ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոխորհրդարանը 15 Մարտին վաւերացուց բանաձեւ մը, որուն մէջ լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ Թուրքիոյ կողմէ Աֆրինի դէմ կատարուող «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան կապակցութեամբ եւ կը պահանջուի, որ Թուրքիա անմիջապէս վերջ տայ անոր։
Եւրոխորհրդարանը շեշտեց, թէ այս գործողութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունանայ Սուրիոյ մէջ առկայ նուրբ հաւասարակշռութեան եւ տագնապին լուծում գտնելու ջանքերուն վրայ։
Կը նշուի, որ այս գործողութիւնը մտահոգիչ է նաեւ անոր համար, որ այսպիսով թրքական բանակը կրնայ դէմ գալ ռուսական կամ ամերիկեան բանակին։
Բանաձեւը մտահոգիչ կը համարէ յատկապէս քաղաքայիններու շարքերէն արձանագրուած զոհերուն պարագան՝ պահանջելով, որ Թուրքիա անյապաղ ետ քաշէ իր բանակը եւ միանայ Սուրիոյ ապագային համար տարուող շինիչ ջանքերուն։
Նախագահ Էրտողան, իր կարգին, շատ խիստ ոճով պատասխանեց այս բանաձեւին եւ ըսաւ. «Ի զուր տեղ մի՛ յուսադրուիք։ Մենք, մինչեւ մեր գործը չաւարտենք՝ Աֆրինէն ետ պիտի չքաշուինք։ Եւրոխորհրդարանին տուած նման որոշումները մեր մէկ ականջէն կը մտնեն, միւս ականջէն կ՛ելլեն»։