Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող լարուածութեամբ: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ նոր միջադէպերով եւ կորուստներով: Կողմերուն համար կարեւոր է նուազեցնել լարուածութիւնը եւ օգտուիլ գոյութիւն ունեցող մեքանիզմներէն, մասնաւորաբար` պաշտպանութեան նախարարներու միջեւ 2021 թուականի նոյեմբերին Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ ստեղծուած թէժ գիծէն», ըսաւ Քլաար: