Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները երէկ Լիւքսամպուրկի մէջ իրենց գումարած նիստի ընթացքին հաստատած են Հայաստան դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու որոշումը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր այս ամսուան սկիզբը Փրակայի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարներու հանդիպման ժամանակ:
Եւրոպական Միութիւնը լիովին յանձնառու է նպաստելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան: Այս մասին նիստէն ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել` աւելցնելով. «Մենք 40 հոգիէ բաղկացած դիտորդական կարողութիւն կը տեղակայենք հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին` ամրապնդելու վստահութիւնը անկայուն կացութեան մէջ, ուր մարդոց կեանքերը վտանգի տակ են»:
Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն, փորձագէտները Հայաստան պիտի բերուին Վրաստանէն, ուր Եւրոպական Միութիւնը 200 հոգինոց քաղաքային առաքելութիւն տեղակայած է 2008 թուականէն` ռուս-վրացական կարճատեւ պատերազմէն ետք: Նախնական համաձայնութեամբ, առաքելութիւնը պէտք է իր աշխատանքին սկսի հոկտեմբերին եւ գործէ առաւելագոյնը երկու ամիս:
Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին վրայ Եւրոպական Միութեան քաղաքային դէտեր գործուղելու համաձայնութիւնը գոյացած է Փրակայի մէջ հանդիպումին ընթացքին, անցեալ շաբաթ Եւրոպական Միութեան դեսպանները հաւանութիւն տուին առաքելութեան, իսկ օրեր ետք ալ Հայաստան հասաւ Եւրոպական Միութեան դէտերու նախնական խումբը` թեքնիք գնահատման առաքելութիւնը: