Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները կը գտնուին սառած իրավիճակի մէջ: 1 սեպտեմբերին նախագահական ընտրարշաւը պաշտօնապէս կը սկսի, սակայն ցարդ թափուր աթոռի ենթադրեալ պատկերը կը մնայ տիրական:
Քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան թեկնածուներ` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ քաղաքական եւ ժողովրդային իմաստով արդէն իսկ ժողովրդականութիւն կորսնցուցած են` նկատի ունենալով, որ Հըզպալլա ձախողած է Պասիլը համոզել, որ Ֆրենժիէին զիջի:
Նոյն օրաթերթը նկատել կու տայ, որ քաղաքական տարբեր ուժեր կը փորձեն համախոհութիւն գոյացնել լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի անձին շուրջ, հակառակ այն իրողութեան, որ զօր. Աուն Հըզպալլայի համար դիմադրութեան ծրագիր կը նկատուի:
Միւս կողմէ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Խաուեժա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ յարաբերութեան չգոյութիւնը սառեցուցած է նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Խաուեժա ընդգծեց, որ պահանջուածը բարեկարգչական կառավարութիւն մըն է, որ երկիրը կարենայ իր լուրջ տագնապներէն փրկել: «Ներկայ իրավիճակը չի հանդուրժեր որոշումներու յետաձգումը, որովհետեւ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը սահմանադրական առումով իրաւասութիւններէ զուրկ է», շեշտեց ան: Նշենք, որ խորհրդարանը այսօր` երեքշաբթի, 26 յուլիս 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, պիտի գումարէ իր լիագումար նիստը, որուն ընթացքին պիտի ընտրուին եօթը երեսփոխաններ` Նախագահներու, երեսփոխաններու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդին անդամ դառնալու համար, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուին եւ վաւերացուին օրակարգի վրայ գտնուող կարգ մը օրինագիծեր:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ երէկ երեկոյեան լիբանանեան կարգ մը շրջաններու, ինչպէս Թրիփոլիի, Պատտաուիի, Սաատնայէլի, եւ այլ շրջաններու մէջ երկու ուղղութեամբ ճամբաներ եւ մայրուղիներ փակուեցան` բողոքելու համար երկրին տնտեսական ահաւոր պայմաններուն դէմ: