Եւրոպական խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Պէյճինովիչ Պուրիչ իր խոր անհանգստութիւնը յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամէն: Ան հակամարտութեան կողմերէն պահանջեց անյապաղ դադրեցնել բախումները:
Պուրիչ իր զօրակցութիւնը յայտնեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն:
Ռազմական գետնի վրայ Արցախի պաշտպանութեան ուժերը այսօրուան ընթացքին վար առին թշնամիին չորրորդ ինքնաթիռը: