ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Ատրպէյճանին մինչեւ 4 Յունիս պայմանաժամ տուած է տեղեկութիւններ տրամադրելու 27 Մայիսին, Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին մէջ գերի առնուած վեց հայ զինուորներու կարգավիճակին մասին:
Նշենք, որ հայ զինուորներու հիմնարար իրաւունքներու ապահովման պահանջով, Հայաստան 27 Մայիսին դիմած էր Սթրազպուրկի դատարանին:
Յիշեցնենք, որ 6 հայ զինուորները ձերբակալուած էին Գեղարքունիքի մարզին մէջ ճարտարապետական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին։