ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- Տեղական զբօսաշրջութեան եւ բացօթեայ ժամանցը զարգացնելու ու կեանքը աշխուժացնելու նպատակով, Եւրոմիութիւնը Հայաստանի 52 խոշորացուած համայքներու մէջ կ՛իրականացնէ նոր ծրագիր մը, որուն տեւողութիւնը 30 ամիս է: Ծրագիրին ընդհանուր պիւտճէն 1 միլիոն 120 հազար եուրօ է, որուն 89 տոկոսը՝ 1 միլիոն եուրօն ներդրած է Եւրոմիութիւնը: Այս ծրագիրով պիտի իրագործուին փոքր եւ միջին ձեռնարկներ, Տաւուշի, Լոռիի եւ Շիրակի մարզերուն մէջ պիտի իրականացուին երեք այլ մեծ ծրագիրներ, որոնց նպատակը գիւղական համայնքները զարգացնելն է:
Ուրբաթ, 25 Յունուարին, Գիւմրիի մէջ Հայաստանի մօտ Եւրոմիութեան դեսպան Փիոթր Սուիտալսքի ներկայացուց «Քաղաքացիների ձայնն ու գործունէութիւնը Հայաստանի խոշորացուած համայնքներու մէջ» խորագիրը կրող ծրագիրը՝ շեշտելով, որ Հայաստանի մարզերը զարգացման առումով անհամեմատելի են մայրաքաղաք Երեւանի հետ:
«Հայաստան երկիր մըն է, որ զարգացման մակարդակով ունի շատ խոր անդունդ, մասնաւորապէս ճոխ ու հարուստ Երեւանի եւ Հայաստանի մնացեալ տարածքներուն միջեւ: Եւ շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը գիտակցի, որ այսպիսի անջրպետ կը խոչընդոտէ զարգացումը. որպէսզի այս անդունդը կամրջուի, անհրաժեշտ են բազմաթիւ գործողութիւններ՝ կեդրոնական իշխանութիւններուն եւ կեդրոնական հաստատութիւններուն կողմէ: Մենք կը կարծենք, որ տեղական համայնքները աւելի շատ պատասխանատուութիւն եւ գործառոյթներ պիտի ունենան, նոյն ժամանակ աւելի շատ միջոցներ պէտք է ունենան իրենց առջեւ դրուած մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար», ըսաւ Սուիտալսքի:
«Մենք շատ կը փափաքինք, որ Հայաստանի մարզերը աւելի լաւ զարգանան, կ՛ուզենք դադրեցնել մարդոց արտահոսքը, կ՛ուզենք հակառակ ուղղութեամբ շրջել գիւղերու դատարկման գործընթացը, ճնշուածութեան տրամադրութիւնները: Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստան ունենայ աշխոյժ համայնքներ, ուր կան աշխատատեղեր, լաւ ենթակառուցուածք, ուր կան լաւ հեռանկարներ, մասնաւորապէս երիտասարդ սերունդին համար», ըսաւ Սուիտալսքին: