Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԱ՞Ծ Է ԻՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

August 29, 2011
in Յօդուածներ
0

Ընդունինք կամ ոչ, եւրոպական միացեալ դրամանիշը պահպանելու, ազգային սահմաններու միջեւ ազատ շարժումը, միջատլանտեան հաւաքական անվտանգութեան ծրագիրներու շարունակութիւնը կը գտնուի լուրջ սպառնալիքներու տակ:
Ինչո՞ւ այս անտարբերութիւնը եւրոպական ցամաքամասի ղեկավարութեան կողմէ, անոր սիւներուն աստիճանական քայքայումին նկատմամբ: Ցաւալի իրողութիւնը այն է, որ եւրոպական ցամաքամասի վրայ կը բացակային երէկի հեղինակաւոր ղեկավարները: Այսօր, եւրոպական ցամաքամասը զրկուած է լայնախոհ, հեռատես դասական ղեկավարներու բարերար ներկայութենէն: Այլ խօսքով, եւրոպական ցամաքամասը կը տառապի ղեկավարներու ծարաւէն£ Հրապարակի վրայ կը յիշատակուին Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ վարչապետները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահին անունը: Մնացեալները, որոնք յաճախ տեսութիւններու մասին կ’արտայայտուին, խորքին մէջ ենթականերուն տեսութիւնները չեն անցնիր իրենց ընտրական հաշիւներուն սահմանները:
Եւրոպական ցամաքամասի քայքայումը մտահոգիչ երեւոյթ մըն է յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն համար: Եւրոպական Դրամանիշին ”եուրօ” քայքայումը իր ծանր հակազդեցութիւնը պիտի ունենայ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ: Անոնց քայքայումը իր ժխտական անդրադարձը պիտի ունենայ նաեւ ՆԱԹՕ-ի ճակատագիրին վրայ: ՆԱԹՕ-ի քայքայումը, Միացեալ Նահանգները պիտի կքէ ապահովական աւելի մեծ յանձնառութիւններու տակ:
Եւրոպական ցամաքամասը ղեկավարները, չեն յաջողիր կրճատել իրենց յարաճող պարտքերը: Մեծամասնութիւնը կը խուսափի վճռական, յաճախ ալ ՙցաւալի՚ քայլամիջոցներու գործադրութենէն: Քիչեր պատրաստ են գործնական քայլերով կրճատելու իրենց պարտքերը, կրճատել պետական պիւտճէական բացերը, օգնութեան ձեռք մեկնել ցնցուող դրամատուներուն եւ վերականգնել պարտատէրերուն վստահութիւնը: Յունաստան, Իրլանտա, Փորթուգալ, Սպանիա հասած են տնտեսական քայքայումի սեմին: Եւրոպական ոչ մէկ պետութիւն կրնայ առանձինը փրկել անոնց ՙկորսնցուցած՚ դատը: Միայն հաւաքական եւ միասնական Եւրոպա մը ի վիճակի պիտի ըլլայ դարմանելու իր անդամներուն վէրքը: Ֆրանսա պատրաստակամութիւն կը յայտնէ երկարաձգելու Յունաստանի պարտամուրհակներուն պայմանաժամը: Գերմանիոյ դրամատուները կը տատամսին…: Սակայն, հետեւանքը պիտի ըլայ եւրոպական ցամաքամասին քայքայումը:
Հաւաքական որոշումի բացակայութիւնը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ, Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն վրայ, եւ սակայն տարօրինակ պատճառներով, ամենափոքր նկատուող օրակարգին շուրջ, իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական տեսակէտը…:
Օրինակի համար, ապօրէն միջոցներով ցամաքամաս թափանցող գաղթականներուն վերաբերեալ իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական մօտեցումը: Փաստօրէն քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային լուրջ ակօսներ կը բաժնեն եւրոպական ցամաքամասի ղեկավարները£ Նոյնիսկ Լիպիոյ դէմ հաւաքական ճակատ մը ստեղծելու ցանկութեան եւ քարոզչական գետնի վրայ միակամութիւն ցոյց տալու ճիգերուն, ՆԱԹՕ-ի անդամ բազմաթիւ երկիրներ տնտեսական պատճառներով, գործնապէս խուսափեցան հաւաքական յանձնառութիւններէն:
Եթէ Լիպիոյ նման համեմատաբար համեստ երկրի մը պարագային ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններ պիտի խուսափին իրենց յանձնառութիւններէն, այս կը նշանակէ թէ եւրոպական ցամաքամասի իւրաքանչիւր պետութեան պաշտպանութեան նախարար մտահոգուելու լուրջ պատճառներ ունի ցամաքամասի ապագայէն…: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ մնայուն դժգոհութիւն կը յայտնէ իր Եւրոպայի դաշնակիցներէն. մինչեւ ե՞րբ Ուաշինկթըն իր ուսերուն վրայ պիտի շալկէ ՆԱԹՕ-ի զինուորական ծախսերուն 75 առ հարիւր ծանրութիւնը:
Եւրոպական ցամաքամասի ղեկավարները պարտաւոր են անմիջական լուծումներ գտնելու իրենց տնտեսական ու ընկերային թղթածրարներուն, այլապէս իրենք եւ Միացեալ Նահանգները բաւական ծանր գին մը պիտի վճարեն իրենց անհեռատես քաղաքականութեան համար:
Յունաստանը, Իրլանտան, Փորթուգալը, Սպանիան եւ որիշներ քայքայումէ փրկելու ժամանակամիջոցը հասած է վճռական հանգրուանին: Եւրոպական ցամաքամասի ղեկավարները պարտաւոր են կայացնելու արմատական որոշումներ: Որքան շուտ, այնքան լաւ:
Խորհրդային Միութիւնը եւ Վարշաւեան Ուխտը աւարտեցին իրենց պատմական դերակատարութիւնը: Արդեօ՞ք կարգը հասած է Եւրոպական Միութեան ու Ատլանտեան Ուխտին հետեւելու անոնց օրինակին…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com

Previous Post

ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԸ

Next Post

ՀՐԱՇՔՆԵՐՈՒ ԵՐԿԻՐ ԼԻԲԱՆԱՆԸ…

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.