտարկուած ատրպէյճանցի զինուոր Ճամիլ Պապաեւը, որ 25 Օգոստոսին ապօրինիաբար հատեց սահմանը եւ մտաւ Արցախի Մարտակերտի շրջանի տուներէն մէկը։
Գերիներուն Հայաստան վերադարձը իրականացաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ:
Վերադարձուած 2 քաղաքացիները 14 Յուլիսին Սեւ լիճի տարածքէն անհետացած Հայաստանի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած Հայաստանի բանակի N զօրամասի զինուորներ Արթուր Նալբանդեանը եւ Արամայիս Տոռոզեանն են: