Երէկ` 28 հոկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ էին Լիբանանի կրթական, մշակութային, քաղաքական, միութենական, ընկերային եւ հոգեւոր դասին մաս կազմող հայորդիներ: Հանդիպումի ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին խօսեցաւ երկրի վերջին իրադարձութիւններուն մասին:
Ընդհանուր կացութեան պատկերի ներկայացումէն ետք, ներկաները ուղղեցին զիրենք յուզող հարցումներ, որոնց մանրամասն պատասխանեց երեսփոխան Բագրատունի: