ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ի սկզբանէ կը գործեն միջազգային կանոններու բացայայտ խախտումներով եւ պատասխանատուութիւն կը կրեն 16 Օգոստոսին Երասխի եւ Գեղարքունիքի մէջ Հայաստանի 2 զինուորներու սպանութեան եւ անոնց կեանքի իրաւունքը խախտելու համար: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան:
Պաշտպանը ընդգծեց, որ պէտք է նկատի առնել պարունակը եւ առնուազն այն փաստերը, ըստ որոնց Ատրպէյճանի զինուած ուժերը`
1. Ներխուժած են եւ անօրէն կերպով տեղակայուած Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ` Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի
2. 9 Նոյեմբեր 2020էն ետք ֆիզիքապէս ներկայ են այն տարածքներուն մէջ, որոնք օրինական փաստաթուղթերով սեփականութեան իրաւունքով կը պատկանին Հայաստանի բնակիչներուն կամ համայնքային սեփականութիւն են (տուներ, խոտհարքեր, վարելահողեր եւ արօտավայրեր)
3. Պարբերաբար կը կրակեն գիւղերուն ուղղութեամբ եւ իրական վտանգ կը ստեղծեն բնակիչներուն կեանքին եւ առողջութեան, վնաս կը պատճառեն մարդոց գոյքին եւ կենդանիներուն
4. Բնակիչներուն նկատմամբ յանցաւոր արարքներ կը գործեն` կենդանիներու գողութիւններ, մարդիկ ազատութենէ զրկելու անօրինական փորձեր, հրազէնով սպառնալիքներ բնակիչներուն նկատմամբ, խոչընդոտներ գիւղատնտեսական աշխատանքներուն եւ այլն
5. Գիւղերու անմիջական հարեւանութեամբ եւ համայնքներու միջեւ ճամբաներուն վրայ անոնց ներկայութեան պատճառով կը սահմանափակուի մարդոց ազատ տեղաշարժը:
6. Կը հրահրեն հրաձգութիւններ, որոնք կը դադրին միայն Հայաստանի զինուած ուժերու կանխարգելիչ միջոցներուն իբրեւ արդիւնք: Այսինքն, Հայաստանի զինուած ուժերը կը պաշտպանեն մեր բնակիչներուն իրաւունքները, կեանքն ու խաղաղութիւնը:
Այս բոլորին վրայ կը գումարուի այն, որ, ինչպէս պաշտօնապէս կը յայտարարեն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, անոնց զինուած յարձակումները, պատերազմի սպառնալիքները սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներուն վրայ միջազգային իրաւունքով արգիլուած ազդեցութիւն կը հանդիսանան:
Այս փաստերը եւ հիմնաւորումները Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը պիտի ուղարկէ միջազգային կառոյցներուն: