Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրեց Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը դատապարտող բանաձեւ մը

March 11, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
New resolution in European Parliament calls on Azerbaijan to protect Armenian cultural heritage in Nagorno Karabakh

Եւրոպական խորհրդարանը հրատապ ընթացակարգով եւ ճնշող մեծամասնութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերեալ բանաձեւ որդեգրեց:

Մանրամասն անդրադառնալով խնդիրի էութեան` Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին քննադատուեցաւ Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան դէմ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը: Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը նկատուի իբրեւ այդ երկրին մէջ պետական մակարդակով տարուող, համակարգուած հայատեաց քաղաքականութեան բաղկացուցիչ մաս: Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին մէջ առաջին անգամ կ՛օգտագործուի «արմենոֆոպիա» եզրը: Կը շեշտուի, որ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումէն բացի Ազրպէյճանի մէջ հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան դրսեւորումներէն են նաեւ պատմութեան սրբագրումը, հայերու նկատմամբ բռնութեան փառաբանումը, Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ տարածքային պահանջները, ինչ որ կը վտանգէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը եւ կը խաթարէ անվտանգութիւնը:

Եւրոպական խորհրդարանը կը քննադատէ Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական, ռազմատենչ քաղաքականութիւնը եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ հրաժարելու առաւելապաշտական նկրտումներէն: Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը տակաւին լուծուած չէ, եւ որ անիկա պէտք է յստակացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ:

Եւրոպական խորհրդարանը Ազրպէյճանէն կը պահանջէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին անյապաղ արտօնել իրականացնել իր առաքելութիւնը տեղւոյն վրայ` խորհրդակցելով նաեւ հայ մասնագէտներու հետ, եւ կ՛առաջարկէ օգտագործել Եւրոպական Միութեան արբանեակային կարելիութիւնները` փաստերը արձանագրելու համար: Կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան հետքերու վերացումը տեղի կ՛ունենայ ո՛չ միայն կոթողները ոչնչացնելով եւ անոնց վնասելով, այլ նաեւ պատմութիւնը կեղծելով եւ փորձելով զանոնք ներկայացնել իբրեւ այսպէս կոչուած Կովկասեան Ալպանիոյ ժառանգութիւն: Այս ծիրին մէջ կը նշուի Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ այս տարուան փետրուարին աշխատանքային խումբի ստեղծման մասին, որուն նպատակը պատմութեան սրբագրումն է:

Անդրադառնալով Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին` Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան շեշտեց. «Վերջին ամիսներուն եւրոպացի երեսփոխաններու հետ տարուող անդադրում եւ նպատակաուղղուած իրազեկման աշխատանքը թէ՛ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, թէ՛ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին կողմէ տուին իրենց արդիւնքը: Ատոր նպաստեց նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի այցելութիւնը Պրիւքսել, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ փետրուար ամսուան ընթացքին Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի վերակազմութիւնը, ինչպէս նաեւ յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեանի այցելութիւնը Պրիւքսել»:

«Փաստ է, որ Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով տարուող հայատեաց քաղաքականութիւնը: Ասիկա կարեւոր լծակ է Ազրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու եւ այդ երկրի բարբարոսական քաղաքականութեան վերաբերեալ բարձրաձայնելու համար», ամփոփեց Գասպար Կարապետեան:

Previous Post

Զելենսքի պատրաստ է Փութինի հետ ուղղակի երկխօսութեան. Փութին հետաքրքրուած է լուրջ բանակցութիւններու «կարելի եղածին չափ շուտ» կայացումով

Next Post

Արցախի մէջ բնակիչ մը վիրաւորուեցաւ ատրպէյճանցիներու կրակոցներէն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.