ԹՈՒՐՔԻԱ – ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ
Ծանրակշիռ զրպարտութիւններ պոլսահայ համայնքը ներքաշելու համար երկրին ներքաղաքական հարցերուն մէջ
Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ, թէ «Կէրչէք Հայաթ» ամսագիրը 176 էջերէ բաղկացեալ յատուկ թիւ մը պատրաստած է Էրտողանի եւ իր շրջանակին երբեմնի լաւագոյն բարեկամ ու դաշնակից, մէկ օրէն միւսը երկրին թիւ 1 թշնամին յորջորջուած Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի ու անոր գլխաւորած «Ֆէթօ-ական ահաբեկչական խմբաւորման» մասին:
Ամսագիրը փաստաթուղթերով եւ լուսանկարներով ընթերցողներու դատին յանձնած է այն կազմակերպութիւններն ու հիմնադրամները, որոնք զօրակցած են Ֆէթօ-ական շարժումին, դրամական մեծ փոխանցումներ ալ կատարելով այս կառոյցին: Ուշագրաւ են մա՛նաւանդ այն էջերը, որոնց մէջ կը խօսուի Սի-Այ-Էյի, ՕԹԱՆ-ի եւ սիոնականներու կողմէ Ֆէթօ-ին կատարուած դրամական օժանդակութիւններուն մասին:
Ի՞նչն է որ այս թղթածրարին մէջ կը հետաքրքրէ պոլսահայութիւնն ու համայն Հայութիւնը:
Պնդումներ կան, որ Ֆէթօ-ի կառոյցը ջուր կրած է հայկական լոպիի ջաղացքին ու կ՚ըսուի, որ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն գաղտնօրէն կամ բացէ ի բաց, դաշինք կնքած է այն կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք Թուրքիոյ դէմ գործունէութիւն կը ծաւալէին արտասահմանի մէջ եւ որոնք չէին քաշուիր վնասաբեր քայլեր առնելու Թուրքիոյ դէմ:
Տարօրինակ ու անհիմն պնդումներով, այս թղթածրարին մէջ ներառուած է նաեւ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի կողմէ երջանկայիշատակ Շնորհք պատրիարքին ուղղեալ նամակ մը:
Կիւլէն Քըրքլարէլիի մէջ քարոզիչ էր 60-ական թուականներուն: Ան 1965 Մայիս 6-ին նամակ մը ուղարկած է եղեր Շնորհք պատրիարքին, ուր կրօններու միջեւ երկխօսութեան պատգամներ տալէ ետք՝ խօսքը կապած է եղեր 1915-ի դէպքերուն, զանոնք որակելով ցեղասպանութիւն ու հետեւեալը գրած է եղեր իր այդ նամակին մէջ.
«Մանկութեան տարիներուն, նաեւ գործի բերումով ծանօթ եղած եմ բազմաթիւ հայ ընտանիքներու եւ անձերու: Պիտի չդադրիմ դատապարտելէ 1915-ին Հայերու դէմ գործադրուած մեծ ցեղասպանութիւնը եւ անկէ նզովելէ: Յարգանքով կ՚ոգեկոչեմ բոլոր զոհերը, որոնք կոտորածի ենթարկուեցան, գիտեմ որ զոհեալներու միջեւ կային մեծանուն մտաւորականներ»։
Այս նամակին պատասխանելով՝ Շնորհք արք. Գալուստեան ալ իր շնորհակալութիւնը յայտնած է եղեր Կիւլէնին, նշելով որ երկիրը պէտք ունի նմանօրինակ քարոզիչներու: Պատրիարքը իր նամակը սկսած է եղեր «Մեծայարգ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն» խօսքերով եւ վերջացուցած՝ «Ձեզի համար աղօթող Շնորհք Գալուստեան» խօսքերով, դիտել տալով նաեւ հետեւեալը. «Կը հաւատանք, որ եղբայրական կապերը անխախտ պիտի մնան մեր սուրբ երկրին մէջ, ուր կան ձեզի նման արժէքաւոր եւ արդարամիտ քարոզիչներ»:
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԱԾ Է ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ
Վերոյիշեալ նիւթին առնչութեամբ Պատրիարքարանը հրապարակած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ուր ցաւ յայտնած է Շնորհք պատրիարքին ուղղեալ յերիւրածոյ այս զրպարտութիւններուն համար:
Պատրիարքարանի հաղորդագրութիւնը նաեւ նշած է, որ նոյն գրութեան մէջ թիրախ առնուած են յոյն եւ հրեայ համայնքներու կրօնապետերն ալ եւ անոնք եւս ծանրօրէն մեղադրուած են անջատողական քաղաքականութեան ամբաստանութեամբ:
«Մամլոյ ազատութեան հովանիին տակ գրի առնուած այս արտայայտութիւնները թէ՛ ցաւ կը պատճառեն մեզի, թէ՛ ճամբայ կրնան բանալ դէպի ահաւոր հետեւանքներ: Այս զրպարտութիւնները մտահոգիչ են Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան ու հայ համայնքին համար: Ցեղապաշտական դրսեւորումները, ինչպէս ամէնուրեք, այս երկրին մէջ ալ կը տեսնուին ու անկարելի է խուսափիլ անոնց հետեւանքներէն: Ատոր վերջին օրինակը պատահեցաւ այս շաբաթ, Պաքըրգիւղի մէջ, ուր փորձեցին վառելանիւթ թափելով հրդեհել եկեղեցին», ըսուած է մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ եւ շեշտուած է, որ հանրապետական շրջանի երջանկայիշատակ բոլոր պատրիարքները, նաեւ այժմու գահակալը, այս երկրի հաւատարիմ հայրենակիցներն են:
«Այսպիսի անհիմն ցեխարձակումներ անընդունելի են մեզի համար: Կը հաւատանք որ պատկան մարմիններ “կեցի՛ր” պիտի ըսեն այս անիրաւութեան: Լիայոյս ենք որ օրէնքները պիտի գործադրուին եւ կարգն ու անհրաժեշտը պիտի տնօրինուի հեղինակներուն դէմ», նշուած է հաղորդագրութեան վերջաւորութեան: ■