Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 8 Փետրուար

January 22, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Lebanon Extends All-day Lockdown Until Feb. 8

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով` Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ երկրին ամբողջական փակումին նկատմամբ ցուցաբերուած յանձնառութիւնը դրական էր եւ բարձր համեմատութիւն արձանագրեց, հակառակ կարգ մը խախտումներու, որոնք լուծման կարիք ունին:

«Ամէնօրեայ դրութեամբ արձանագրուած վարակուածներու եւ մահացածներու մեծ համեմատութիւնը մեզի կը մղէ երկարաձգելու երկրին ամբողջական փակումը եւ խստացնելու անոր գործադրութիւնը», ըսաւ նախագահ Աուն` բարձր գնահատելով բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն ջանքերը:

Իր կարգին, հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած խիստ որոշումներուն հետեւանքով աշխարհի մէջ Լիբանան երկրորդ երկիրն է, ուր «Քորոնա» համաճարակի տարածումը դիմակայելու խիստ միջոցառումներ որդեգրուած են:

Տիապ շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի հիւանդանոցներուն մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներու վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ յաւելեալ անկողիններ տեղադրելու նպատակով:

Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ խորհուրդը վաւերացուցած է երկիրը մինչեւ 8 փետրուար 2021 ամբողջութեամբ փակ պահելու որոշումը եւ ապահովութեան ուժերէն պահանջեց յաւելեալ խստութեամբ հսկել այդ որոշումին գործադրութեան:

Խորհուրդը անհրաժեշտ նկատած է նաեւ, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստները ապահովուին:

Նիստէն առաջ նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Հասսան Տիապի հետ:

Նիստը հազիւ սկսած նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ հաստատեց, որ Լիբանանի ամբողջական փակումը երկարաձգուած է մինչեւ երկուշաբթի, 8 փետրուար 2021:

Հասսան Տիապ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարելու պետական շտապի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարի պաշտօնակատարներ Զէյնա Աքըր, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ռաուլ Նաամէ, Մոհամետ Ֆահմի, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Համատ Հասան («Զում»-ի յաւելուածի միջոցով), հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ եւ Տիապի խորհրդատու Խտըր Թալեպ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան մինչեւ 25 յունուար 2021 երկիրը փակ պահելու որոշումը եւ լիբանանցիներուն կողմէ անոր յանձնառութիւնը, հիւանդանոցներուն կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ անկողինները աւելցնելու կարելիութիւնները:

Պետական շտապը սերտեց առողջապահութեան նախարարութեան եւ շտապի գումակային յանձնախումբի տեղեկագիրները, որոնք յանձնարարեցին երկու յաւելեալ շաբաթներու ընթացքին ամբողջութեամբ փակ պահել երկիրը:

Հետեւաբար շտապը որոշեց մինչեւ 8 փետրուար 2021 փակ պահել երկիրը, այնպէս ինչպէս է կացութիւնը ներկայիս:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 4594 նոր վարակուածներ եւ 67 մահացածներ:

Պէյրութի Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ գուժեց բժիշկ Ժոզեֆ Հաժի մահը: Ան ըսաւ, որ Հաժ մահացաւ «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու ընթացքին` աւելցնելով, որ ան 14-րդ բժիշկն է, որ կը մահանայ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով:

Ան յայտնեց, որ քաղաքապետարաններուն հետ մշակած են բժշկական ծրագիր մը, որուն հիման վրայ բժիշկներն ու հիւանդապահները իրենց բնակած շրջաններուն մէջ գետնի վրայ օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերեն` վարակուածները իրենց բնակարաններուն մէջ բուժելով ու խնամելով, եւ այդպիսով կարելի պիտի ըլլայ հիւանդանոցներուն վրայ բանեցուած ճնշումը 30-40 առ հարիւրով նուազեցնել:

Ան հաստատեց, որ այս ծրագիրը պիտի գործադրուի Լիբանանեան Կարմիր խաչին հետ գործակցութեամբ:

Իր կարգին, Լիբանանեան Կարմիր խաչի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քըթթանէ յայտնեց, որ 1 -19 յունուար Լիբանանի Կարմիր խաչը «Քորոնա» ժահրով 3220 վարակուածներ փոխադրած է հիւանդանոց` հաստատելով, որ ներկայիս ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որ հիւանդանոցներու բեռը թեթեւնայ` լիբանանեան պետութեան օժանդակութեամբ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի առողջապահական հարցերու խորհրդատու Ուալիտ Խուրի ողջունեց լիբանանցիներուն կողմէ երկրին ամբողջական փակումին նկատմամբ յանձնառութիւնը, որուն արդիւնքները կարելի պիտի ըլլայ աւելի ուշ շօշափել:

Ան հաստատեց, որ երկիրը երեք յաւելեալ շաբաթներու համար փակ պահելը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ «Քորոնա» ժահրի ախտաճանաչումը կատարող «Փի. Սի. Ար.-ի քննութիւններուն 20 առ հարիւրին արդիւնքը դրական է:

Պէյրութի պետական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր հիւանդանոցները իրենց ամբողջական կարողութիւններով կը գործեն` աւելցնելով, որ այս փուլին կարելի չէ երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումը մեղմացնել, այլապէս` Լիբանանի առողջապահական մարզը փուլ կրնայ գալ, իսկ «Քորոնա» ժահրով մահացողներուն թիւը աճ արձանագրել, «ինչ որ անընդունելի է», ըսաւ Ապիատ:

Առողջապահական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ երկրին առողջապահական կացութիւնը աղէտալի է` հաստատելով, որ ինք համաձայն է երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգելու որոշումին` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ ամբողջական փակման ժամանակաշրջանին բացառութիւնները:

«Պէտք է խստօրէն հսկել ամբողջական փակումին, յատկապէս Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ` նկատի ունենալով, որ անիկա զգայուն կէտ մը կը նկատուի», ըսաւ ան:

Արաժի հաւանական նկատեց, որ «Քորոնա» ժահրի բրիտանական տեսակը Լիբանանի մէջ «աշխուժօրէն» տարածուած ըլլայ` հիմնուելով համաճարակին ստացած արագ եւ լայն տարածումին վրայ:

Անդրադառնալով պատուաստումի հոլովոյթին` Արաժի հաստատեց, որ երկիրը համաճարակէն փրկելու համար պէտք է լիբանանցիներուն նուազագոյնը 70 առ հարիւրը պատուաստ ստանայ: Ան ընդգծեց, որ պատուաստումի աշխատանքը պէտք է կատարուի լիբանանեան պետութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ:

Արաժի ընդգծեց, որ պատուաստումի նպատակն է հաւաքական դիմադրողականութիւն ստանալ` աւելցնելով, որ պատուաստները միայն մէկ ընկերութենէ պիտի չապահովուին, այլ` տարբեր ընկերութիւններէ:

Ան շեշտեց նաեւ, որ կարելի պիտի ըլլայ 6 միլիոն պատուաստ ապահովել, որ պիտի ծառայէ 3 միլիոն լիբանանցիներու պատուաստումին:

Նշենք, որ Միջազգային դրամատունը Լիբանանին 34 միլիոն տոլարի վարկ մը յատկացուց, որպէսզի ան կարենայ պատուաստները ապահովել:

Previous Post

Իւրայատկութեան Եւ Գերազանցութեան Պատուոյ Գիր` «Վանայ Ձայն»-ին

Next Post

Երեւան, Մոսկուա Քննարկեցին Գերիներու Վերադարձին Վերաբերող Հարցեր

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.